ԻՆՔՆ ԻՐ ԴԷՄ ՊԱՐՏՈՒԱԾ Է

Մէկ տարի մէկ ամիս առաջ, երբ կը հարցնէին ինծի յաջորդ տարուան Ազգային ժողովի ընտրութիւններու հաւանական ելքի մասին, ես առանց տատանելու կը պատասխանէի, որ Նիկոլը առանց խոչընդոտի պիտի յաղթէ:

Ժխտական այս կանխատեսումը կը հիմնաւորէի քաղաքական դաշտի ամայութեամբ, քաղաքական այլընտրանքային մտքի ամլութեամբ եւ, անշուշտ, ահռելի այն միջոցներով (resource), որոնք անոր ձեռքին տակ կան: 

-Պարտուածը չի՛ կրնար յաղթել,- կը հակաճառէին զրուցակիցներս: Իսկ ես անոնց կը բացատրէի, որ պարտութեան նիւթը փակուած է 2021 թուականի ընտրութիւններով: Ան հանրութիւնը համոզած է, որ այդ (44-օրեայ պատերազմի) եւ յաջորդած (Արցախի վերջնական յանձնում, հայաթափում, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներու կորուստ) պարտութիւնները ո՛չ թէ պարտութիւն են՝ դասական իմաստով, այլ աշխարհաքաղաքական խաղերու բաղադրիչ: 

Կարճ կապեմ՝ նշուածները որեւէ կերպով չէին խոչընդոտեր եւ պիտի չխոչընդոտէին անոր սահուն եւ տպաւորիչ յաղթանակը, նոյնիսկ սահմանադրական մեծամասնութիւն ստանալը: 

Բայց, եղաւ 2025 թուականի մայիսի 29-ը եւ ամէն ինչ սկսաւ հակառակ ընթանալ: Նիկոլը ցասկոտ ու վայրագ պատերազմ յայտարարեց Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ դէմ՝ միտքին ամենայետին ծայրով իսկ չանցընելով, թէ կրնայ պարտուիլ: 

Շուրջ ինն ամիս տեւած գռեհիկ, հակասահմանադրական, հակաօրինական պայքարը ո՛չ մէկ արդիւնք տուաւ: Արդիւնք չտուին նաեւ բարձրաստիճան հոգեւորականներու ձերբակալութիւններն ու անոնց դէմ ներկայացուած շինծու մեղադրանքները: Ապարդիւն էին եկեղեցիէն եպիսկոպոսներ քաղելու ջանքերը: Չեմ նշեր այն միւս բաները, որոնց ռուսերէնով կ՚ըսուի՝ մանր, կեղտոտ հնարքներ:

Պարզապէս արձանագրեմ, որ մեծ պարտութիւնները հազիւ մարսած՝ Նիկոլը նոր պատրութիւն սարքեց իր գլխին եւ 2026 թուականի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն մէջ պարտուեցաւ: 

Պարտուեցաւ ինքն իրեն:

Ան իշխանութիւն ունի, բայց, այլեւս կենսունակութիւն չունի: Եւ եթէ փորձէ նոյն ոգիով, նոյն ջերմեռանդութեամբ յարձակիլ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ վրայ, ապա շատ շուտով կը կորսնցնէ նաեւ անկենսունակ այդ իշխանութիւնը: 

Ըսուածը հասկնալու համար դիտեցէք իմ պատրաստած «Հակաեկեղեցական օրացոյց» ֆիլմը, youtube-ի վրայ փնտռելով Factum Documentary Center էջը եւ ապա «Հակաեկեղեցական օրացոյց 2025-2026»: 

ՏԻԳՐԱՆ ՊԱՍԿԵՒԻՉԵԱՆ

Երեւան

(Արեւմտահայերէնի փոխադրուած)

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2026