ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳ

Երէկ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ՝ աշակերտներու օրհնութեան կարգ, որուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան արքեպիսկոպոս Մաշալեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը: Ըստ վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացին՝ համայնքային կարգ մը վարժարաններու աւարտական դասարաններու սաները համախմբուեցան՝ լիսէներու մտից քննութեան ընդառաջ: Այսպէս, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ համախմբուեցան Մէրամէթճեան, Էսաեան, Արամեան-Ունճեան, Գարակէօզեան, Թարգմանչաց, Գալֆաեան եւ Մխիթարեան վարժարաններու աշակերտները՝ գլխաւորութեամբ իրենց տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն: Բոլորը միասնաբար մասնակցեցան ժամերգութեան, որու ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խօսք ուղղեց իրենց: Նորին Ամենապատուութիւնը շաբաթավերջի կարեւոր քննութեան ընդառաջ յաջողութեան մաղթանքներ եւ օրհնութիւններ փոխանցեց բոլորին՝ մաղթելով, որ Տէրը ուղեցոյց ըլլայ իրենց:

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2026