ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ՏԱՐԵՎԵՐՋԸ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ, վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն տարեվերջի հանդէսը: Հարկ է նշել, որ դպրոցը մանկապարտէզի երեք դասարան ունի: Տարեվերջի հանդէսի ներկաներու շարքին էին՝ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ աւ. քահանայ Ճիվանենան եւ Գատըգիւղի ընտանիքէն վարիչներ: Մանկապարտէզի դասարանները կը գործեն՝ վերահսկողութեամբ մանկապարտիզպանուհիներ՝ Այլին Միրիճանեանի, Դալար Սինանօղլուի եւ Մելիսա Տեմիրճիի, որոնք վերահսկած էին այս հանդէսի ծրագրին պատրաստութիւնները:
Փոքրիկները զանազան լեզուներով ունեցան ելոյթներ՝ արժանանալով ծափահարութիւններու:
Հուսկ, վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը՝ մաղթելով, որ Արամեան-Ունճեանի մանկապարտէզի փոքրիկները ապագայ կրթական յաջողութիւններ արձանագրեն դպրոցական կեանքի տեւողութեան:
