ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ երաժշտական փառատօն մը։ Վերջին տարիներուն արդէն աւանդութիւն դարձած է կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին նման փառատօներու կազմակերպումը։ Այս տարուան ծրագիրը ձօնուած էր՝ հայ երաժշտութեան հսկաներէն Առնօ Բաբաջանեանի յիշատակին։

Փառատօնի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Ռոպին Թաշճըի եւ Լենա Կիւրիւնլիի։ Փառատօնի նախապատրաստական աշխատանքները եւ ծրագրի պատրաստութիւնը վերահսկուած էր երաժշտութեան ուսուցիչ Հրանդ Չիզմէճեանի կողմէ, որու մականին ներքեւ ամէն ինչ ընթացաւ յաջողութեամբ եւ այս փառատօնը արձանագրեց ծափահարելի արդիւնք մը։ Դպրոցի զանազան դասարաններէն աշակերտներ՝ խմբային կամ մենակատարի ձեւաչափով, Առնօ Բաբաջանեանի գործերը կատարեցին՝ արժանանալով բոլորի գնահատանքին։

Եզրափակիչ փուլին ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Հրանդ Չիզմէճեան եւ վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու։

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2026