ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԵՒ ՌԻԱՏԻ ՄԻՋԵՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԻՃԱԶԻ ԵՐԿԱԹՈՒՂԻԻ ՎԵՐՍՏԻՆ ԳՈՐԾԱՐԿՄԱՆ ՀԱՄԱՐ. ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ ՀԻՒՐՄԻՒԶԻ ՋՐԱՆՑՔԻՆ
Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ ստորագրուեցաւ՝ հաղորդակցութեան բնագաւառէ ներս յարաբերութիւններու խորացման ուղղեալ նոր համաձայնագիր մը։ Երէկ, Ռիատի մէջ, այս փաստաթուղթը հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ ստորագրուեցաւ՝ հաղորդակցութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլուի եւ Սէուտական Արաբիոյ իր պաշտօնակցին՝ Սալիհ էլ-Ճասիրի կողմէ։ Նոր ստորագրուած փաստաթուղթը հետամուտ է՝ Հիճազի երկաթուղիի վերստին գործարկման։
Վերջին շրջանին Անգարայի եւ Ռիատի միջեւ յարաբերութիւնները սերտացած են՝ մասնաւորապէս Հիւրմիւզի ջրանցքի վերաբերեալ տագնապով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։ Երկու երկիրները կը ջանան համատեղ ջանքերով հաւասարակշռել՝ տարածաշրջանային առեւտուրի պարագային յառաջացած կաղացումները, նաեւ հետամուտ են ռազմավարական նշանակութեամբ բեռնափոխադրութեան միջանցքներ ստեղծելու։ Սա հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ լոժիստիք ուղղութիւնները զարգացնելու։
Նախարար Ուրալօղլու անցեալ շաբթուան յայտարարութիւններէն մէկուն մէջ նշած էր, որ արդի Հիճազի երկաթուղիին համար առաջին առթիւ Թուրքիայէն դէպի Հալէպ գիծ մը պիտի կառուցուի։ Արդէն երկաթուղի մը գոյութիւն ունի Հալէպ-Դամասկոս-Յորդանան առանցքին վրայ։ Վերջնական նպատակն է մինչեւ Ումման երկաթուղին երկարաձգելով՝ միացնել ովկիանոսի ափը։ Այսպէսով, այլընտրանք մը գոյացած պիտի ըլլայ Հիւրմիւզի նեղուցին համար։