ՄԻՇՏ ԱԼ ՊԱՏՃԱՌԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԱՅ
Նշան Պէշիկթաշլեան կը հաւատայ, որ հայ իրականութեան մէջ որոշ կուսակցութիւններ ստեղծուած են պարզապէս մէկ այլ կուսակցութեան կարծիքներուն ո՛չ ըսելու։ Նման կուսակցութիւններ մեր օրերուն եւս գոյութիւն ունին եւ զարմանալին ա՛յն է, որ շատ անգամ այլ կուսակցութեան այս կամ այն գաղափարին դէմ արտայայտուելով: Կրնայ ըլլալ երկու տարբեր կուսակցութիւններ որպէս գաղափար ունենան «Ազատ Անկախ Հայաստան» ունենալը, սակայն, միաժամանակ դէմ ըլլալ միւս կուսակցութեան գաղափարին՝ որովհետեւ իրենց երազած «Ազատ Անկախ Հայաստան»ը շատ աւելի ազատ ու անկախ է՝ քան միւսներունը: Օրինակի համար՝ կուսակցութիւն մը թող ծրագրէ հրապարակի վրայ հայկական դրօշ տեղադրել եւ զուգադիպութեամբ մը նոյն հրապարակին վրայ հայկական դրօշ տեղադրելու միտքը թող յղանայ այլ կուսակցութիւն մը. այդտեղ երկուքը միասնութիւն կազմելով այդ նպատակը իրականացնելու փոխարէն՝ կը հակառակին եւ կուսակցութիւններէն մէկը դրօշ տեղադրելու գաղափարը ապազգային կը սկսի նկատել՝ նոյնիսկ «տրամաբանական» պատճառներն ու հիմքերը ներկայացնելով:
Կար ժամանակ, որ կուսակցութիւնները իրենց գոյութիւնը ապահովող հիմնական ողնասիւները ունէին՝ գաղափար, ղեկավարութիւն, շարքայիններ, ուղղութիւն, որոնք ամբողջութիւն կազմելով հաւաքականութեան մը ձգտումները կը պարզէր։ Այսօր, սակայն, կուսակցութիւն ըլլալու համար այդ ամբողջութիւնը պահելը անհրաժեշտ չէ. կայ կուսակցութիւն, որ ունի ղեկավարութիւն, սակայն, չունի շարքայիններ (վերջապէս մենք բոլորս ալ ղեկավարներ ենք՝ գէթ ղեկավար ըլլալու ատակ մարդիկ). կան կուսակցութիւններ, որոնք ունին ղեկավարութիւն, ունին շարքայիններ, սակայն, չունին գաղափարախօսութիւն ու ծրագիր. կան կուսակցութիւններ, որոնք ունին գաղափարախօսութիւն, սակայն, չունին ղեկավարներ ու շարքայիններ եւ եթէ նոյնիսկ ունին, ամբողջովին անտեղեակ են այդ գաղափարախօսութենէն։ Շարքայիններէն այնքան ալ գաղափարախօսութեան իմացութիւն սպասելը խելքի գործ չէ, որովհետեւ մեր օրերուն բարեւ տուողին կուսակցական անդամ ընելու պատրաստ կուսակցութիւններուն թիւը պակաս չէ։ Անշուշտ, անոնք, որոնք այդ բարեւ տուողներն ալ չունին, հո՛գ չէ. «մեզի համար որակն է կարեւորը եւ ո՛չ քանակը» ըսելով կրնան ազատիլ իրավիճակէն: Գուցէ միութիւնը լաւագոյն միջոցն է, որպէսզի այս կամ այն պակասը ունեցող կուսակցութիւնը իր բացը լրացնէ միւսով:
Անշուշտ, ինչքա՜ն շատ կուսակցութիւն՝ այնքան շատ նպատակ ու լոզունգ. բաւարար է ունենալ միւսներէն շա՜տ քիչ մը աւելի «խելք» ունեցող առաջնորդ մը՝ որ գիտէ «այո» եւ «ոչ» ըսել որոշ սկզբունքներու. միւսները պատրաստ են թութակի պէս առանց հասկնալու, առանց վերլուծելու եւ քննարկելու կրկնելու։ Անշուշտ, այդ թութակներուն կողքին կան աւելի վտանգաւորները՝ անոնք, որոնք իրենք զիրենք չէզոք ներկայացնելով հանդերձ՝ որոշ սկզբունքներու եւ գոյնի կը ծառայեն։ Մեր իրականութեան մէջ չէզոքութիւնը եւս կուսակցութիւն դառնալու արժանի բոլոր գիծերը ունի, որովհետեւ մեր չէզոքները իրենց չէզոքութեան կողքին ունին տարբեր գոյներ. միագոյն թութակը շատ աւելի նախընտրելի չէ՞ քան գունաւոր չէզոքը, որ մէկ կուսակցութեան ոտքը առնելով, միւսէն ձեռքը խնդրելով կը փորձէ նոր մը ստեղծել:
Եթէ մեր մէջ կայ երիտասարդ, որ տակաւին կուսակցական կեանքէ հեռու է եւ որոշ հետաքրքրութիւն մը ունի անոնց հանդէպ, թող պահ մը լաւ մտածէ. ներկայիս կուսակցական ըլլալը նման է մանուկներու այն խաղին, որ մի քանի տարբեր իր քով բերելով որոշ կերպարներ կարելի է ստանալ։ Կայ կուսակցութիւն, որ գործ չ՚ըներ, սակայն, լաւ պայքարի եւ կռուի ոգի կը ներշնչէ։ Կայ կուսակցութիւն, որ չի յաջողիր այդ ոգին ներշնչել, սակայն, հրաշալի ձեւով հայ ժողովուրդի ապագան փրկելու համար թղթախաղի երեկոյներ կը կազմակերպէ։ Ուրիշ մը ուժ կու տայ իր շարքերը երիտասարդութեամբ լեցնելով եւ այս մէկը ի նպաստ երիտասարդութեան է.- շատ մը պատանի-երիտասարդներ հակառակ սեռի ներկայացուցիչներու հետ մտերմանալու համար կը դիմեն: Այլ խօսքով՝ կուսակցութիւն ընտրելը կօշիկ ընտրելէ տարբերութիւն մը չունի. կան տարբեր չափեր ու ճաշակներ. տարբեր եղանակներու եւ պայմաններու յարմարուող:
Անշուշտ, ընտրութեան ժամանակ պէտք է նկատի ունենալ, որ բոլորը կատարեալ համոզումով նոյն բանը կը խոստանան. փրկութիւն. բոլորն ալ նոյն փրկութեան հասնիլ կ՚ուզեն, սակայն, տարբեր ճամբաներով եւ նոյնիսկ շատ անգամ իրարու դէմ պայքարելով։ Խելացի մը չի գտնուի՞ր ըսէ. «Եկէ՛ք, քանի նոյն փրկութեան հասնիլ կ՚ուզենք, բոլորով իրարու հետ յառաջանանք»։ Գուցէ աւելի ինքնավստահ ու առողջ ձեւով հասնինք։ Կը կարծենք ո՛չ, որովհետեւ խելացին նման խելացիներուն մէջ ի՞նչ գործ կրնայ ունենալ:
Օր մը Աստուած դարձեալ պիտի որոշէ ջրհեղեղով պատժել մարդկութիւնը եւ այս անգամ Նոյի փոխարէն հայ մը՝ գուցէ Սարգիսը կամ Մուշեղը ընտրէ եւ ըսէ. «Գնա՛, եւ բոլոր կուսակցութիւններէն երկու անդամներ բեր եւ տապանը մտէ՛ք»։ Վա՜յ այն տապանին մէջ գտնուողներուն. ջրհեղեղին չկործանած տապանը հայ կուսակցականները իրե՛նք իրենց ձեռքով կը կործանեն։ Նման տապան մըն ալ Հայաստանն է, որ փրկութեան լոզունգներով դէպի ո՛չ փրկութեան կ՚առաջնորդուի:
•վերջ
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Կեանքի մէջ երջանկութեան հասնելու իրողութիւնը այն է, որ երբ մարդ կարենայ զատորոշել էականը երկրորդականէն, կարեւորը՝ նուազ կարեւորէն:
ԱՆԱՆՈՒՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան