«ԽՈՀՔ ԵՒ ԽՕՍՔ» - Բ -
Կը շարունակենք ներկայացնել «Խոհք եւ խօսք»էն հատուածներ՝ Մաղաքիա արք. Օրմանեանի գրիչով։
*
Դիտել տուած էի եւս, որ եկեղեցականութիւնը օրինական պարտք մը չէ, այլ կամաւոր յանձնառութիւն է, եւ կամովին յանձնառու եղող անձը պէտք չէ դժուարի յանձնառութեան պայմաններուն ալ ենթարկուելու։
Նկատողութեան արժանի կէտ ըրած էի եւս քննել թէ քանիներ պիտի ըլլան այդ արտօնութենէ օգտուողները։ Եկեղեցական կանոնը մերձաւորաբար երեսնամեաները կ՚ընդունի քահանայական ձեռնադրութեան, իսկ քառասունէն ետքը կրկնամուսնութեան դիմող աշխարհականներն անգամ իբր անժոյժ կը նկատուին եւ համակիր աչքով չեն նայուիր։ Ուստի բոլոր խնդիրը կ՚ամփոփուէր երեսունէ քառասուն տրիքին միջոցները այրիացողներուն, որոնք բազմաթիւ չէին կրնար ըլլալ. եւ եկեղեցւոյ սկիզբէն եւ ամէն եկեղեցիներէ յարգուած ու պահուած կանոն մը սակաւաթիւ անձերու դիւրութեան համար եղծանել ո՛չ պատշաճ էր եւ ո՛չ իրաւացի։ Թող որ ասանկներու համար եկեղեցականութենէ հրաժարելով պատուաւոր ամուսնութիւն կնքելը օրինապէս թոյլատրեալ եւ բաւարար դարման է։
Իսկ անոնց որ կ՚առարկեն թէ պսակն ալ սուրբ խորհուրդ է քահանայութեան հաւասար, եւ բնաւ անտեղի պէտք չէ համարուի քահանայութենէ ետքը պսակի խորհուրդը ընդունիլ, ինչպէս պսակէ ետքը քահանայութիւնը կ՚ընդունուի, պատասխանած էի՝ թէ եկեղեցւոյ ընդհանուր ըմբռնումին մէջ երկրորդ պսակը միշտ նուազ համակիր աչքով նկատուած է, երկրորդ պսակի արարողութիւնն ալ տարբեր եւ անշուք է, եւ եկեղեցական կանոնը այրիներու գլուխը պսակ դնել կ՚արգիլէ, եւ ուռենւոյ ոստով փոխանակել կը հրամայէ։ Հետեւապէս խորհուրդներու հաւասարութեան տեսակէտէն անկախաբար, բնաւ դժուարութեան տեղի չի տար ձեռնադրութենէն ետքը պսակադրութեան անցնողներուն համար օրինադրուած եկեղեցականութենէ հրաժարելու պայմանը։ Միւս կողմէն խնդիրի նիւթ կրնայ ըլլալ խորհուրդներուն համահաւասար ըլլալը, զի իւրաքանչիւր խորհուրդին նշանակութիւնն եւ յարգանքը աներկբայաբար իրարմէ կը տարբերին։
Նոյն պաշտօնագրին մէջ մտադրութիւն հրաւիրած էի սա կէտին վրայ ալ, թէ կրկնամուսնութեան հետ անբաժան պիտի ըլլար սիրահարութեան պայմանը, հաճելի եւ յարմար զուգակից մը ընտրելու իրաւունքը, ինչ որ բնաւ չէր յարմարեր խոստովանութեան գաղտնիքներուն եւ խիղճի ծածուկներուն հետ ընտանութիւն ունեցող անձերու, եւ կրնար շատ ու շատ կասկածներու եւ զրոյցներու, անտեղութեանց եւ ապօրինութեանց դուռ բանալ, եւ կարի իմաստութեամբ հաստատուած էր այս ամէն անյարմարութեանց հանդէպ դուռերը փակ պահել։ Ոմանք իբրեւ այդ դժուարութեան լուծում ելան առաջարկել, որ այրի քահանաներ այրի երէցկիներու հետ ամուսնանալու արտօնուին, սակայն այդ պարագային մէջ ալ ամուսնութեան իսկութիւնը կը խանգարուէր որ ազատ ընտրութեան վրայ հաստատուած է, եւ պարտաւորեալ ամուսնութիւնը եկեղեցականութենէ հրաժարելու պայմանէն շատ աւելի ծանր զրկում եւ բռնադատութիւն եղած կ՚ըլլար։
Կաթողիկոսի յղուած պաշտօնագիրին պատճէնը աչքի առջեւ չունենալով, միայն յիշողութեամբ կազմեցի սոյն ամփոփումը, որ կրնայ մոռցուած կէտեր ալ պարունակել։ Մեր պաշտօնագիրը միւս աթոռներուն գիրերուն եւ զանազան կողմերէ կրկնուած ձայներուն միանալով, Խրիմեան կաթողիկոսը չքաջալերեցին ոմանց բաղձացած արտօնութիւնը հրատարակել։ Կ. Պոլսոյ Կրօնական Ժողովն ալ կարգալոյծ հռչակեց Բաղէշի վիճակէն երկու այրի քահանաներ, որոնք շտապեր էին իրարու կրկնամուսնութիւն օրհնել։
Գալով Խրիմեան կաթողիկոսի անձնական միտումներուն, ամենուն յայտնի է, թէ նա առանց եկեղեցական կանոնաց անարգող մը ըլլալու, շատ ազատական աչքով կը նայէր անոնց վրայ, եւ դիւրամատոյց էր սեղմումները ընդլայնելու կամ ջնջելու։ Իրեն տեսութեամբ -Շաբաթ վասն մարդոյ եղեւ եւ ոչ մարդ վասն շաբաթու- սկզբունքը շատ ընդարձակ եւ գրեթէ բացարձակ նշանակութիւն ունէր։ Ծանօթ է թէ իր ձեռքով ամուսնալուծութիւններ բաւական ընդարձակութիւն ստացան, եւ երբ այդ մասին իրմէ հիմնական տեսութիւններ խնդրեցի,- Իմ օրինագիրքը իմ սիրտն է- պատասխանը առի, որ Խրիմեանի ըմբռնումին նկարագիրը կրնայ նկատուիլ։ Խրիմեանի նախաձեռնութեամբ ազգակցութեան ու խնամութեան աստիճաններն ալ սեղմուեցան, եւ ես ալ պատիրարքութեանս միջոցին աւելի ոյժ տուի այդ կրկնակ կէտերուն, զի երկուքին մէջ ալ իմ համոզումս էր, թէ Հայ Եկեղեցւոյ հնաւանդ կանոնը թոյլատու է եղած, եւ սեղմումները լատինական ազդեցութեամբ ներմուծուած են կիլիկեան եւ խաչակրութեան շրջանին մէջ։ Կրօնական Ժողովէն Մանկունի եպիսկոպոս, Գէորգ Դ-ի ժամանակին Մայր Աթոռոյ գործիչը, առաջները ամուսնալուծմանց խնդիրները կը պնդէր որ Էջմիածնի ներկայացուին, ենթադրելով որ Գէորգ Դ-ի հետեւած խիստ արգելքները տակաւին հոն տիրող կը մնան, բայց երբոր տեսաւ որ Խրիմեան շատ թոյլատու է այդ մասին, լաւագոյն սեպեց մեր Կրօնական Ժողովով գործել. իսկ իւր առարկութեանց իբր փաստ կը ծառայեցնէր -Գէորգ կաթողիկոս չէր ներեր- յայտարարութիւնը, մինչեւ որ ստիպուեցաւ -Մկրտիչ կաթողիկոս կը ներէ- պատասխանը տալ։
Բայց իմ բուն փաստս Մկրտիչի կամքը չէր, այլ Հայ Եկեղեցւոյ հնաւանդ կանոնը։ Ազգակցական արգելքի մասին Շահապիվանի ժողովը երեք ճիւղ միայն կը յիշէ, եւ խնամութեան խօսքն իսկ չ՚ըներ, եւ ինծի համար վճռական եւ նուիրական Հայ Եկեղեցւոյ կանոնները գիրի առնող Ժողովին որոշումը, անկէ ետքը եկողներ օտարամուտ բարդութիւններ են։ Ամուսնալուծման կանոններն ալ հին ժողովներու մէջ, եւ Աւետարանին -Զոր Աստուած զուգեաց Մարդ մի՛ մեկնեսցէ- պատուիրանը, Հին Օրէնքի մէջ թոյլատրուած այրերուն կնաթողութիւնը կամ ապահարզանը միայն կը ջնջէ, որպէսզի օրէնքով հաստատուած կապը ազատ կամքով չքակուի, այլ չ՚արգիլեր օրէնքը օրէնքով քակել. Աստուած օրէնքն է, մարդ ազատ կամք ունի։ Այս սկզբունքով վարուած եմ պատրիարքութեանս մէջ, ամուսնալուծումները ժողովով որոշել տուած, իսկ ազգակցական եւ խնամիական աստիճանները՝ իբրեւ արտօնութեան եւ շնորհքի իրաւունք՝ իւրովի կարգադրած եմ, ներելով եւ ոչ օրինադրելով։ Ընդհանուր կերպով շատ հետեւած եմ աղտոտ կացութիւնները եւ գայթակղական դիպուածները մաքրել եւ օրինաւորութեան վերածել, զոր միտքերը շինելու եւ հանդարտելու աւելի նպաստաւոր գտած եմ, քան թէ տարապարտ խստութիւններով գայթակղութիւնները տեւական ընել եւ զօրացնել։
Այդ սկզբունքները իմ միտքիս մէջ շատ կանուխէն հաստատուած են։ Կարնոյ առաջնորդութեանս միջոցին ալ Գաւառական Կրօնական ժողովով ամուսնալուծութիւններ որոշած եմ, միայն տիրող սովորութիւններն ալ յարգելու համար, որոշումները Կեդրոնին տեղեկագրած եւ պայմանաժամով գործադրութիւնները յապաղած եմ, եւ Կեդրոնին լռելուն վրայ պայմանաժամին լրանալուն համարձակաբար գործադրած եմ։
Իսկ ազգակցական աստիճաններուն ներումը միշտ առաջնորդական իրաւամբ իւրովի արտօնած եմ։ Եւ այդ մասին այսչափ։
Արդարեւ, կը տեսնուի որ պատմութենէն եւ պատմականներէն առնելի շա՜տ դասեր ունինք տակաւին…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
•վերջ
Մայիս 25, 2026, Իսթանպուլ