ԷՍԱԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՃԵԼԻ ՊՏՈՅՏԸ ԴԷՊԻ ԵՓԵՍՈՍ

Էսաեան վարժարանի ութերորդ դասարանի սաները վերջերս շրջապտոյտ մը կատարեցին՝ դէպի Եգէականի շրջանը։ Լիսէներու մտից քննութեան ընդառաջ, տղաքը միասին հաճելի ժամանցի հնարաւորութիւն մը ունեցան՝ գլխաւորութեամբ տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէի եւ փոխ-տնօրէնուհի Ատրինէ Շէնգույումճեանի։

Խումբը ճամբորդեց յատուկ փոխադրամիջոցով, ուղեւորութեան ծրագիրը ընդգրկեց նաեւ Շիրինճէ գիւղն ու Եփեսոսը։ Պատմական, մշակութային հարստութիւնները ճանչնալու առընթեր, տղաքը հնարաւորութիւն ունեցան նաեւ բնութիւնը վայելելու։

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2026