ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՄԵՐԳ
Երէկ երեկոյեան, Պաքըրգիւղի ընտանիքը բացառիկ ոգեւորութիւն ապրեցաւ՝ թաղի Քառասուն Մանկանց դպրաց դաս-երգչախումբի հիմնադրութեան 136-րդ տարեդարձին առթիւ: Այսպէս, երգչախումբի մանկապատանեկան կազմը փայլուն հանդէսով մը հանդէս եկաւ՝ խմբավար Սէրճան Կազէրօղլուի մականին ներքեւ: Երեկոյթը, որու հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, տեղի ունեցաւ Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ: Իսկապէս շատ լաւ կազմակերպուած երեկոյթ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ աննախընթաց ոգեւորութիւն: Այդ խանդավառութենէն անմասն չէին՝ Տ. Արամ արք. Աթէշեան, Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, Տ. Արմաշ քահանայ Պաղտասարեան, Տ. Թէոդիկ քահանայ Չեթինքայա, Տ. Շահէն քահանայ Օհանեան եւ Մայր Գայիանէ Տուլքատիրեան:
Երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Նորա Իփեքճիի: Բացման փուլին ասմունքով մը հանդէս եկաւ Սիլվա Կոմիկեան, որ արժանացաւ բուռն ծափահարութիւններու: Յայտագրի տեւողութեան երգչախումբը իսկապէս ողջունելի յաջողութիւն մը արձանագրեց՝ Սէրճան Կազէրօղլուի գլխաւորութեամբ: Երգչախումբին առընթեր նուագախումբ մը եւ «Տատեան» պարախումբն ալ մաս կազմեցին յայտագրին: Պարախումբը կը գլխաւորէր պարուսոյց Նարօտ Կիւլէչ:
Երգչախումբի տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած այս երեկոյթը եկաւ ապացուցանել, որ մեր հայահոծ թաղերէն Պաքըրգիւղի մէջ ընկերամշակութային կեանքի կենսունակութեան ուղղութեամբ կ՚առնուին կարեւոր քայլեր, որոնք Սէրճան Կազէրօղլուի նման արժէքաւոր դէմքերու մականին ներքեւ արդէն նոր հեռանկարներ կը խոստանան: Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներն ալ ներկայ գտնուեցան համերգին եւ անոնց տեսակէտէ ալ այս պատկերը իսկապէս ողջունելի էր:
Երեկոյթը աւարտին հասաւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր հուսկ բանքով: