ՓՈԽԸՄԲՌՆՄԱՆ ԵՆԹԱԳԵՏԻՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի համաձայնութիւնը համաշխարհային օրակարգը կը զբաղեցնէ առաջնահերթօրէն, Միջին Արեւելքի բաց վէրքերով հանդերձ։ Անցում մը եղած է՝ պատերազմէն դէպի փխրուն խաղաղութիւն։ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան առցանց ստորագրեցին փոխըմբռնման յուշագիրը։ Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շերիֆ յայտարարեց, որ պատերազմը աւարտելու նպատակով ստորագրուած փաստաթուղթը պիտի գործադրուի անմիջապէս՝ Հիւրմիւզի ջրանցքի վերաբացմամբ եւ Իրանի նաւահանգիստներու ԱՄՆ-ի կողմէ շըր-ջափակման անյապաղ դադրեցմամբ։ Ինչպէս Փեզեշքիան, այնպէս ալ Շերիֆ պատմական որակեցին համաձայնութիւնը։
Սպիտակ տան հրապարակած տեսանիւթը ցոյց տուաւ, որ Թրամփ Վերսայի պալատին մէջ, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հիւրընկալած ընթրիքէն առաջ ստորագրեց Իրանի հետ փոխըմբռնման յուշագիրը։ Առաջին փուլին Զուիցերիոյ մէջ նախատեսուած ստորագրման արարողութեան նոյնիսկ նախագահներու մասնակցութիւնը հաւանական էր, սակայն, աւելի վերջ այդ մէկը ընդհանրապէս ջնջուեցաւ։
Պատերազմէն դէպի պայմանաւորուած խաղաղութիւն՝ ի՞նչ կը նախատեսէ այս փոխըմբռնման յուշագիրը։ Մինչ Միջին Արեւելքը ամիսներ շարունակ կ՚ապրէր ռազմական բախումներու, փոխադարձ սպառնալիքներու եւ լայնածաւալ պատերազմի վտանգին տակ, այժմ ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան վրայ։ Թէեւ սա վերջնական բնոյթ մը չունի, սակայն, կը դիտուի իբրեւ առաջին լուրջ քաղաքական շրջանակը, որ կրնայ ճանապարհ հարթել ո՛չ միայն ԱՄՆ-Իրան լարուածութեան մեղմացման, այլեւ ամբողջ տարածաշրջանէն ներս ռազմական գործողութիւններու դադրեցման համար։ Փաստաթուղթը կը ներառէ ռազմական, քաղաքական, տնտեսական եւ միջուկային բնոյթով շարք մը դրոյթներ, որոնց գործադրութիւնը նախատես-ւած է փուլ առ փուլ։ Անոր առանցքային գաղափարը պարզ է՝ անմիջական զինադադար, փոխադարձ զսպուածութիւն, տնտեսական սահմանափակումներու աստիճանական վերացում եւ վերջնական համաձայնութեան հասնելու նպատակով ուղղակի բանակցութիւններու մեկնարկ։ Այս պատճառով ալ փոխըմբռնման յուշագիրը պէտք է դիտել ո՛չ թէ իբրեւ վերջնական խաղաղութեան պայմանագիր մը, այլ՝ որպէս անցումային քաղաքական ճանապարհային քարտէս, որու յաջողութիւնը կամ ձախողումը կրնայ վճռորոշ ազդեցութիւն գործել ո՛չ միայն Իրանի եւ ԱՄՆ-ի յարաբերութիւններուն, այլեւ Լիբանանի, Ծոցի երկիրներու եւ ամբողջ Միջին Արեւելքի ապագայ անվտանգային դասաւորման վրայ։
Միջազգային յառաջատար լրատուամիջոցները իրերայաջորդ բացայայտեցին Ուաշինկթըն-Թեհրան փոխըմբռնման յուշագրին մանրամասնութիւնները։ Ըստ հրապարակուած տեղեկութիւններուն՝ փաստաթուղթի առանցքային կէտերէն մէկը կը նախատեսէ, որ ստորագրումէն անմիջապէս յետոյ Իրան, ԱՄՆ եւ անոնց դաշնակիցները պաշտօնապէս յայտարարեն պատերազմական գործողութիւններու ամբողջական եւ վերջնական դադրեցումը բոլոր ճակատներու վրայ՝ ներառեալ Լիբանանը։ Նոյնպէս, ըստ յուշագրին՝ կողմերն ու անոնց դաշնակիցները կը պարտաւորուին ապագային որեւէ թշնամական գործողութեան չձեռնարկել, զերծ մնալ ուժի կիրառման կամ նման սպառնալիքներէ, ինչպէս նաեւ յարգել փոխադարձ ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ չմիջամտել իրարու ներքին գործերուն։ Ուաշինկթընն ու Թեհրանը համաձայնած են հիմնական շարք մը դրոյթներու գործադրութեան երաշխիքներ ստանալէ ետք անցնիլ ուղղակի եւ պաշտօնական բանակցութիւններու, որոնց նպատակն է վերջնական համաձայնութեան հասնիլ առաւելագոյնը 60 օրուան ընթացքին։ Այս ժամկէտը կրնայ երկարաձգուիլ, իսկ վերջնական փաստաթուղթը ապագային պիտի ներկայացուի ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդին՝ պարտադիր բնոյթով որոշումի մը ձեւը ապահովելու համար։
Ռազմական եւ ծովային բաժիններու մէջ յուշագիրը կը նախատեսէ, որ ստորագրութենէն անմիջապէս ետք ԱՄՆ դադրեցնէ Իրանի դէմ ծովային շրջափակումը եւ կանխէ որեւէ խոչընդոտ կամ միջամտութիւն։ Իրանի կողմէ նախատեսուած է 30 օրուան ընթացքին վերականգնել նաւարկութեան բնականոն ընթացքը՝ հաշուի առնելով առկայ խոչընդոտներու վերացման անհրաժեշտութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, Ուաշինկթըն կը պարտաւորուի վերջնական համաձայնութեան ստորագրումէն ետք 30 օրուան ընթացքին դուրս բերել իր ուժերը՝ մինչ այդ երկու կողմերը կը պահպանեն այժմու իրավիճակը։ Այս շրջանին Իրան պիտի շարունակէ իր ներկայ միջուկային ծրագիրը, իսկ ԱՄՆ նոր պատժամիջոցներ պիտի չկիրարկէ եւ տարածաշրջանին մէջ իր ռազմական ներկայութիւնը պիտի չուժեղացնէ։
Տնտեսական եւ միջուկային բաժիններուն մէջ յուշագիրը կը նախատեսէ փոխադարձ պարտաւորութիւններ եւ լայնածաւալ տնտեսական արտօնութիւններ։ Այսպէս, Ուաշինկթըն կը պարտաւորուի ազատ արձակել Թեհրանի սառեցուած դրամական միջոցներն ու գոյքերը, ինչպէս նաեւ անմիջապէս արտօնութիւններ տրամադրել Իրանի նաւթի, նաւթաքիմիական արտադրանքներու եւ անոնց հետ կապուած դրամատնային ծառայութիւններու դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու կապակցութեամբ։
ԱՄՆ նաեւ համաձայն գտնուած է փուլ առ փուլ վերացնել Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները՝ ըստ այն ժամանակացոյցին, որ պիտի ամրագրուի վերջնական համաձայնութեամբ։ Բաց աստի, Ուաշինկթըն տարածաշրջանի իր գործընկերներուն հետ պիտի համագործակցի՝ Թեհրանի մշակելիք վերականգնման եւ տնտեսական զարգացման ծրագրին։ Այս ուղղութեամբ նախատեսուած է առնուազն 300 միլիառ տոլարի գանձատրում, իսկ գործադրութեան դրութիւնները պիտի ճշդուին նախատեսուած 60 օրուան ընթացքին։
Իրանի կողմէ յուշագիրը վերահաստատած է, որ այս երկիրը երբեք պիտի չարտադրէ միջուկային զէնք՝ մինչ կողմերը համաձայնած են հարստացուած նիւթերու ճակատագրին եւ միջուկային թղթածրարին վերաբերեալ մնացեալ հարցերուն անդրադառնալ վերջնական համաձայնութեան շրջագծին մէջ։
Միջազգային լրատուամիջոցներու հրապարակած այս մանրամասնութիւններուն համահունչ եղած են նաեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի յայտարարութիւնները։
Այժմէական հարցում մըն է, թէ պատերազմէն ետք վէրքերը տակաւին երկար պիտի մնա՞ն… Անգամ մը եւս Միջին Արեւելքը դէմ յանդիման մնաց պատերազմի եւ խաղաղութեան միջեւ անորոշութեան։ Թէեւ Իրանի շուրջ բռնկած լայն պատերազմն ու համապատասխան տագանապը, ըստ երեւոյթին, կը շարժին դէպի հանգուցալուծում, սակայն, վախը, կորուստները, տեղահանութիւնները եւ անորոշութեան զգացումը արդէն իսկ խոր հետք ձգած են միլիոնաւոր մարդոց կեանքին վրայ։ Ամենէն մտահոգիչն է, որ առաջին օրերուն անտանելի ու ցնցիչ թուացեալը աստիճանաբար վերածուեցաւ առօրեայի մէկ մասը։ «Մարդ շատ սպանութիւն կրնայ տանիլ», նշած է ամերիկացի գրող Ֆրանք Մըքքորթ։ Սա դառն իրականութիւն մըն է, որ կը խօսի մարդկային դիմադրունակութեան մասին, բայց, նաեւ կը յուշէ, թէ որքան արագ կարելի է ընտելանալ բռնութեան։ Իրանի պատերազմը այս իրողութեան ամենացայտուն օրինակներէն մին էր։ Ամիսներ շարունակ տարածաշրջանը ապրեցաւ օդային հարուածներու, փոխադարձ սպառնալիքներու եւ անընդհատ յայտարարուած, բայց չիրականացուած հրադադարներու մթնոլորտին մէջ։
Այսօր խաղաղութեան համաձայնութեան մասին կը խօսուի եւ անոր համար կարելի է շնորհակալ ըլլալ։ Սակայն, այս համաձայնութեան նախորդած համաձայնութիւնները դժուար է անտեսել։ Տարածաշրջանը տեսաւ ԱՄՆ-ի հարուածները Իրանի դէմ, բախումներ նաւթային ենթակառուցուածքներու շուրջ, Հիւրմիւզի ջրանցքի փակումը, տնտեսական ցնցումներ եւ նոր անվտանգային տագնապներ։ Նոյնիսկ այն պահերուն, երբ խաղաղութեան մասին յայտարարութիւններ կ՚ըլլային, մարդիկ կը շարունակէին վճարել պատերազմի գինը։ Իրանի փոխադարձ գործողութիւնները հասան Յորդանան, Քուէյթ եւ Պահրէյն, աւելին՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Սէուտական Արաբիան եւ Քաթարը եւս ենթարկուեցան հարուածներու։ Մարդիկ կորսնցուցին իրենց կեանքը, ենթակառուցուածքներ աւերուեցան, իսկ տարիներու ընթացքին ձեւաւորուած ապահովութեան զգացումը սաստկօրէն խոցուեցաւ։
Քաղաքական համակարգերն ու տնտեսութիւնները կարծես կը շարունակեն գոյատեւել կիսատ վիճակի մը մէջ, ուր բնականոն կեանքը երբեմն կը վերադառնայ, յետոյ դարձեալ կը խափանուի նոր լարուածութիւններու պատճառով։ Մշտական սպառնալիքը՝ նոր հրթիռներու, անօդաչու սարքերու կամ աւելի լայն պատերազմական գործողութիւններու, դարձած է առօրեայի մէկ մասը։ Բայց, տնտեսական վնասէն անդին կան աւելի խոր հետեւանքներ։ Միլիոնաւոր մարդիկ ապրեցան պատերազմի հոգեբանական ցնցումը, անորոշութեան պայմաններու մէջ վերաձեւաւորուեցան անոնց անձնական, մասնագիտական եւ տնտեսական օրակարգերը։ Տարածաշրջանի բնակիչները ստիպուեցան յարմարիլ իրականութեան մը, ուր խաղաղութիւնը այլեւս յստակ վիճակ մը չէ, այլ փխրուն եւ մշտապէս փորձութեան ենթակայ պայմանաւորուածութիւն։
Այս նոր իրականութեան համար նոյնիսկ նոր բառապաշար մը ձեւաւորուեցաւ։ Հրադադարները կը նկարագրուին՝ որպէս փխրուն, ժամանակաւոր, փորձութեան ենթակայ կամ վտանգուած՝ մինչդեռ հրթիռները, սպանութիւնները եւ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին։ Պատերազմի եւ խաղաղութեան միջեւ սահմանները կարծես մշուշոտ դարձած են։
Ամենամեծ վտանգն է, որ երկարատեւ հակամարտութիւնները նոր իրողութիւններ կը ստեղծեն։ Տարածքներու գրաւումներ, տեղահանուած բնակչութիւններ, փոխուած քաղաքական հաշուարկներ եւ հակադրեալ շահեր՝ բոլորը կը դժուարացնեն նախկին իրավիճակին վերադառնալը։ Այս պատճառով ալ խաղաղութեան համաձայնագիր մը ստորագրելը ինքնին բաւարար չէ։
Կը հաղորդուի, որ ԱՄՆ ընթացք չէ տուած Իսրայէլի խնդրանքին՝ փաստաթուղթի բովանդակութեան նախապէս ծանօթանալու համար։ ԱՄՆ-ի փոխ-նախագահ Ճէյմս Տէյվիտ Վենս հաստատեց, որ Իրանի հետ համաձայնութիւնը կը ներառէ Իսրայէլը, Լիբանանն ու Պարսից ծոցի երկիրները։ Յամենայնդէպս, Իսրայէլ յայտնած է, որ դուրս պիտի չբերէ իր զօրքերը Լիբանանէն։ Փոխըմբռնման յուշագիրը կը բաղկանայ 14 կէտէ։ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէ, որ կը պատրաստուի Ուաշիկնթըն այցելել, համոզուած է, թէ Հիւրմիւզի նեղուցի բացումը մեծ յառաջընթաց է։ Իր կարգին, Թրամփ հաստատած է, որ ԱՄՆ որոշ պահու մը մէջ պէտք է վերադարձնէ Իրանի սառեցեալ գումարները։ Ըստ իրեն՝ Իսրայէլ մեղմ դիրքորոշում պէտք է որդեգրէ Լիբանանի հարցին շուրջ։ Ան անարդար կը համարէ այն պահանջը, թէ Իրան պալիսթիք հրթիռներ պէտք չէ ունենայ։ Իր կարգին, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինն ալ ողջունեց ԱՄՆ-Իրան համաձայնութիւնը։ Ամերիկեան կողմը արդէն դադրեցուցած է Իրանի նաւահանգիսներու ծովէն շրջափակումը։ Իսկ Փեզեշքիան բարձր գնահատած է Քաթարի դերը՝ ԱՄՆ-ի հետ հաստատուած համաձայնութեան ճանապարհին։
Լիբանանի պարագային տեղահանուած միլիոնաւոր քաղաքացիներուն վերադարձը եւ վերականգնումը մէկ օրէն միւսը պիտի չկատարուի։ Կազզէն տակաւին բաց վէրք մըն է։ Իրան կը շարունակէ պահել տարածաշրջանային եւ համաշխարհային տնտեսութեան վրայ ազդելու կարողութիւնը՝ մինչ արաբական երկիրները մատնուած են անվստահութեան եւ սպասումի վիճակի։
Եւ մինչ աշխարհ կը սպասէ բանական լուծումներու՝ երբեմն ամենաանհաւասարակշիռ դերակատարներէն, մարդիկ կը շարունակեն իրենց կեանքը ապրելու փորձը։ Որովհետեւ, պատերազմը որքան ալ սարսափելի ըլլայ, ժամանակի ընթացքին կրնայ վերածուիլ սովորական երեւոյթի։
Եւ թերեւս այդ է այս ամբողջ ողբերգութեան ամենէն ծանր հետեւանքը։ Ո՛չ միայն այն, որ մարդիկ կը զոհուին, այլեւ այն, որ մարդ արարածը, ի վերջոյ, կը սորվի ապրիլ այն իրականութեան հետ, որեւէ կերպով պէտք չէ բնական դառնայ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան