ԴԷՊՔԵՐԷՆ ԵՐԿՐՈՐԴԸ. ՈՒՔՐԱՆԱՑԻ ԲԺՇԿՈՒՀԻՆ

Ի միջի այլոց, հայերէնի մէջ կայ հետեւեալ հանճարեղ ասացուածքը. «Դուն քու վրադ խնդայ», որ շատ պատգամալից է եւ շատեր չեն խորացած անոր մէջ: «Դուն քու վրադ խնդալը» նոյն անյարմար զգալու կոպտագոյն ձեւերէն մէկն է, որ խորագոյնս արդար է։ Երբ դուն քու վրադ կը խնդաս, արդէն ամենապատժելի վիճակին մէջն ես, ինքնախարազանած ես դուն քեզ եւ մինակ ես բացարձակօրէն դուն քեզ արժեզրկելուն մէջ: Այդ վիճակը ամենաանփափաքելի բաներէն է մարդուս համար եւ երբ կ՚ըսեն՝ հանրային ամօթանք կամ խայտառակութիւն, ուրկէ կը սկսի այդ մէկը, երբ հայերէնով կ՚ըսենք. «Դուն քու վրադ խըն-դայ» կա՛մ «հայելիին նայէ»։ Ասոնք ամենաթունդ վատ մաղթանքներէն կրնան համարուիլ՝ դիմացինին ուղղուած, աւելի մեծ քան «մեռիր» կա՛մ «մուխդ թող մարի»։ Հոն կայ էկոյին խորքն ու հիմնաքարը շարժելու բղաւում, իսկ էկոյի հիմնաքարը գտնելը, զայն յղկելը եւ անոր վրայ կառուցելը մեր ամենամեծ առաքելութիւններէն է:

«Դուն քու վրադ խնդայ»ն ամբողջացնողն է «դուն քեզմէ ամչցիր»ին, որ բարոյական սանդուխ ստեղծլու ամենահաս ու ամենատարածուն նախատինքներէն մին է, վայրկենական տիրակալութեան ձգտող: Երբ սկսիս դուն քեզմէ ամչնալու՝ պարտութիւնդ անբեկանելի կը թուի ու միեւնոյն ատեն էկոյիդ իմաստն ու խնդիրը խալխուած:

*

Եաշէն դէպի Պուքրէշ երկար ճամբորդութիւն էր, իսկ ես նստած էի հանրաշարժին ետեւները ու աւելի դիտարկուող էր շարժն ու իրադրութիւնները քաղելու-հասկնալու կամ նուազագոյնը դիտելու, տրուած կամ ինքնահամոզուած զգացումով մը համեմուած: Զգացումները միշտ ձգտած են բանականացուիլ ինքնաբերաբար կա՛մ մեր իսկ իմացական ջանքով, որոնք միշտ ալ համ ու առաքելութիւն տուած են մեր գոյութեան, խոկումներուն ու իմաստագործութեան: Բանաստեղծութիւնը, հաւանաբար, այդ ջանքերէն մէկուն դրսեւորումն է․ վաւերացնել զգացումը, աստուածացնել ապրումը, հմտագործել զեղումն ու կանչը, վերստեղծել ամէն ապրուած ու չապրուած շերտ, կարօտ, բերկրանք, քաղցր ունայնութիւն ու գրգիռ. ամէն վայրկեան ու գերժամանակով, նոյն ժամանակային սխրանքով: Մենք այդ սխրանքին կը ձգտինք ամէն օր, իսկ բանաստեղծութիւնը մեզ կը մխիթարէ իր արարուածութեամբ ու ջերմախնդութեամբ, համոզելով տխրօրէն անհամոզելին, զոր մենք կրնանք հասնիլ ու ըլլալ միշտ հոն, ուր փափաքած ենք մեր իսկ հոգիի հասկնալի-անհասկնալի հիւսուածագործութեամբ:

Այս միտքերը հետս էին, կային մշտապէս ճամբաներուն վրայ ցանուած, նաեւ մեծ ու փոքր աւանները, գիւղերը, քաղաքները ու ապա փոքրացած հսկայ քաղաքներու լոյսերը՝ երկինքէն օդանաւով դիտուած, տեւաբար կը մխացնէին ներկայի, ըլլալու, գոյաշեշտութեան ու արարուածութեան առաքելութեան շունչը, ոգին, ոճը կամ պարզ զուգադիպութեանց տարօրինակութիւններուն բռնկումներ կու տային:

Երկու տեղ կեցաւ հանրաշարժը. մէկը ընդմիջում, իսկ միւսը՝ փոքրիկ քաղաքի մը մէջ կանգառ, ուր նոր ուղեւորներ իջան ու ելան: Ռումանիան մեծ երկիր կը համարուի ու ինքնաբերաբար ճանապարհային ու ճամբորդական բաղդատականները խուժեցին մէջս, ապրած ու այցելած երկիրներուս։ Հանրաշարժի կայանները, ժողովուրդները, քանակները, հագուածքները, լեզուներու տատանումները, հայեացքներուն ոճը եւ հազար ու մէկ եզրակացութիւններու առիթ կու տար անցն ու դարձը: Ամէն ինչին յետին բացայայտման ծարաւը միշտ կայ ու կայ, իսկ երբ թեթեւ կամ ծանր եզրակացութիւնները փըր-կարարութեան անցնին՝ կը շարունակես տոկալ ու առաջ նայիլ, այլապէս նոյն չյայտնաբերուած յետինն ու ձգտուած անյայտի շարժը-կերպարանագծումը հաւանաբար հալեցնէ քեզ:

Պուքրէշ հասանք։

6 ժամ ունէի թռիչքիս, հանրաշարժը իջեցուց մեզ օդակայան ու մտածեցի, որ քաղաք իջնեմ: Փոխադրամիջոց կար քաղաք տանող ու նստայ այդ մէկը։ Հետաքրքրական էր, որ դիմացս ելաւ երիտասարդ կին մը, երկու որդիներով։ Թէեւ չէի իմանար, թէ ուրտեղէն են, սակայն, չեմ գիտեր ինչո՞ւ, հակառակ ջանքերուս՝ մէջս արթնցաւ թաքուն կարեկցագին փաղաքշանք մը։ Երբ պզտիկ տղուն ժպտացի՝ մայրը կարկանդակ կու տար իրենց եւ ինծի ալ հիւրասիրեց։ Ցնցուած էի, քանի շատ ընդունուած չէր Եւրոպայի մէջ այդ մէկը, անմիջապէս զայն կապեցի թաքուն կարեկցանքիս յայտնման հետ: Միւս զարմանալին այն էր, որ երբ մերժեցի, անգամ մը եւս ստիպեց, փշաքաղուեցայ. արեւելքի մէջ կը պատահին նման բաներ, սակայն հոս… Երբ երկրորդ անգամ հրամցուց, չմերժեցի ու մեր միջեւ սկսաւ զրոյց մը։ Ուքրանացի բժշկուհի մըն էր, թողած էր իր երկիրը երկու որդիներուն հետ, տեսքը ազնուական էր ու խելացի։ Ան բացատրեց, որ կը փափաքի Մայամի ճամբորդել: Ան ինչպէս որ կը բանի միշտ տանջըէւածութեան բաղդատականները ակամայ կամ թեթեւացման կարգով, ես ալ հակիրճ պատմեցի իմ մասիս եւ ըսի, որ Հայաստանէն եմ ու մենք ալ տառապալից պայմաններէ անցած ենք, անոր գումարած, որ Սուրիա ծնած եմ եւ հոն ալ բաւական բան տեսած...

Մարդկային յարաբերութիւնները ինչքան ալ պարզ են ու համակող, միեւնոյն ժամանակ պարագայաբար շատ բարդ են ու շերտաւորուած: Անոնց մէջ շահերէն, ակնկալիքներէն, դասաւորուածութիւններէն բացի, երբ գերբարոյականացման ու ազնուականացման շեշտ մը մտնէ, ինքնաբերաբար, կողմերուն միջեւ վազք մը ծագի՝ աւելի անիրաւուած, տառապած ըլլալու կամ իրաւացիութիւն ունեցողի դիրքեր ու կերպարանագործում իւրացնելու: Անկարելի է համահաւասարօրէն մշակել մարդկային յարաբերութիւն մը, մշտապէս հայցուորի ու հայթայթողի դերաբաշխում մը կը սկսի երկու կողմերուն միջեւ: Այս պարագային, ի հեճուկս մեր՝ հայերուս տառապալից անցեալին եւ մինչեւ իսկ դեռ նոր Ղարաբաղի հակամարտութեամբ մեր հետ պատահածին։ Ես ուքրանացի կնոջ դիմաց կարեկցանք հայթայթողն էի՝ առանց խորանալու մեր հոգեւոր, մտաւոր եւ նիւթական կարողութիւններուն մէջ:

Ինձմէ առաջ իջան անոնք։ Մենք նոյնիսկ փոխանակեցինք «ՈւաթսԱփ»ի թիւեր։ Զարմանալիօրէն տպաւորութեամբս այն դիրքով էի, որ ես եմ «ներուժային օգնողը», հակառակ ո՛չ ամերիկացի էի, ո՛չ ալ անգլիացի..

Անոնց ցտեսութիւնը յուզեց զիս, իսկ ես շարունակեցի դէպի օդակայան։

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

•շարունակելի…

Երեւան

Շաբաթ, Յունիս 20, 2026