ԸՆԴԼԱՅՆԵԼ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ քաղաքական երկխօսութիւնը հետզհետէ կը դառնայ աւելի հաստատութենական եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան ամրապնդման ուղղեալ առնուած քայլերն ալ թափ կը ստանան: Անգարա-Թիֆլիզ-Պաքու առանցքին վրայ արդէն բաւական ամուր խարիսխ մը ստեղծուած է՝ արտաքին քաղաքական ու տարածաշրջանային իրադարձութիւնները արժեւորելու, հաղորդակցութեան ու փոխկապակցուածութեան նիւթերը շօշափելու տեսակէտէ՝ մանաւանդ ուժանիւթի անվտանգութեան, առեւտուրի, տնտեսական յարաբերութիւններու եւ տարածաշրջանային ենթակառուցուածքային կտրուածքով:
Իսթանպուլի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Վրաստան-Ատրպէյճան արտաքին գործոց նախարարներու ժողովը: Եռակողմանի այս հաւաքը տասներորդն էր իր տեսակին մէջ: Այս առթիւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հիւրընկալեց Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մաքա Պոչորիշվիլին եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը: Ժողովական նախարարներուն միջեւ տեղի ունեցան նաեւ երկկողմանի հանդիպումներ: Եռակողմանի հանդիպման աւարտին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցան՝ համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերեալ հարցեր:
Իսթանպուլի հաւաքին ժամանակ աչքէ անցուեցան երեք երկիրներու միջեւ այժմու համագործակցութեան հեռանկարներն ու անոր զարգացման տեսակէտէ նախանշուեցան յառաջիկայ քայլերը: Նախարարները քննարկումները ծաւալեցին երեք հիմնական առանցքի շուրջ. տարածաշրջանային իրադարձութիւններն ու արտաքին քաղաքականութեան խնդիրները, նաեւ Հարաւային Կովկասէ ներս համագործակցութիւնը, հաղորդակցութեան, փոխկապակցուածութեան եւ տարածաշրջանային տարանցման ցանցերու ամրապնդումը եւ ուժանիւթի անվտանգութիւնը, առեւտուրն ու տնտեսական համագործակցութեան խորացումը:
Ժողովի ծիրէն ներս աշխարհաքաղաքական անորոշութիւններու եւ տնտեսական խոցելիութիւններու, նաեւ անվտանգութեան սահմանափակումներու միջազգային այժմու իրավիճակը արժեւորուեցաւ: Այս բոլորի լոյսին տակ, ընդգծուեցաւ Հարաւային Կովկասի ռազմավարական կարեւորութիւնը: Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի այս եռակողմանի ձեւաչափն ալ կը համարուի տարածաշրջանէն ներս կայունութեան ու բարգաւաճման հետամուտ նպատակասլաց հարթակ մը: Հաքան Ֆիտանի խօսքով՝ Թուրքիա Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի հետ զարգացուցած է ամուր եւ բազմակողմանի յարաբերութիւններ, որոնք տարածաշրջանի կայունութեան եւ տնտեսական համարկման կարեւոր նպաստ կ՚ապահովեն: Ըստ նախարարին՝ վերջին տարիներուն համաշխարհային մատակարարման շղթաներու պարագային առկայ է եղափոխութիւն մը, ուժանիւթի անվտանգութեան վէճեր խնդրոյ առարկայ են ու փոփոխութեան կ՚ենթարկուին աշխարհատնտեսական գործօնները: Այս բոլորի լոյսին տակ, Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ փոխկապակցութեան ապահովման տեսակէտէ բարձրացած է Միջին միջանցքի նշանակութիւնը: Նոյն ծիրէն ներս Հաքան Ֆիտան խօսեցաւ Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղիի կենսական բնոյթին շուրջ: Արդարեւ, Միջին միջանցքի վրայ տեղ գրաւած տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ծրագիրներու ամրապնդումը, լոժիստիք ցանցերու զարգացումը եւ փոխադրութեան հնարաւորութիւններու բարձրացումը այս պահու դրութեամբ դարձած են հասարակաց առաջնահերթութիւններ: Ուժանիւթի բնագաւառէն ներս կեանքի կոչուած ռազմավարական ծրագիրները չեն սահմանափակուիր միայն այս երեք երկիրներով, այլեւ շատ աւելի լայն աշխարհագրութեան մը ուժանիւթի անվտանգութեան կը նպաստեն: Հաքան Ֆիտան շեշտեց, որ ուժանիւթի եւ տեւական փոխկապակցուածութեան ոլորտներէ ներս այժմու համագործակցութիւնը անհրաժեշտ է ա՛լ աւելի զարգացնել եւ այս բոլորին առումով համակարգուած աշխատանքը կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն:
Իսթանպուլի եռակողմանի հաւաքին ժամանակ Հաքան Ֆիտան կանգ առաւ նաեւ Հարաւային Կովկասէ ներս մշտական խաղաղութեան, կայունութեան եւ բնականոնացման ապահովման, տարածաշրջանէ ներս բարգաւաճման ամրապնդման խնդիրներուն վրայ՝ անոնց վերագրելով ռազմավարական նշանակութիւն: Ի լրումն այս բոլորին, Հաքան Ֆիտան եռակողմանի ժողովին առթիւ խօսեցաւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին մասին: Արդարեւ, այս պատերազմը կը շարունակէ սպառնալիքներ ստեղծել Հարաւային Կովկասի եւ Սեւ ծովու տարածաշրջաններուն տեսակէտէ: Ուստի, այս հակամարտութիւնը պէտք է ժամ առաջ կարգաւորուի արդար ու մշտական խաղաղութեան հասնելիք ձեւով: Այս ուղղութեամբ դիւանագիտական ջանքերը պէտք է խրախուսուին:
Իր կարգին, Ճէյհուն Պայրամով Իսթանպուլի հաւաքի աւարտին կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ խօսեցաւ TRIPP նախագծին շուրջ: Ըստ իրեն՝ անոր իրականացման եւ Ատրպէյճանի հիմնական մասի ու Նախիջեւանի միջեւ հաղորդակցութեան ապահովումը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ: Պայրամով այս բոլորը կը դիտարկէ՝ որպէս տարածաշրջանային համագործակցութեան եւ վստահութեան ամրապնդման կարեւոր տարրեր: Ան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին՝ նշելով, որ Ատրպէյճանի խաղաղարար նախաձեռնութիւններն ու վստահութեան ամրապնդման միջոցառումները կը նպաստեն կարգաւորման օրակարգի յառաջ մղման: