ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ
«Ապրի՛ս, բարի եւ հաւատարի՛մ ծառայ, քանի այդ փոքրիկ գումարը շահարկելու մէջ հաւատարիմ գտնուեցար, քեզ աւելի մեծ գործերու պատասխանատու պիտի կարգեմ։ Դո՛ւն ալ եկուր եւ մասնակից եղիր տիրոջդ ուրախութեան». (ՄԱՏԹ. ԻԵ 23)։
Կը պատմուի, թէ փոթորկոտ գիշեր մը, տարեց զոյգ մը կը մտնեն պզտիկ պանդոկ մը՝ իջեւանելու։ Երիտասարդ պաշտօնեան կ՚ըսէ, թէ տեղ չունին, ինչպէս լեցուն էին մեծ քաղաքին մնացեալ պանդոկներն ալ։ «Սակայն», կ՚աւելցնէ ան, «չեմ կրնար ձեզի նման լաւ, համակրելի զոյգ մը դուրս ձգել՝ անձրեւին տակ։ Կ՚ուզէ՞ք իմ սենեակս պառկիլ», հարցուց երիտասարդ պաշտօնեան։
Տարեց զոյգը նախ երկմտեցաւ, ապա պաշտօնեային պնդումով ընդունեց առաջարկը։
Յաջորդ առաւօտ երբ մարդը վճարումը կ՚ընէր, ըսաւ. «Քեզի նման անձ մը պէտք է երկրին լաւագոյն պանդոկին մէջ՝ տնօրէնը ըլլայ այդ պանդոկին։ Օր մը քեզի համար այդպիսի պանդոկ մը պիտի շինեմ»։
Պաշտօնեան քաղաքավարութեամբ ժպտեցաւ…
Քանի մը տարի վերջ պաշտօնեան նամակ մը ստացաւ։ Նամակը ղրկած էր տարեց անձը՝ որու մէջ կը յիշէր փոթորկոտ գիշերը եւ զինք կը հրաւիրէր իր քաղաքը։ Ան ներփակած էր նաեւ երթ ու դարձի տոմս մը։
Երբ երիտասարդ պաշտօնեան հասաւ, հիւրընկալը զինք տարաւ մեծ պողոտայի մը անկիւնը՝ ուր կար սքանչելի՜ նոր շէնք մը։ «Այս», բացատրեց տարեց անձը. «այն պանդոկն է, որ շինած եմ, որպէսզի դուն անոր տնօրէնութիւնը ստանձնես»։
Այս տարեց անձը Wiliam Waldorf Astor-ն էր, եւ պանդոկը՝ առաջին «Waldorf Astoria»ն։
Իսկ երիտսարդ պաշտօնեան՝ George Charles Boldt պանդոկին առաջին պաշտօնեան եղաւ…
Ուստի, կեանքը Աւետարանական ճշմարտութիւններուն ցոլացումներով լեցուն է։ Երբեք պէտք չէ անտեսել այդ ցոլացումները։ Չթերագնահատենք Յիսուսի համար եղած որեւէ բան, քանի որ Ան ամենատես է. ամէն բան կը տեսնէ։ Պզտիկ բաներու մէջ յարատեւ ծառայութիւններու վարձատրութիւնը Աստուծոյ համար աւելի մեծ ծառայութեան կանչուիլն է։
Մարդիկ իրենց գանձերը կը պահեն ընդհանրապէս ամենէն ապահով եւ ամուր, արդիական միջոցներով օժտուած դրամարկղներու մէջ։ Աստուած Իր սրբազան Խօսքը կը յայտնէ բնութեան մէջ անվթար. աւելի քան 2000 տարի։ Անհաշուելի հարստութիւն, սակայն, յաւիտենական ազդեցութիւն ունեցող եւ նոյնինքն ճշմարտութիւն եղող Աստուածաշունչ մատեանի մասնիկ՝ մարգարէական ճշմարտութիւններ եւ Աստուծոյ ողորմութիւնը, գութը եւ ներողամտութիւնը, երկայնամտութիւնը մարդուն հանդէպ պարունակող խօսքեր…
«Տէր Աստուած ինծի պիտի օգնէ, ո՞վ է անիկա որ զիս յանցաւոր պիտի հանէ». (ԵՍԱՅԻ. Ծ 9)։ «Իմ հոգիս իմ Աստուածովս պիտի ուրախանայ, քանի որ ինծի փրկութեան հանդերձներ հագցուց…». (ԵՍԱՅԻ. Կ 10)։
Աստուածաշունչի իւրաքանչիւր խօսք ճշմարտութեան մարմնացո՛ւմն է, որոնք մխիթարութիւն են մարդուն բոլոր նեղ պահերուն եւ նաեւ զօրութիւն՝ դժուարութիւններու հանդէպ, բա՛ւ է, որ հաւատարիմ մնանք Խօսքին եւ երբեք չտարակուսի՛նք…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 20, 2026, Իսթանպուլ