ՀԱՔԱՆ ՖԻՏԱՆ. «ԱՄՆ-ԻՐԱՆ ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄԸ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ Է»
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ առաջնահերթութիւնն է Իրանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ հրադադարի պահպանումը։
Երէկ, Թուրքիա-Գերմանիա Ռազմավարական երկխօսութեան դրութեան երրորդ ժողովին մասնակցելու համար Հաքան Ֆիտան այցելեց Գերմանիա, ուր հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցի եւ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեփուլի հետ։ Ֆիտան այս առթիւ շեշտեց, որ Թուրքիա դուրս կը թողուի Եւրոմիութեան անվտանգային ու պաշտպանական հասանելիութենէն, ինչ որ խոտոր կը համեմատի Եւրոպայի կողմէ ի յայտ բերուած անվտանգութեան նպատակներուն հետ։
Իրան-ԱՄՆ պատերազմը կը շարունակէ միջազգային բեմահարթակի վրայ բնորոշել օրակարգը։ Ուաշինկթըն եւ Թեհրան փոխադարձ նախաձեռնութիւններով կը ջանան յառաջ տանիլ իրենց գիծը։ Երէկ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրոյի եւ Քաթարի վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մուհամմէտ պին Ապտուրրահման ալ Սանիի հետ։ Կարծիքներ փոխանակուեցան տարածաշրջանային վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։
Իր կարգին, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ալ յայտնեց, որ Իրանի խաղաղ նպատակներով ուրանիում հարստացնելու իրաւունքը անառարկելի է։ Մոսկուայէն այս յայտարարութիւնը հնչեց՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի դէպի Փեքին այսօրուան ուղեւորութեան՝ Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկի հրաւէրով։ Կը նախատեսուի, որ բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ գան ինչպէս Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարութեան, այնպէս ալ ԱՄՆ-Իրան պատերազմին վերաբերեալ հարցեր։
Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հերթական անգամ լաւատեսութիւն յայտնեց Իրանի հետ համաձայնութեան հասնելու հաւանականութեան շուրջ։