ԴԷՊՔԵՐԷՆ ՄԻՆ. ՌՈՒՄԱՆԻՈՅ ԳԵՐՊՃՆԱԶԱՐԴ ԿԻՆԸ
Ճամբորդական պատահարներն ու դէպքերը, ինքնաբերաբար, աւելի մեծ տարողութեամբ կը դրոշմուին մարդու խղճմտանքին եւ յիշողութեան մէջ, հաւանաբար այն պատճառով, որ ճամբորդական ժամանակը այսպէս ըսած, արտա եւ ընդմիջուած ժամանակ մըն է, որ ինքն իրեն ու մեր միջոցաւ պատրաստուած է ըլլալու սուր եւ խրուող հոգիին մէջ: Մենք կը ձգտինք այդ ժամանակներուն կամ այդ ժամանակները իրենք իրենց կու գան, դժուար է ըսել, բայց կարծեմ կը գիտակցինք, որ հոգիի ու ժամանակի այն ընդլայնումը մեզի կու տան ճամբորդութիւնները, որոնք ապրուածութեան բարձրագոյն վաւերականութեան կը ձգտին ու տեսակ մը կը յաւերժացնեն մեր արարքագործումներն ու ըլլալը:
Եթէ չյիշենք ու յիշատակը չվերածենք ինքնութեան՝ կեանքը խորքագործ, մշակութաբանական ու ոգեղէն չ՚ըլլար, իսկ յիշողութեան դրոշմագործումն ու ապրեցումը, բնականաբար, պէտք է ըլլան պատգամակերտման ու բարոյակերտման հետ: Արդ, որեւէ դէպք եթէ պանծալի է, պայծառական ու կերտիչ, ըլլայ ան մարզական, քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ այլն… երբ կ՚ուսուցանէ եւ տեսակ մը վեհագոյն հենք կու տայ, ուրեմն կայ մեծն «արդարացումը» եւ այդ պարագային դէպքերու համոզումով բանող ընթացագործումը կատարուած կրնայ համարուիլ՝ թէ՛ անհատական եւ թէ հաւաքական իմաստով:
Պայծառակերտում է կեանքը օրուայ վերջը. առաքինի պահեր, զեղումներ, վայելքներ, նուաճումներ բոլորը մեր կողմէն մղելի են հասնելու եսի-մենքի մը, որ այո՛, ինչքան մօտենանք իրեն, հաւանաբար, ան աւելի կը հեռանայ ու կ՚աղօտի, սակայն, միեւնոյն ժամանակ մեզ կը դարձնէ սլացքային ու գեղեցիկ:
Եաշ քաղաքի մէջ, Ռումանիա, բանաստեղծական փառատօնը աւարտած էր ու ես մասնակիցներու վերջին հեռացողներէն մէկն էի։ 7 ժամուան երկար ճամբորդութենէ մը վերջ հասած էի Եաշէն Պուքրէշ՝ առնելու արդէն իսկ 6 ժամ ետք ցանկագրուած թռիչքս դէպի Երեւան: Առտու կանուխ, Եաշի մեր իջեւանած պանդոկէն քալելով հանրաշարժի մօտակայ կայանը գացի։ Քաղաքին հետ ես զիս կը գտնէի քիչ մը կեղծաւոր խաղի մէջ, դատարկ փողոցներուն հրաժեշտի եւ վիպապաշտութեան պատկերներ սարքելով (կարծես տարիներ ապրած էի հոն), բայց, ամէն պարագայի, այդ կերտուող կամ ձեւականացուած ապրումը ներշնչանք կու տար ինծի:
Կեանքի թաւալումը դէպքերուն հետ քայլ պահելով հասկնալու ջանք մըն է, նոյն այդ դէպքերը տեսակ մը անվերջ վերստեղծելով, անհատական վիճակն ու հոգին միշտ ու մշտանորոգ կամքով տեսնելու-ապրելու: Հակառակ որ, անկարելի կը թուի այդ մէկը, քանի թաւալման ու դէպքագործման յաջորդականութիւններն ու վերծանումները գտնելու բանագիտական շարանը մեզ կը տանի ու հասցնէ դէպի մեր ծնունդը, առաջին յայտն ու կայծը: Անոր հետ եւ անկէ վերջ եկած ամէն յաջորդականութիւններու հետ կապել մեր ապրած կեանքի ամէն մէկ դէպքն ու հետեւագործումը, այո՛, արդար է ու ճշտածին, բայց առարկայաբար անհասկնալի է ու տեղ մըն ալ խենթեցնող: Ինչեւէ, ըսել կ՚ուզեմ, որ կը կարծեմ մենք միշտ կանք մեր ամէն ինչով ու մեր անցած ամէն ինչէն կախեալ ենք ու անկախացող ամէն վայրկեան ու տեւաբար:
Քիչ մը տխուր էր, վեց օրուան կեցութենէ վերջ, Եաշին ցտեսութիւն ըսելը եւ խտաբար կուտակուած յիշատակներու պատկերները շողուն տխրութիւն մը կու տային ըստ սովորութեան: Հաւանաբար, այնտեղէն շունչ առաւ ուրուագծային սկիզբը իմ այդ երկուշաբթի օրուան, որ վիպապաշտ ձեւով սկսաւ ու զգացի, որ տեսականօրէն եւ ըստ իմ փորձութիւններուս ու փորձառութիւններուս, թէ շատ հաւանական է օրս տեղ մը պիտի հակազդեցուի ներանձնական կամ դուրսէն աղերսուած-հրաւիրուած հաւաքական եսի մը ցասմամբ կամ տհաճ իրավիճակներ հիւսելով՝ ինչքան ալ կը գիտակցէի, որ պէտք է հեռու պահեմ ես զիս այդ բոլորէն:
Կեանքը՝ տեղ մը մեծ ինքնադատաստանային վիճակներու հաւաքածոյ մըն է նաեւ: Երբ հանրաշարժով կ՚ուղղուէինք Պուքրէշ, ըստ սովորութեան եւ ինչպէս ամէնուն մօտ, հազարումէկ միտք կ՚արշաւէին իմ հետ. ռումանացիներու կենսամակարդակը, Ռումանիոյ քաղաքական, մշակութային, ընկերային վիճակները, համամարդկային համադրութիւններու հենքերը, իմ քով նստողներուն վարքերն ու բարքերը: Ֆիզիքապէս աղջիկներուն-կիներուն հանդէպ քաշողականութիւնը կամ հակակրանքը (որ յաճախ անգլերէն հաճելի մխիթարիչ երգով կը սողոսկի «Ֆրի ֆրոմ տիզայր»՝ երբ չկաս իբրեւ գրաւչութեան ու հմայուելու առարկայ, այլ ազատօրէն կը յանձնուիս արձակուող մշակութաբանական կամ գիտական բերքին):
Ետեւս նստած էր աղջիկ մը՝ մեծ թաթուներով ու անգլիախօս էր, երբ հանրաշարժ բարձրացաւ՝ աչք-աչքի եկանք եւ ճամբան քիչ մըն ալ իր մասին մտածեցի ու պահ մը ըսի ես ինձ․ «խօսիմ հետը, երկար է ճամբորդութիւնը», բայց ետքը ես իմ վրաս խնդացի:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
•շարունակելի…
Երեւան