ՁԱՅՆԵՐԸ

Ձայնը մարդու ընկալումներու ամենաազդու ազդակներէն մին է՝ այն աստիճան, որ նոյնիսկ լռութեան կը վերագրէ ձայնի, ձայնային իմաստ մը: Լռութիւնը, եթէ մէկ կողմէ ամբողջական անձայնութիւն մըն է գործնականօրէն, ապա միւս կողմէ այնպիսի զգացում մը կրնայ առթել, թէ կարծես ձայնի տեսակ մը եղած ըլլար: Մարդկային ներաշխարհի թանձրութիւնը ձայներու, աղաղակներու, կանչերու, արձագանգներու հարթակ մը ըլլար կարծես: Տարատեսակ ձայները որքան որ ալ նոյն զգայարանքին՝ ականջին, լսողութեան միջոցաւ հասնին մարդուն՝ իւրաքանչիւրի պարագային շարժման անցած զգացումը կ՚ըլլայ տարբեր: Նուագարանի մեղեդին, մանուկի լացը, ռումբի պայթումը, եկեղեցւոյ զանգի ղօղանջը, տագնապի ազդանշանը…

Կեանքի իւրաքանչիւր երեւոյթին համընկնած ձայն մը կայ աշխարհի վրայ: Մարդ նոյնիսկ վերացական այդ ձայնը կը գտնէ՝ լռութեան կամ առանձնութեան մէջ: Յամենայնդէպս, կան ձայներ, որոնց ընկալումը պատկան զգայարանքէն շատ աւելի հեռուն կրնան երթալ:

«Սիրոյ ամենալաւ բաներէն մին է՝ ճանչնալ տղամարդու մը ոտքի ձայնը աստիճանի վրայ», կ՚ըսէ Քոլէթ:

Շաբաթ, Յունիս 13, 2026