ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐԸ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՆ՝ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻՆ ՅԱՐԻՐ ԲԱՐՁՐ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ

Շիշլի մարզակումբը արդէն եզրափակեց ձմրան շրջանի աշխատանքը։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ակումբը զանազան ճիւղերու մէջ կազմակերպեց դասընթացքներ։ Քաղաքիս վեց տարբեր կէտերուն վրայ տեղի ունեցան դասընթացքները՝ շուրջ 750 փոքրիկ, պատանի կամ երիտասարդ մարզիկի մասնակցութեամբ։

Այս տարուան դասընթացքները բացառիկ նշանակութիւն ունեցան, որովհետեւ զուգադիպեցան ակումբի հիմնադրութեան 100-ամեակի յոբելենական շրջանին։ Դասընթացքներու եզրափակիչ հանդիսութիւնն ալ տեղի ունեցաւ համապատասխան մթնոլորտի մէջ։

Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը երզափակիչ հանդիսութիւնը նախատեսած էր Մխիթարեան վարժարանի պարտէզին մէջ, ուր ստեղծուեցաւ բացառիկ ոգեւորութիւն։ Ակումբի վարչայիններուն առընթեր, նախկին ու ներկայ մարզիկներ ու մարզիչներ ալ մասնակցութիւն բերին դասընթացքներու եզրափակիչ արարողութեան, որու մթնոլորտը համազօր էր մեծ տօնակատարութեան մը։

Ակումբի վարչութեան նախագահ Ալէն Թեքպըչաք հանդիսութեան ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը։ Ան ընդգծեց, որ իր գլխաւորած վարչութիւնը կը ձգտի ակումբին համար ապահովել արդիական ու բազմանպատակ մարզական համալիր մը, որու շնորհիւ բոլոր ճիւղերէ մարզիկները կրնան նոյն երդիքին տակ համախմբուիլ եւ անոնց ընթացքն ալ կարելի կ՚ըլլայ վերահսկել աւելի մօտէն ու նպատակասլաց ձեւով։ Թեքպըչաք համոզուած է, թէ սա պիտի ըլլայ դարաւոր ակումբի համբաւին յարիր մշտական ձեռքբերում մը։

Հաւաքոյթը պատուեց նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու, որ դրուատիքով արտայայտուեցաւ Շիշլի մարզակումբի յարատեւութեան ու կայունութեան մասին։ Պատգամաւորը այս առթիւ ջերմօրէն շնորհաւորեց Շիշլիի մեծ ընտանիքը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2026