ՉԱՓԱԶԱՆՑ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Յայտնի առածը կ՚ըսէ, թէ լճացած ջուրը կ՚ապականի, կը վատանայ։ Ասիկա կը պատահի նաեւ երբ սիրոյ այն կեանքը՝ մանաւանդ ամուսնութեան ընթացքին, կը լճանայ, կ՚անշարժանայ եւ կը դադրի զինք յառաջ բերող եւ մղող շարժունութիւնը ունենալէ։ Եւ ասիկա կարելի է նկատել ամէն ընկերային յարաբերութիւններու մէջ՝ ուր սէրը հիմնական զգացումը եղած կը թուի։

Մարդկային յարաբերութիւններու «ճանապարհ»ը կ՚ենթադրէ անցնիլ զանազան հանգրուաններէ, որոնք մարդս կը հրաւիրեն ինքզինք առատօրէն նուիրելու. հանգրուաններ՝ որոնք զգալի հրապոյրով բնորոշուած սկիզբի ձգողականութենէն կ՚անցնին «միւս»ին կարիքին, զգացուած՝ որպէս իր կեանքին մէկ մասնիկը։

«Միւս»ին երջանկութիւնը իր անձնական կարիքներէն վեր գերադասել՝ առաքինութիւն մըն է, որ ցաւալի է տեսնել, որ կը բացակայի շատերէ։ Արդարեւ, սիրոյ հասունութիւնը եւ այս զգացումին հետզհետէ հասունացումը կը նշանակէ նաեւ «սակարկել» սորվիլ։ Ասիկա ո՛չ թէ շահագրգռուած կեցուածք մը կամ վաճառական շահի, շահասիրութեան տեսակ մըն է, այլ փոխադարձ սիրոյ, ի վերջոյ կիրարկումը, քանի որ այս սակարկութիւնը կը հանդիսանայ փոխադարձ նուիրումներու եւ հրաժարումներու խառնուրդ մը՝ ի սպաս ընկերութեան բարիքին։

Ընկերային կեանքի իւրաքանչիւր հանգրուանին, հարկ է համաձայնութիւնները քննարկել, ա՛յն ձեւով՝ որ ո՛չ ոք շահող եւ ո՛չ ալ կորսնցնող ըլլայ, այլ բոլորն ալ շահի՛ն։

Ընկերութեան մը մէջ կը պատահին երբեմն խզումներ, թիւրիմացութիւններ՝ սիրոյ լճանալուն եւ կամ փոխադարձ շահերու խաչաձեւումներու պատճառաւ։ Բայց կա՛յ նաեւ ընդհանրապէս անտեսուած պատճառ մը, որ ընդհանրապէս անգիտակցաբար կը գործուի։ Ան՝ ընկերային յարաբերութիւններու մէջ եւ այդ յարաբերութիւններէն չափազանց երկար եւ ընդարձակ անկնալութիւններ ունենալն է։ Երբ կ՚անդրադարձուի, թէ իրականութիւնը երազուածէն աւելի սահմանափակ եւ աւելի դժուար է, ասոր լուծումը ո՛չ թէ արագօրէն եւ անպատասխանատու կերպով ընկերային յարաբերութեան խզումը եւ բաժանումն է, ինչ որ կը պատահի յաճախ, այլ ընկերային յարաբերութիւնը ընդունիլն է, որպէս «հասունացումի ընթացք», ուր ընկերներէն իւրաքանչիւրը մին միւսը մեծարելու եւ յարգելու մէջ Աստուծոյ գործիքն է։ Կարելի է սրբագրել իւրաքանչիւրին ունեցած սխալները եւ անոնց ունեցած կարողութիւնները փոփոխել, աճեցնել եւ զարգացնել…

Ուստի, ամէն ընկերային յարաբերութիւն «փրկութեան պատմութիւն» մըն է եւ ասիկա կ՚ենթադրէ, թէ ծագումէ մը կը մեկնինք, որ շնորհիւ Աստուծոյ պարգեւին եւ ստեղծագործ եւ առատաձեռն պատասխանի մը, հետզհետէ միշտ աւելի՛ ամուր եւ աւելի գեղեցիկ իրականութեան մը տեղ կու տայ։

«Ուրիշ»ը մեծցնելը՝ կը կայանայ զայն իր ինքնութեան մէջ աճեցնելով։ Ահա՛, թէ ինչու սէրը շինարար է։ Որովհետեւ նոյնիսկ դժուար պահերուն մէջ, միւսը տակաւին անակնկալ կը պատճառէ եւ զիրար գտնելու «նոր դռներ» կը բացուին, իբր թէ ասիկա առաջի՛ն անգամ ըլլար, ապա իւրաքանչիւր նոր հանգրուանին, անոնք զիրար կրկին կը կերպաւորեն։ Սէրը միւսին սպասել կու տայ եւ կը գործադրէ ա՛յն համբերութիւնը՝ որ Աստուծմէ ժառանգած շինարարին յատուկ է։ Ան կը կազմաւորէ «խիղճ»ը՝ որ մարդուս ամենաթաքուն կեդրոնը եւ անոր սրբարա՛նն է, ուր ան Աստուծոյ հետ առանձին է եւ ուր՝ Անոր ձայնը կը լսուի… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 20, 2026, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2026