ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱԼԷԻ ՓԱՌԱՏՕՆ

Երեւանի Պալէի չորրորդ միջազգային փառատօնը վերջին օրերուն խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ համախմբեց գեղարուեստասէրները։ 2023 թուականէն ի վեր, Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանի նախաձեռնութեամբ կը կազմակերպուի այս փառատօնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, չորրորդ փառատօնը նշանաւորուեցաւ՝ «Թամար» ստեղծագործութեան համաշխարհային առաջնախաղով։ Այս պալէի երաժշտութիւնը հեղինակուած է՝ Զուիցերիայէն յօրինող Վալերի Թոլսթոյի կողմէ։ Բեմադրիչն է անուանի արուեստագէտ Իլիա Ժիվօ։

«Թամար»ի առաջին ներկայացումը տեղի ունեցաւ Երեւանի Թումանեանի այգիին մէջ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2026