ՄԵԾ ՎԱՐՊԵՏԻՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ԱՂՄՈՒԿԸ ԼՌԵՑՆՈՂ ԱՐՈՒԵՍՏԸ (Վահան Արծրունիի ծննդեան 60-ամեակին նուիրուած համերգ)

Պահեր կան, առիթներ կան, ձեռնարկներ կան, մանաւանդ՝ անհատներ կան, որոնք իրենց տաղանդով, պարզութեամբ, խոնարհութեամբ, բայց միաժամանակ նաեւ իրենց ճշմարիտ մեծութեամբ, մարդը կը կտրեն իր առօրեայի անվերջ վազքէն, մտահոգութիւններէն, դժուարութիւններէն ու ներքին նեղութիւններէն։ Կը կտրեն՝ զինք փոխադրելով ուրիշ աշխարհ մը, ուրիշ տարածութիւն մը, ուր հոգին կը սկսի շնչել այլ մթնոլորտի մը մէջ։ Այդպիսի պահերուն մարդ կարծէք նախաճաշակ մը կ՚ունենայ հանդերձեալ կեանքի երանական վիճակէն։ Զգացումները, որոնք առաջին պահուն թերես զգացական կամ պարզ ապրումներ թուին, կամաց-կամաց կը բարձրանան զգայարաններու սահմաններէն անդին եւ կը ճախրեն դէպի վերացականը, դէպի հոգեւորը, դէպի այն լռակեաց խորութիւնը, ուր մարդը ինքզինք աւելի մաքուր ու աւելի ճշմարիտ կը զգայ։

Քիչ առաջ այդ առիթներէն մէկուն ներկայ գտնուեցայ՝ երաժիշտ Վահան Արծրունիի ծննդեան 60-ամեակին նուիրուած համերգային երեկոյին։ Համերգը պարզապէս յոբելենական ձեռնարկ մը չէր, ո՛չ ալ միայն երաժշտական ներկայացում մը, այլ՝ հոգեւոր փորձառութիւն մըն էր, ներքին արթնութեան պահ մը, որ մարդուն կը յիշեցնէ, թէ ինք լոկ մարմինէ ու նիւթական պահանջներէ բաղկացած արարած մը չէ, այլ առաջին հերթին՝ հոգեւոր գոյութիւն մըն է։

Արդարեւ, մարդ արարածը ֆիզիքական գոյութիւն մը ըլլալէ շատ աւելին է։ Մարմինը տեսանելի է, շօշափելի, ժամանակաւոր, մինչ հոգին անտեսանելի, բայց իրական ներկայութիւն մըն է, որ իմաստ ու ուղղութիւն կու տայ մարդկային կեանքին։ Նախքան մարմինի ամբողջական կազմաւորումը՝ հոգին է, որ կը նախորդէ որպէս աստուածատուր շունչ եւ պատճառ կը հանդիսանայ մարմինի գոյութեան ու աստիճանաւոր կազմաւորման։ Այդ պատճառով ալ մարդ չի՛ կրնար միայն մարմինին հոգ տանիլ եւ մոռնալ իր ներաշխարհը։ Ան կոչուած է խնամելու իր հոգին, զայն ազնուացնելու, մաքրելու, գեղեցկացնելու եւ կատարելութեան առաջնորդելու, որպէսզի օր մը կարենայ դէմ յանդիման կանգնիլ զինք արարող ու գոյութեան կոչող Արարիչ Աստուծոյ։

Այս իմաստով, Վահան Արծրունիի 60-ամեակին նուիրուած համերգը պարզ արուեստագիտական իրադարձութիւն մը ըլլալէ անդին ու աւելին, մարդուն մէջ այդ գիտակցութիւնը արթնցնող խթաններէն մին էր, որով մարդ մուտք կը գործէ իր ներաշխարհէն ներս՝ կտրուելով առօրեայ աղմուկէն եւ առիթ կ՚ունենայ ինքն իր հետ ըլլալու:

Արուեստը, արդարեւ, երբեմն կը զուարճացնէ, երբեմն՝ կը հիացնէ, երբեմն՝ ժամանակաւոր հաճոյք եւ ներքին բաւարարութիւն կը պատճառէ, բայց շատ հազուադէպ պարագաներու ան կը սրբագործէ մարդուն ներաշխարհը։ Այս համերգը այդ հազուագիւտ փորձառութիւններէն մէկն էր։ Երաժշտութեան հնչիւնները կարծէք չէին ուղղուեր միայն ականջին, այլ՝ ուղիղ կերպով կը թակէին հոգիին դռները (յատկապէս «Ես եմ»ը, հեղինակ՝ Կոմիտաս վարդապետ, երաժիշտ. Վահան Արծրունի, կատարումը համերգի ժամանակ Վահան Արծրունի եւ Աննա Մայիլեան)։ Ամէն մեղեդի իր մէջ կը կրէր ներքին խոստովանութեան հրաւէր մը, ինքնաքննութեան կանչ մը, լուռ աղօթքի նմանող հոգեկան շարժում մը։

Վահան Արծրունիի արուեստին մէջ կայ հազուագիւտ յատկութիւն մը. ան չի փորձեր աղմուկով գերել ունկնդիրը, այլ՝ ներքին լռութեան միջոցով։ Ճիշդ է, որ Արծրունիի երաժշտութիւնը նաեւ նորարարական է (progressive music), սակայն, անոր հմտութիւնը եւ վարպետութիւնը իր մշակումներուն եւ յառաջ բերած երաժշտութեան մարդս կը մղէ պահ մը դադրիլ լսել արտաքին աշխարհի ժխորը, հեռանալ առօրեայի մեքենայական ընթացքէն եւ մուտք գործել իր սեփական ներաշխարհը՝ փորձելով բարձրանալ դէպի վեր…։ Իսկ այդ ներաշխարհին եւ դէպի վեր բարձրանալու փորձին մէջ մարդ յաճախ կը հանդիպի զինք յուզող ամենէն անկեղծ հարցումներուն. ո՞վ եմ ես, ո՞ւր կը գտնուիմ, դէպի ո՞ւր կ՚երթամ, ի՞նչ իմաստ ունի կեանքս եւ վերջապէս՝ որո՞ւ մօտ կ՚երթամ։

Այս հարցումները մարդկային կեանքի ամենէն խոր եւ ամենէն անհրաժեշտ հարցումներն են, սակայն, ժամանակակից մարդը շատ յաճախ կը փախչի այս հարցումներէն։ Առօրեան, շտապողականութիւնը, նիւթական հոգերը եւ արտաքին աշխարհի աղմուկը մարդուն չեն արտօներ լսել իր հոգիին ձայնը։ Այդ պատճառով ալ, երբ արուեստագէտ մը կ՚ունենայ այն կարողութիւնն ու հմտութիւնը՝ որով կը կարենայ մարդը վերադարձնել իր ներաշխարհին, ապա այդ արուեստը արդէն կը դադրի սովորական արուեստ մը ըլլալէ եւ կը վերածուի հոգեւոր առաքելութեան։

Թերեւս ասիկա է պատճառը, որ նման երեկոներուն մարդ դահլիճէն դուրս կու գայ ո՛չ միայն գեղարուեստական հաճոյք ստացած, այլ՝ ներքուստ փոխուած, մեղմացած եւ մաքրուած՝ բիւրեղացած։ Կը զգայ, թէ իր մէջ բան մը արթնցած է. բան մը՝ որ առօրեայի ընթացքին թմրած էր։ Կը զգայ, թէ տակաւին կարելի է գեղեցկութեան միջոցով մօտենալ ճշմարտութեան, իսկ ճշմարտութեան միջոցով՝ Աստուծոյ։

Այսօր, երբ աշխարհը աւելի քան երբեք կը տառապի ներքին դատարկութենէ, հոգեւոր սովէ եւ մարդուն ինքնութեան կորուստէն, Վահան Արծրունի եւ իր նման արուեստագէտներու ներկայութիւնը իսկական օրհնութիւն մըն է։ Անոնք մեզի կը յիշեցնեն, թէ մարդը մեքենայ չէ, ո՛չ ալ պարզ սպառող գոյութիւն մը։ Մարդը հոգի ունի եւ այդ հոգին գեղեցկութեան, լոյսի, ճշմարտութեան ու Աստուծոյ ծարաւը ունի։ Իսկ ճշմարիտ արուեստը, երբ ծնած է մաքուր հոգիէ եւ անկեղծ ներաշխարհէ, կրնայ այդ ծարաւին դարման դառնալ։

Այս բոլորէն մեկնելով, Վահան Արծրունիի 60-ամեակին նուիրուած համերգային ծրագիրը լոկ համերգ մը չէր, այլ՝ ներքին ճամբորդութիւն մը, հոգեւոր վերելքի պահ մը եւ լուռ յիշեցում, թէ մարդը որքան ալ կապուած ըլլայ այս աշխարհին, իր հոգին միշտ դէպի վեր կը նայի։ Պէտք է նշել նաեւ, որ եթէ Վահան Արծրունին այս բոլորին կրողը չըլլայ, չի՛ կրնար այսքան ներուժ փոխանցել իր հանդիսատեսին: Ան իր արուեստով ու մարդկային պարզութեամբ կը վկայէ, թէ ինք կրողն է բոլոր այս արժէքներուն, ինք փորձած է իր արուեստով գտնել մարդս յուզող հարցումներուն պատասխանները: 

Օրեր առաջ (հինգշաբթի, 7 մայիս 2026) թերթիս մէջ ստորագրած էինք՝ «Մեր օրերու խոնարհ հերոսը» յօդուածը, որ նուիրուած էր Վահան Արծրունիին: Այդ գրութիւնն ու վերոգրեալ տողերը կարդալէն ետք ընթերցողը պիտի գիտակցի, թէ ի՛նչ մեծ վարպետի մը, թէ ի՛նչ խորք ունեցող արուեստագէտի մը եւ ի՛նչ ՄԵԾ ՄԱՐԴու մը ժամանակակիցն է ինք: 

Վահան Արծրունիի ստեղծագործ հոգին տակաւին երկար տարիներ թող շարունակէ ծնունդ տալ այնպիսի արուեստի, որ ո՛չ միայն ունկնդիրին ականջին հաճելի թուի, այլ՝ հոգիին հպի։ Թող անոր երաժշտութիւնը մնայ ներքին լոյսի աղբիւր՝ յոգնած ու աղմկալի այս ժամանակներուն մէջ մարդը դէպի գեղեցկութիւն, ազնուութիւն եւ հոգեւոր խորութիւն առաջնորդող։ Եւ թող Ամենաբարին Աստուած անոր շնորհէ առողջութիւն, կորով ու անսպառ ներշնչում, որպէսզի շարունակէ իր ներկայութեամբ ու արուեստով լուսաւորել մեր մշակութային երկնակամարը եւ նոր սերունդներու հոգիներուն մէջ արթնցնէ ճշմարիտ արուեստին հանդէպ սէրն ու հոգեւոր զգօնութիւնը։

Յ.Գ. Երբ տուն կը վերադառնայի գաղափարս այն էր, որ համերգին նկարագրութիւնը ընէի, բայց Վահան Արծրունիի փոխանցած ներուժը, ապրումներն ու յոյզերը ամբողջութեամբ ուրիշ աշխարհ տարին զիս… Առ այդ, որպէսզի համերգին մասնակից արուեստագէտներուն հանդէպ մեղապարտ չգտնուիմ, այստեղ կը նշեմ այն բոլոր արժանաւոր ու տաղանդաւոր արուեստագէտները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին Վահան Արծրունիի 60-ամեակին նուիրուած համերգային ծրագիրին:

Աննա Մայիլեան, Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ, Նելլի Քալաշեան, Ժաննա Դաւթեան եւ Անայիս Արծրունի (Վահան Արծրունիի դուստրը, առաջին բեմ բարձրանալը… այնքա՜ն քաղցր կատարումով)՝ մեներգ: Դաւիթ Մելքոնեան՝ սաքսոֆոն: Նորայր Քարտաշեան՝ փողային գործիքներ: Գրիգոր Քարտաշեան՝ զուռնա: Գրիգոր Դաւթեան՝ դհոլ: Նելլի Մանուկեան՝ ֆլէյտա: Մատաթ Աւանէսով՝ ստեղնաշարային գործիքներ: Վահագն Ամիրխանեան՝ սոլօ կիթառ: Արթուր Մոլիտվին՝ պաս կիթառ: Լեւոն Հախվերտեան՝ հարուածային գործիքներ: Համերգին նաեւ իր մասնակցութիւնը բերաւ «Ալեքսանդր Սպենդիարեան» օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի սիմֆոնիկ նուագախումբը՝ ղեկավարութեամբ Յարութիւն Արզումանեանի:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

11-12 մայիս 2026, Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2026