ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

1. Ինչո՞ւ առաքելական կը կոչուի: 2. Ինչպէ՞ս կը սկսի: 3. Ուրկէ՞ սկիզբ կ՚առնէ:

1. Նախախնամութիւնը կրնար ամէն բան առանց միջոցի ընել, բայց երբեք առանց միջոցի ոչինչ տնօրինած է. Քրիստոս կարող էր մարդոց ընելիքներուն բոլորն ալ Ինք ձեռքով գրել՝ պարզ եւ վարդապետելու անկարօտ, սակայն, տող մ՚իսկ չգրեց առաքեալներուն տալու համար, այլ՝ միշտ խօսքով ու խոստումով կը վարուէր անոնց հետ. «Երկինքի մէջ ու երկրի վրայ իշխանութիւնները Ինծի տրուեցան. Հայրս ինչպէս որ Ինծի տուաւ, Ես ալ ձեզի տուի… գացէ՛ք եւ սորվեցուցէք անոնց, որ ձեզի պատուիրածներս պահեն», որ այն տասնմէկ առաքեալներուն նկատմամբ էր, իսկ այդ իշխանութեան յաջորդական ըլլալը վաւերացնելու համար՝ «մինչեւ աշխարհի վախճանը» բառերն ալ արտասանեց (Մտ 28), պարզապէս քարոզելու համար ասոնց եւ ասոնց գրութիւններն ալ բաւական պէտք էր ըլլային, բայց ասոնց ալ օր ըստ օրէ ձեռնադրութիւնները շարունակեցին, Մատաթիան՝ Յուդային տեղը (Գրծ 1.26). Պօղոս յատկապէս. նաեւ սարկաւագներ ու պաշտօնեաներ ձեռնադրեցին (Գրծ 6.6), յաճախ միախոհ ժողովներ կազմեցին (Գրծ 13, 14 գլուխներ): Պօղոս եպիսկոպոսներ կը ձեռնադրէ՝ Տիմոթէոսը, Տիտոսը եւ ուրիշներ, այսպիսի շարունակութեամբ յաջորդական ձեռնադրութիւնը կու գայ մինչեւ այսօր եւ մինչեւ աշխարհիս վերջը մնալու խոստումով1

2. Առաքելական ձեռանադրութիւնը նախապէս ընտրելութեամբ եղաւ, յետոյ ձեռնադրութեամբ: Քրիստոս ընտրեց. «Ես ձեզ ընտրեցի» (Յհ 15.16): Ս. Հոգին Վերնատան մէջ ձեռնադրեց (Գրծ 2), ինչպէս Քրիստոս զանոնք ընտրելէն ետք խոստացած էր Ս. Հոգիով իրենց ձեռնադրուիլը (Յհ 15.26): Պետրոս Հռոմէն, Պօղոս Աթէնքէն, Տարսոնէն, Իկոնիայէն եւ այլ ուրիշ շատ մը տեղերէ, Թադէոսն ու Բարթուղիմէոսը Հայաստանէն սկսան, իրենց քարոզութեան հետ միաժամանակ նաեւ ձեռնադրութիւններ ալ կատարեցին:

3. Մէկը չի՛ կրնար ըսել, թէ այս ինչ եկեղեցականը այն ինչ եպիսկոպոսէն կ՚առնէ իր ձեռնադրութեան սկիզբը, հապա եպիսկոպոսին միջոցաւ, որ առաքելական յաջորդութիւն մըն է, Քրիստոսէն եւ Ս. Հոգիէն առաւ ըսել է:

Ինչպէս ամբողջ մարդկութիւնը Ադամէն կը սկսի, նոյնպէս ալ բոլոր ձեռնադրուածները իրենց աստիճանին սկիզբը առաքելական շղթայակերպ միջոցաւ Ս. Հոգին կ՚առնեն. «Փչեց անոնց վրայ ու ըսաւ. առէ՛ք Սուրբ Հոգին» (Յհ 20.22):

«Կրօնագիտութիւն կամ ուսումն Քրիստոնէական հաւատոյ»

Կ. Պոլիս, 1885

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 20

Վաղարշապատ


1 Բոլորն ալ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ առաքելականութիւնը գործով կը վաւերացնեն. ինչպէս այսօր բողոքականները բազմաթիւ հայ քարոզիչներ եւ ըստ իրենց եկեղեցւոյ անդամներ ունին, եթէ Հայոց Եկեղեցին առաքելական չէ՝ այն եկեղեցին մկրտուածները պէտք էր չընդունուէին ու դարձեալ մկրտէին. ասիկա կը նշանակէ կամ մկրտութեան արժէքը ստորացնելու ջանալ եւ կամ Հայաստանեայց Եկեղեցիին առաքելական իշխանութիւնը բարձրացնել. եթէ մկրտութիւնը իրենց համար արժէք չունի, Աւետարան կարդալնին աւելորդ է. եթէ մկրտութիւնը քրիստոնէութեան սկիզբն է, ա՛լ անկէ իրենց բաժնուիլը սխալ է, որովհետեւ բամզաթիւ քարոզիչներ ու անդամներ այն եկեղեցւոյ աւազանէն ծնած ու իրենց քրիստոնէական մաքրութեան սկիզբը անկէ առած են առաքելական յաջորդի մը ձեռքով, որոնք միայն ունին այդ իշխանութիւնը, ո՛չ թէ հասարակութիւնը:

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2026