ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂՏՆԻՔԸ
Երջանկութեան փափաքը սրտին ամենէն ընդոծին զգացումներէն է, բայց, մարդիկ ընդհանրապէս շփոթ գաղափար մը ունին թէ՛ անոր բնութեան, այսինքն անոր ի՛նչ ըլլալուն եւ թէ անոր ծագումին՝ այսինքն ի՛նչ բանէ յառաջ գալուն կամ ի՛նչ բանի մէջ կայանալուն մասին։ Իւրաքանչիւր մարդ՝ որուն մէջ բանականութեան զօրութիւնը արթնցած է արդէն եւ գիտակցութիւնը յստակուած՝ առնուազն, ամէն մարդ, որ ուրիշ խօսքով, սկսած է արդէն «խորհիլ կեանքին վրայ» եւ քիչ շատ հետամտիլ անոր արժէքին, զայն կը ցանկայ։ Ուստի, կեանքի գիտակցութեան բնականաբար կը յաջորդէ երջանկութեան գաղափարը եւ փափա՛քը։
Քանի որ բոլորն ալ՝ հարուստ թէ աղքատ, բարձր դիրքի տէր թէ անշուք եւ համեստ, երեւելի թէ հասարակ, գիտուն թէ համեստ գիտութեան տէր, այս կեանքը կ՚ապրին, կը փափաքին անդադար, առանց գիտնալու սակայն, թէ ո՛ւր է ան եւ ի՛նչ է ան, անոր կը ցանկան եւ կարծես կ՚ապրին երջանիկ ըլլալու համար՝ նպատա՛կ մըն է ան։ Եւ այս պատճառաւ իսկ երջանկութիւնը կը փնտռեն անվերջ։ Սխալ պիտի չըլլար թերեւս ըսել, թէ կեանքը յաճախ ուրիշ բան չի թուիր ըլլալ, եթէ ոչ հեւ ի հեւ խուզարկութիւնը երջանկութեան։
Ուստի, փիլիսոփայութիւն, գիտութիւն, արուեստ, կրօնք եւ ամէն ինչ որ վե՛ր է եւ վեր կը հանէ մարդը Աստուծոյ ստեղծագործութեան մէջ հասարակ արարածներու գիծէն, այդ բոլորը իբր թէ միջոցներ, առարկաներ կամ գործիքներ եղած ըլլային՝ երջանկութեան «գիւտ»ը հեշտ եւ իրական դարձնելու համար։ Մարդուն մտաւորական եւ բարոյական-հոգեւոր կեանքին պատմութիւնը լեցուն է մանրադէպերով, այլաբանութիւններով, առակներով եւ երբեմն վէպի չափ ընդարձակ եւ սրտաշարժ դրուագներով՝ որոնք անիկա կը հաստատեն։
Սակայն, պէտք է անկեղծօրէն խոստովանիլ, որ կատարուած հետազօտութիւնները եթէ ապարդիւն եւ ամուլ կը մնան գրեթէ միշտ, ատոր մեծագոյն պատճառը ա՛յն է ընդհանրապէս, որ կամ զայն կը փնտռուի թերի եւ անբաւարար միջոցներով, կա՛մ՝ հոն՝ ուր չի կրնար գտնուիլ ան երբե՛ք։
Մարդ կը փնտռէ երջանկութիւնը թերի եւ անկատար միջոցներով, կա՛մ սխալ ճամբաներու մէջ, այսինքն զայն գտնելու համար կը կիրարկէ իր կարողութւններուն այս կամ այն մասը միայն. զոր օրինակ՝ կա՛մ զգացումներէ միայն տարուելով եւ կամ լոկ խորհուրդներէ մղուած. ուրիշ խօսքով՝ կ՚երազէ կամ կ՚երեւակայէ միայն զայն եւ կամ կը բաւականանայ խորհրդածելով միայն անոր մասին, այսինքն պիրկ եւ պինդ, ամուր դատումերու փորձարկումներուն կ՚ենթարկէ զայն՝ չոր եւ ցամաք տրամաբանութեան մը ցուցումներով…
Ահաւասի՛կ, այս իսկ պատճառաւ, մարդ կը շփոթէ երջանկութիւնը բարեկացութեան եւ ֆիլիքական կամ ընկերային առաւելութիւններու կամ հաճոյքին հետ, որոնք անցողական առժամանակեայ կացութիւններ են միայն, եւ կամ կ՚որոնէ զայն իր անձէն արտաքոյ պայմաններուն մէջ՝ ուր անկարելի՛ պիտի ըլլար գտնել զայն։ Ուստի, ինչպէս վստահելի իմաստասէրներէ եւ իմաստուններէ ոմանք կ՚ըսեն, եթէ երջանկութիւնը՝ հեռո՜ւ կացութիւն մը ըլլալէ՝ վիճա՛կ մըն է միայն, այսինքն «նպատա՛կ» մը՝ որ կեանք մը կ՚արժէ ինքնին, պէտք է զայն փնտռէ մարդ ո՛չ թէ միայն այս կամ այն կարողութիւններուն, այլ ամբողջ հոգիին լոյսովը միանգամայն, իր սիրտովը, իր միտքովը եւ խիղճովը հաւասարապէս, հոգիին այս երեք մասերուն իրարու վրայ ներգործութեամբ գոյացած ներդաշնակութենէն կամ խաղաղութենէն ծնած զօրութեամբը, որ թէ՛ սէր, թէ՛ համոզում եւ թէ հաւատք է միանգամայն։
Երջանկութիւնը ի՛նչ է գիտէ՞ք, սիրելիներ։
ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ Ա՛ՅՆ Է, ԵՐԲ ԱՄԷՆ ՊԱՀ ԿԸ ԶԳԱՆՔ, ՈՐ ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵՐ ՔՈՎՆ Է։
Այո՛, սիրելինե՜ր, երբ վստահ ենք, աներկբայ, անտարակոյս կը հաւատանք, որ «Տէրը մեր Հովիւն է, մենք բանի մը կարօտութիւնը պիտի չունենանք…», եւ թէ անվտանգ եւ ապահով կ՚ապրինք կեանքը Անոր շնորհիւ, երջանի՛կ ենք…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 13, 2026, Իսթանպուլ