ԻՍՔԵՆՏԷՐՈՒՆԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՒ ՅԱՐԱԿԻՑ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒ ՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐԸ ՄԻՇՏ ՀՐԱՏԱՊ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Իսքենտէրունի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Եուսուֆ Թապաշեանը։ Ներկայ էր նաեւ գաւառի համայնքներու տեսուչ Տ. Աւետիս քհնյ. Թապաշեան։
Զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Իսքենտէրունի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ եւ յարակից կալուածներու վերանորոգութեան հրատապ խնդիրը։
Պատրիարքարանի Գնալը կղզիի ամարանոցին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ Եուսուֆ Թապաշեան կարծիքներ փոխանակեցին վերջին կացութեան շուրջ։ Անոնք նկատի առին, որ եկեղեցին ու յարակից շինութիւնները երկրաշարժէն վնասուած են լրջօրէն, իսկ նորոգութեան աշխատանքներու սկիզբին համար կը սպասուի խոստացուած պետական աջակցութեան եւ անհրաժեշտ արտօնութիւններուն։ Թէեւ ընդհանուր պիւտճէն շուրջ տասնապատիկն է՝ պետութեան կողմէ խոստացուած նպաստին, սակայն, աշխատանքներուն մեկնարկելու տեսակէտէ այդ միջոցը կրնայ դառնալ գործնական խթան մը։
Նորին Ամենապատուութիւնը դիտել տուաւ, որ պետութիւնն ալ ունի սահմանափակ կարելիութիւններ, սակայն, գործին սկիզբ մը ապահովելու տեսակէտէ անոր խոստացած ներդրումը կը նկատուի յատկանշական։ Ան դիտել տուաւ, որ պիւտճէի ամբողջականացման համար պիտի ջանայ զօրակցութեան մթնոլորտ մը ստեղծել՝ համայնքային հաստատութիւններու, բարերարներու եւ արտասահմանի հիմնադրամներու ներգրաւմամբ։
Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յորդորեց պատրաստել մանրամասն ծրագիր մը՝ հանրութեան ներկայացնելու համար զօրակցութեան որոնման այս գործընթացին բոլոր նրբութիւնները եւ աշխատանքները աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու առաջադրութեամբ։