«ԱՊԱԳԱՅ ԿԵԱՆՔԻ ՏԵՍԼԱԿԱՆԸ»
Ամերիկայի քաղաքակրթութեան քննադատուած այդ օրերուն Ֆրանսայի մէջ լոյս տեսնող «Ֆիկարօ» թերթը իր ընթերցողներուն կը դիմէ հարցումով մը. թերթը կ՚ուզէ հրատարկել ընթերցողներուն «Ապագայ կեանքի տեսարաններ» աշխատութեան մասին ունեցած կարծիքը, ինչպէս նաեւ լսել անոնց մտահոգութիւնը տարածուած այդ քաղաքակրթութեան մասին։ Այդ հարցումին կը պատասխանեն աւելի քան 250 ընթերցողներ։ Աւարտին, այդ պատասխանները որպէս պատասխան-քննադատութիւն «Ապագայ կեանքի տեսարաններ» աշխատութեան՝ լոյս կը տեսնէ առանձին հատորով մը:
Կը հրատարակուի կաթոլիկ ուսումնարանի մը տնօրէն եկեղեցականի պատասխանը. «Եւրոպա՞, թէ Ամերիկա.- հարցը այժմէական է: Հարցում մը, որմէ կախում ունի Ժորժ Տիւհամէլի բացատրութեամբ «վաղուան կեանքը»: Ճի՛շդ է, թէ ամերիկեան քաղաքակրթութիւնը վտանգ մը դարձած է եւրոպական մշակոյթին համար, բայց ուշ է արդէն պայքարելու համար»։ Անշուշտ, տրուած պատասխաններուն մէջ հակասութիւններ մի՛շտ ալ գոյութիւն ունեցած են. ոմանք վստահելով իրենց քաղաքակրթութեան, մշակոյթին անմեռ ու հզօր վիճակին, Ամերիկան երբեք որպէս վտանք չեն նկատած, սակայն շատեր՝ ինչպէս այս պարագային այդ պայքարը որակած են ապարդիւն։ Այլ խօսքով՝ բազմաթի՜ւ անձեր՝ ներառեալ գիրքին հեղինակը, այդ պայքարը նկատած են ապարդիւն։ Կաթոլիկ ուսումնարանի տնօրէնը ապարդիւն նկատելով հանդերձ այդ քաղաքակրթութիւնը մարդկութեան համար վտանգաւոր կը նկատէր. ան իր պատասխան-նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Բայց արդէն անգործութիւնը կը սպառնայ հորիզոնէն»։ Ան կը հաւատար, որ Ամերիկայի մեքենայացած քաղաքականութիւնը մարդոց մէջ պիտի մեռցնէ շատ մը արժէքներ, զանոնք պիտի դատապարտէ անգործութեան: Իր բացասական կողմերէն անկախ, ամերիկեան քաղաքակրթութիւնը մարդուն սորվեցուց աշխատանքի կարեւորութիւնը եւ կատարուած աշխատանքին դիմաց գնահատուած ըլլալու կարեւորութիւնը։ Ի դէպ, մինչեւ օրս շատեր այս մէկը կարեւոր կը նկատեն, որովհետեւ Ամերիկայի մէջ մարդուժը իր արժանի գնահատանքը կը տեսնէ։ Միջին Արեւելքի մէջ ապրող ու գործող մարդը ամերիկաբնակ անձէն քառապատիկ աւելի աշխատելով հանդերձ, չի կրնար յառաջդիմել:
Այնպէս, ինչպէս մենք չկորսուելու համար կը կարեւորենք հայկական մշակոյթը, հայու ինքնութիւնը բարձր ու կենդանի պահելու անհրաժեշտութիւնը, նոյն ընթացքը կ՚առաջարկէին ֆրանսացի մտաւորականներ. անոնցմէ մին իր պատասխանին մէջ կը գրէ. «Միայն թէ ամբողջովին չյանձնուելու համար անոր (ամերիկեան քաղաքակրթութեան), պէտք է վառ պահել եւրոպական մշակոյթը, սիրելով հին ու քրիստոնէական քաղաքակրթութիւնը»:
Ինչպէս ըսինք, շատեր ունէին ամբողջութեամբ տարբեր կարծիք. գուցէ «հայրենասիրութենէ» մղուած, շատեր կը փորձէին հաւատալ, որ Ամերիկայի քաղաքակրթութենէն վախնալը պարզապէս «ծրագրուած» ու խափուսիկ իրողութիւն մըն է: Օրինակի համար, անոնցմէ մին կը գրէ. «Երբեք սպառնալիք չեմ համարեր ամերիկեան քաղաքակրթութեան տարածումը: Եւրոպական նկարագիրը աւելի տոկուն է, քան ամերիկեանը»: Այս տողերը գրող անհատին սխալին մէջ գտնուեցաւ նաեւ հայ ժողովուրդը. գաղթականութեան առաջին տարիներուն հայը այնքան ինքնավստահ էր իր հայրենասիրութեան ու նկարագրին վրայ, որ երբեք չկրցաւ մտածել, թէ կրնայ օր ըլլալ, որ հայը իր լեզուն խօսելու անկարող ըլլայ: Սեփական մշակոյթի եւ ինքնութեան վրայ ինքնավստահութիւն ունենալը լաւ բան է, սակայն, այդ ինքնավստահութիւնը բաւարար չէ դիմադրելու համաշխարհայնացող ամերիկեան քաղաքականութեան դէմ։
Վերոյիշեալ բոլոր մտահոգութիւնները գրուած են մօտաւորապէս մեր թուականէն դար մը առաջ. արդեօք ի՞նչ պիտի մտածէին նման մտաւորականներ՝ եթէ ականատես ըլլային մեր օրերու կեանքին։ Շահան Շահնուր եւ ուրիշներ թէեւ ուղղակիօրէն «Ամերիկա» բառը յիշած չեն, սակայն, իրենց մտահոգութեանց մէջ կարեւոր տեղ տուած են կործանող այս քաղաքակրթութեան։ Այդ քաղաքակրթութիւնը մինչեւ օրս սպառնացող է, որովհետեւ նոր սերունդը անոր կործանիչ երեւոյթները շատ անգամ կ՚ընկալէ որպէս «յառաջդիմութիւն» կամ «բացմտութիւն»։ Հայ ժողովուրդը իր տասնամեակներու պատմութեան ընթացքին այդ քաղաքակրթութեան բազմաթի՜ւ զոհեր տուաւ։ Աշխարհի պատմութեան ընթացքին ամէ՛ն ազգութիւն կ՚ունենայ պարտութիւններ եւ այդ պատրութեան կողքին յաղթանակներ։ Ամերիկեան քաղաքակրթութեան դիմաց յանձնուող մեր հայորդիները, սակայն, կորսուած են առյաւէտ. հայութենէ հեռու գտնուող իրենց երրորդ կամ չորրորդ սերունդները դարձեալ հայութեան բերելը գրեթէ անկարելի՝ հրաշքի մը կը կարօտի։
Աւելի քան մէկ դար առաջ գրուած այս նիւթը կը նկատենք այժմէական, որովհետեւ նոյն այդ վտանգը կը շարունակէ սպառնալ տակաւին հայ ապրող սերունդներուն յաջորդելիք սերունդները։ Այդ քաղաքակրթութեան տարածման հաշւոյն է, որ բազմաթի՜ւ արժէքներ ոտնակոխ պիտի ըլլան. այդ քաղաքակրթութեան տարածման հաշւոյն է, որ մեր սեփական ինքնութիւնը, մշակոյթը կամաց-կամաց նօսրանալով՝ տեղի պիտի տայ համաշխարհային այդ քաղաքակրթութեան՝ որ ինչպէս հարիւր տարի առաջ՝ նոյնպէս ալ այսօր դրականէն աւելի ունի բացասական կողմեր:
•վերջ
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Հայոց
ազգի անմիտ երկչոտութիւնը մինչեւ այն աստիճան հասած է, որ իր թշուառ վիճակին վրայ խռովելու նշան անգամ չի ցուցներ: Երբեմն իր յոյսերը Սահմանադրութեան վրայ դրած էր, այսօր ալ իր բոլոր ակնկալութեանց կեդրոն ըրած է դպրոցները եւ կը սպասէ, որ դպրոցներէն գտնէ ազատութիւն: Բայց միթէ՞ դպրոցի մէջ կը սորվի հայն արիւնռուշտ քիւրտին թուրը ջախջախել… Պաշտպանել պէտք է ազգութիւնը, ինչ միջոցով ալ ըլլայ, եթէ բարոյական ազդեցութեամբ, եթէ բռնութեամբ, եթէ յեղափոխութեամբ, միայն թէ հայրենիքը փրկուի…:
ԵՂԻՇԷ ՎՐԴ. ԱՅՎԱԶԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան