ԽԱՂԱՂՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի շաբաթավերջի խորհրդարանական ընտրութիւնները վճռորոշ պիտի ըլլան բոլոր առումներով՝ ներքին պայքարէ սկսեալ մինչեւ արտաքին ուղերձներ: Այս կիրակի, Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւնները առանցքային են բազում առումներով։ Անոնք առանցքային են ո՛չ միայն ներքին իմաստով, այլ արտաքին բազմապիսի ուղղութիւններով։ Ինչո՞ւ այդքան կը կարեւորուին այս ընտրութիւնները եւ անոնց ճամբով Հայաստանի քաղաքացիներու մեծ տոկոսը ինչ տեսակի խնդիրներ լուծելու համար պիտի մօտենայ քուէատուփերուն։
Եթէ ընդդիմութեան համար (հաւաքապէս ամբողջ ընդդիմութեան) գերագոյն խնդիրը իշխանափոխութիւն կատարելն է, ապա իշխանութեանց համար նախ եւ առաջ ընտրութիւնները պիտի համարուին «հանրաքուէ» իրականացնելու համազօր քայլ մը ու արդէն այդ մէկն է, որ ընտրութիւններուն կու տայ յաւելեալ կարեւորութիւն։
2021 թուականին եղած ընտրութիւնները նուազ կարեւոր չէին, սակայն, այդ օրերուն այսօր ստեղծուած իրականութիւնը չկար։ Հայաստան տակաւին նոր դուրս պիտի գար պատերազմի տագնապէն ու գործող իշխանութիւնները կարիքն ունէին ժողովուրդին կողմէ շնորհուելիք օրինականութեան մը՝ քանի որոշած էին շարունակել իրենց քաղաքական գործունէութիւնը։ Ճիշդ է, որ նոյնիսկ այդ օրինականութիւնը վիրաւոր էր, որովհետեւ Հայաստան կը համարուէր պատերազմ կորսնցուցած երկիր, բայց, նոյնիսկ այդ պարագային կարեւոր էր լսել Հայաստանի հասարակութեան հիմնարար կարծիքը այդ ուղղութեամբ։
Եթէ արագ համեմատական մը կատարենք 2021 թուականի իրավիճակին եւ այսօրուան միջեւ, ապա պիտի գանք հաստատելու, որ հակառակ այդ օրերու մեծ անորոշութեան՝ այսօր երեւելի դարձած համայնապատկերը աւելի յստակ է ու հաւանօրէն՝ կանխատեսելի։
Մօտաւոր անցեալին գոյութիւն ունէր «Ղարաբաղեան հակամարտութիւն», իսկ այսօր այդ մէկը մտած է մահաքունի։ Այս մէկը մեղմ խօսքով՝ պարզապէս չվիրաւորելու համար զգացումները այն հայրենակիցներուն, որոնք տակաւին ինչ-որ տեղ եւ ինչ-որ առումով հաւատք մը ունին ղարաբաղեան հիմնախնդրի լուծման համար։
Ու խորքին մէջ այս հարցն է, որ դարձած է զսպանակը Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին։ Մինչ իշխանութիւնները Արցախի հարցը ամբողջապէս փակուած կը համարեն, անդին ընդդիմութեան վառ ներկայացուցիչներ կը հաւատան, որ այդ առումով Հայաստանն ու հայութիւնը տակաւին ընելիք ունին եւ տեսլական։ Ու այս նրբութենէն է, որ աճեցաւ ու դեռ ալ կ՚աճի՝ խաղաղութիւն ունենալու եւ խաղաղութիւն կերտելու իշխանութիւններուն հիմնական խօսոյթը, որ ինքնին կը բախի ընդդիմութեան հարցադրումներուն։ Ու այստեղ հասկնալի կը դառնայ, որ ընդդիմութիւնը դարձած է հակազդող ուժ, ինչպէս անցնող տարիներուն՝ քան նախաձեռնող ներկայութիւն։ Ու այս հիմքով ալ յստակ է, որ շաբաթավերջի ընտրութիւնները պիտի դառնան պայքարելու առիթ՝ մէկ կողմէ խաղաղութիւնը առաջադրողներուն եւ միւս կողմէ այդ խաղաղութեան մասին կասկածներ ունեցողներուն։ Հիմնական պատկերը այսպէս է ընտրութիւններուն ընդառաջ: Աւելի քան պարզ ու յստակ է, որ այդ «գաղափարական» պայքարը, որ արդէն վաղուց դարձած է անձնականացած պայքար, պիտի տարուի մէկէ աւելի ուղղութիւններով: Մէկ կողմէ Փաշինեանը հեռացնել փորձողները եւ միւս կողմէ Փաշինեանի եւ անոր շուրջ գոյացած իշխանախումբը։
Ի հարկէ, այստեղ կան ընդունելի մանրամասնութիւններ եւ այլ փոքր ուժեր, սակայն, ընդհանուր պատկերը այսպիսին է։
Վարչապետ Փաշինեան պիտի վերընտրուի՞… Այս հարցման միանշանակ պատասխան մը տալ կարելի չէ։ Հայաստանի հանրային խօսոյթին եւ փորձագիտական քննարկումներուն մէջ շրջանառուող երկու հիմնական տեսակէտներէն որեւէ մէկը կարելի չէ ամբողջովին բացառել։ Առաջին խումբը, որ բացասական ընկալում ունի գործող իշխանութեան դէմ, կը կարծէ, թէ Փաշինեան չի վերընտրուիր։ Այս խումբի ներկայացուցիչները կը մատնանշեն անոր՝ իրենց գնահատմամբ, «ստախօսութիւն»ը, անլրջութիւնը եւ հայրենիքի դէմ անպատասխանատու վերաբերմունքը՝ ընդգծելով, որ այս բոլորը զինք անարժան կը դարձնեն պետական ղեկավարի դերակատարութեան։ Ըստ անոնց՝ այս գործօնները յանգեցուցած են անոր եւ անոր ղեկավարած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վարկանիշի զգալի անկման։ Հանրութեան վստահութիւնը իշխանութեան նկատմամբ, իրենց համոզմամբ, հասած է պատմական նուազագոյնի։
Հակառակ այս տեսակէտին՝ այլ խումբ մը վստահ է, որ Փաշինեան պիտի յաջողի «վերարտադրուիլ»։ Այդ խումբը կը շեշտէ Հայաստանի գործող վարչապետին ձեռքը գտնուող վարչական եւ ելմտական լծակներուն ազդեցիկութիւնը, ինչպէս նաեւ կը խօսի ընտրական գործընթացներուն վրայ ազդեցութիւն գործելու հնարաւորութեան մասին։ Բաց աստի, ըստ այդ դիրքորոշման՝ ան կը շարունակէ օգտուիլ աջակցութենէն միջազգային որոշ ուժային կեդրոններու, որոնք շահագրգռուած են անոր քաղաքական ընթացքով։ Այս շրջանակին մէջ կը դիտարկուին նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիրը եւ զինուորական ծառայութեան տեւողութիւնը 18 ամիսի իջեցնելու օրէնքը՝ որպէս ժողովրդահաճոյ քայլ։
Անշուշտ, Փաշինեան ձեռքերը ծալլած չէ նստած։ Ան նախընտրական իր արշաւին սկսած էր փաստօրէն մէկ տարի առաջ։ Եւրոպական քաղաքական համայնքի ութերորդ գագաթաժողովի Երեւանի մէջ կազմակերպուիլը եղաւ անանտեսելի՝ ընտրութիւններէն ուղիղ ամիս մը առաջ: Չի բացառուիր, որ այս քայլը ունի նախընտրական ծալքեր՝ որպէս Եւրոպայի շրջանակներու աջակցութեան ցուցադրում։
Այս բոլորէն անդին եւ ընտրութիւններէն բաւական առաջ արդէն իսկ ուրուագծուած են ընտրութեանց հիմնական մրցակիցները՝ «Հայաստան» դաշինքը՝ (Ռոպերթ Քոչարեանի առաջնորդութեամբ), նորաստեղծ «Միասնութեան թեւեր»ը (նախկին Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյանի գլխաւորութեամբ), ինչպէս նաեւ «Մեր ձեւով» շարժումը, որուն գաղափարական առաջնորդն է գործարար եւ բարերար Սամուէլ Կարապետեան։
Ակնյայտ է, որ մինչեւ շաբաթավերջ քաղաքական պայքարի լարուածութիւնը պիտի բարձրանայ փուլ առ փուլ։ Գործող իշխանութիւնը՝ մասնաւորաբար Փաշինեան, ջանք չի խնայեր իր վերարտադրութիւնը ապահովելու համար նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելու տեսակէտէ։ Ան կը գիտակցի, որ պարտութիւնը կրնայ վերջ դնել իր քաղաքական ասպարէզին, ուստի, կը փորձէ օգտագործել իւրաքանչիւր հնարաւոր միջոց։ Օրինակ, ելեկտրականութեան սակագինի նուազեցման հարցը, ըստ որոշ գնահատումներու՝ կը յետաձգուի ընտրութիւններուն ընդառաջ քաղաքական շահ ապահովելու նպատակով։ Այս բոլոր հանգամանքները ցոյց կու տան, որ ընտրութիւններուն արդիւնքը կախուած պիտի ըլլայ բազմաթիւ գործօններէ՝ ներքին տրամադրութիւններէն սկսեալ, մինչեւ արտաքին ազդեցութիւններ։ Մէկ բան, սակայն, յստակ է՝ պայքարը պիտի ըլլայ սուր եւ վճռորոշ։
Շրջանառութեան մէջ է նաեւ ուրիշ հարցում մը. թէ ինչո՞ւ Փաշինեան յայտարարեց, որ ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք պիտի հանդիպի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Մեծ թիւով վերլուծաբաններու համար կարեւոր հարցադրում մը դարձաւ, թէ ի՞նչ պատճառներով Փաշինեան լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ յայտարարեց, որ ամսավերջին հանդիպում մը պիտի ունենայ Փութինին հետ։ Այս յայտարարութիւնը կարելի է մեկնաբանել քանի մը տեսակէտէ:
Նախ, ա՛յն ուղղուած է արտաքին լսարանին՝ յատկապէս Ռուսաստանի շրջանականերուն՝ որպէս ազդակ, թէ Հայաստան պատրաստ է շարունակելու համագործակցութիւնը եւ չի՛ ծրագրեր կտրուկ շրջադարձներ կատարել Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ։ Այս կերպով ան կը փորձէ մեղմացնել առկայ մարտահրաւէրները՝ իր վերջին տարիներու քաղաքական ընթացքին առնչութեամբ։ Միեւնոյն ժամանակ, ներքին քաղաքական տեսանկիւնէ հաւանական հանդիպման ժամկէտը պատահական չէ։ Ընտրութիւններէն ետք հանդիպելու մասին յայտարարութիւնը կրնայ ընկալուիլ՝ որպէս վստահութեան դրսեւորում, սեփական յաղթանակէն չկասկածելու արտայայտութիւն՝ ստեղծելով այն տպաւորութիւնը, թէ իշխանութեան շարունակականութիւնը գրեթէ կանխորոշուած է։
Բաց աստի, ընտրութիւններէն առաջ նման հանդիպում մը չկատարելը Փաշինեանին կու տայ հնարաւորութիւն խուսափելու ընդդիմութեան այն քննադատութիւններէն, թէ ան արտաքին աջակցութեամբ կը փորձէ ապահովել իր վերարտադրութիւնը։
Իսկ ընտրութիւններէն ետք նախատեսուած հանդիպումը կրնայ ծառայել՝ որպէս միջոց, որպէսզի նոր ստացուած լիազօրութիւնը միջազգային մակարդակի վրայ ամրապնդուի։ Այսպէսով, այս քայլը կարելի է դիտել ո՛չ միայն դիւանագիտական, այլեւ յստակ քաղաքական հաշուարկով պայմանաւորուած նախաձեռնութիւն մը։
Հայաստան վճիռ մը պիտի տայ՝ խաղաղութի՞ւն, թէ փոփոխութիւն: Ընդհանուր առմամբ, շաբաթավերջի ընտրութիւնները Հայաստանի համար սովորական քաղաքական գործընթաց մը չեն, այլ՝ շրջադարձային հանգրուան։ Անոնք կը խտացնեն ո՛չ միայն ներքին դժգոհութիւններն ու ակնկալիքները, այլեւ արտաքին ճնշումներն ու սպասումները։ Քուէարկութիւնը, այս իմաստով, կը դառնայ նախընտրութիւն ո՛չ միայն իշխանութիւններու համար, այլեւ ռազմավարական ուղղութեան տեսակէտէ։ Պայքարը կեդրոնացած է երկու հիմնական մօտեցումներու վրայ՝ մէկ կողմէ կայունութիւն եւ խաղաղութեան օրակարգ առաջադրողները, միւս կողմէ՝ այդ ուղեգիծին հանդէպ կասկած ունեցող եւ փոփոխութիւն պահանջող ուժերը։ Սակայն, այս գաղափարական հակադրութիւնը վաղուց անցած է զուտ քաղաքական սահմաններէն եւ ստացած է անձնական, երբեմն ալ զգացական բնոյթ։
Նիկոլ Փաշինեանի վերարտադրուելու-չվերարտադրուելու հարցը, հետեւաբար, կախուած պիտի ըլլայ ո՛չ միայն անոր վարչական կամ քաղաքական հնարաւորութիւններէն, այլեւ հասարակութեան խորքային ընտրութենէն. ինչպիսի՞ ապագայ մը կը պատկերացնէ ան։
Վերջին հաշուով, ընտրութիւններուն արդիւնքը պիտի ըլլայ համադրութիւն մը՝ ներքին տրամադրութիւններու, քաղաքական ուժերու կազմակերպուածութեան եւ արտաքին գործօններէն եկող ազդեցութիւններու։ Սակայն, բան մը անժխտելի է. այս ընտրութիւնները պիտի սահմանեն Հայաստանի մօտակայ տարիներու ուղին եւ պիտի պատասխանեն հիմնարար հարցումի մը, թէ արդեօք երկիրը պիտի շարունակէ՞ ներկայ ընթացքը կամ պիտի փորձէ նոր ուղղութիւն մը որդեգրել։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան