ԸՍՏ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ՝ ՄԻՆՉԵՒ ՏԱՐԵՎԵՐՋ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻՆ TRIPP-Ի ՀԱՄԱՐ ԴԱՇՏԻ ՎՐԱՅ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներէն շնորհաւորութիւններ կ՚ընդունի՝ շաբաթավերջի ընտրութեան արդիւնքով իր գլխաւորած կուսակցութեան արձանագրած յաջողութեան համար։ Այս ամբողջին մէջ, Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոստայի հետ, որ շնորհաւորութիւններ յղեց ընտրութեան արդիւնքին առթիւ։ Քոստայի խօսքով՝ Հայաստանի ժողովուրդը քուէարկած է յանուն խաղաղութեան, կայունութեան եւ աշխարհի եւ հարեւաններու հետ աւելի սերտ համագործակցութեան վրայ հիմնուած ապագային։
Անթոնիօ Քոստա բարձր գնահատեց Նիկոլ Փաշինեանի առաջնորդութիւնը եւ անոր ներդրումը՝ Հայաստանի դիմակայունութեան, բարեկեցութեան ամրապնդման ու կայունութեան ուղղութեամբ։ Ան ընդգծեց, որ Եւրոմիութիւնը պիտի շարունակէ խորացնել Հայաստանի հետ գործընկերութիւնը՝ ընդլայնելով համագործակցութիւնը ուժանիւթի, առեւտուրի եւ թուայնացման ոլորտներէ ներս։
Իր կարգին, Փաշինեան շնորհաւորութիւն յայտնեց Անթոնիօ Քոստայի աջակցութեան ու ջերմ խօսքերուն համար՝ կարեւորելով Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու զարգացումը։
Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանային զարգացումներու եւ խաղաղութեան օրակարգի շուրջ՝ ընդգծելով Հարաւային Կովկասէ ներս տեւական խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման կարեւորութիւնը։ Կողմերը երկուստեք վերահաստատեցին Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութիւնը առաւել ամրապնդելու պատրաստակամութիւնը՝ յանուն աւելի խաղաղ եւ բարեկեցիկ ապագայի։
Մինչ այդ, ընտրութիւններով ստեղծուած քաղաքական նոր իրադրութեան պայմաններուն ներքեւ, Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս, Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ ներկայ տարուան տեւողութեան գետնի վրայ իրական աշխատանքները պիտի սկսին TRIPP նախագծի շրջանակներէն ներս։ Խորհրդարանի մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին ժամանակ վարչապետը ընդգծեց, որ TRIPP նախագծի եւ արհեստական բանականութեան ծրագրերու իրականացմամբ երկիրը պիտի ապահովէ տնտեսական աճ։
Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոն ալ շնորհաւորեց ընտրութիւններու արդիւնքով Նիկոլ Փաշինեանի արձանագրած յաջողութիւնը։ Ան նշեց, որ ԱՄՆ Հայաստանի կողքին կանգնած է՝ խաղաղութեան ամրապնդման գործին մէջ։