ՀԱՔԱՆ ՖԻՏԱՆԻ ՏՈՀԱ ԱՅՑԸ
Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այցելեց Տոհա, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Նախարար Ֆիտան օրուան ընթացքին ընդունուեցաւ՝ Քաթարի էմիր շէյխ Թամիմ պին Համէտ ալ Սանիի, վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մուհամմէտ պին Ապտուրրահման ալ Սանիի, փոխ-վարչապետ ու պաշտպանութեան գծով պետական նախարար շէյխ Սուուտ պին Ապտուրրահման պին Հասան ալ Սանիի, ինչպէս նաեւ «Համաս»ի քաղաքական գրասենեակի անդամ Խալիլ Հայյէի կողմէ։
Հաքան Ֆիտանի Տոհա այցելութիւնը տեղի ունեցաւ՝ Մերձաւոր Արեւելքի տեսակէտէ բաւական նուրբ ժսմանակաշրջանի մը մէջ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ դիւանագիտական ճանապարհով լուծման հասնելու յոյսերը հետզհետէ կը սպառին, պատերազմի վերսկսման մտահոգիչ հեռանկարը կը դառնայ հաւանական եւ այս մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցած է Հաքան Ֆիտանի այցելութիւնը։
Քաթարի վարչապետը նախարարին հետ սարքած համատեղ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ Իրանի վերաբերեալ խնդիրները պէտք է լուծուին դիւանագիտական ճանապարհով: Իր խօսքով՝ Քաթար կը շարունակէ խորհրդակցիլ Պարսից ծոցի երկիրներուն հետ՝ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութիւնը վերականգնելու համար: Ան աւելցուց, որ պէտք է շարունակուին դռնփակ բանակցութիւնները՝ Իրանի դէմ ԱՄՆ-Իսրայէլ պատերազմը աւարտին հասցնելու համար:
Քաթարի իշխանութիւնները կը քննադատեն նաեւ Լիբանանի եւ Կազզէի դէմ Իսրայէլի շարունակական յարձակումները: Տոհայի իշխանութիւնները համոզուած են, թէ Թուրքիան դարձած է յառաջատար գործընկեր մը այս կարեւոր տարածաշրջանային հարցերու պարագային:
Քաթարի վարչապետի խօսքով՝ թէ՛ Տոհա եւ թէ Անգարա կ՚աջակցին Փաքիստանի միջնորդական ջանքերուն՝ Իրանի դէմ ԱՄՆ-Իսրայէլ պատերազմը դադրեցնելու հարցին շուրջ:
Անդրադառնալով Հիւրմիւզի ջրանցքի խնդիրներուն՝ Քաթարի վարչապետը նշեց, որ ջրային ուղին օգագործուած է՝ որպէս զէնք այս պատերազմին մէջ, ինչ որ ծանր հետեւանքներ կ՚ունենայ Պարսից ծոցի երկիրներուն տեսակէտէ՝ մասնաւորապէս տնտեսական առումով:
«Իրան պէտք չէ օգտագործէ այս ջրանցքը՝ որպէս Պարսից ծոցի երկիրներու վրայ ճնշում գործադրելու կամ զանոնք սպառնալիքի ենթարկելու միջոց», նշեց Քաթարի վարչապետը: Հաքան Ֆիտանի մասնակցութեամբ Տոհայի մէջ տեղի ունեցան Թուրքիա-Քաթար Բարձրագոյն ռազմավարական կոմիտէի 12-րդ նիստի նախապատրաստական աշխատանքները: Բանակցութիւններուն ժամանակ արժեւորուեցան վերջին յարձակումներէն յետոյ Թուրքիա-Քաթար համերաշխութիւնը վերահաստատելու ուղղեալ նիւթեր:
Հարկ է նշել, որ Քաթարի վարչապետը վերջերս Ուաշինկթընի մէջ բանակցութիւններ վարած էր ԱՄՆ-ի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ՝ ներառեալ փոխ-նախագահ Ճոն Տէյվիտ Վենսը՝ քննարկելով պատերազմի հետեւանքները Պարսից ծոցի եւ ընդհանրապէս Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: