ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՀԱՅԵՐՈՒ ԽՆՋՈՅՔԻ ՍՐԱՀՆԵՐԸ՝ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԴԻՄԱԴՐՈՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԱՅՐԵՐ
«Լոս Անճելըս Թայմզ» («Los Angeles Times») պարբերականը հրապարակած է ծաւալուն յօդուած մը՝ նուիրուած Լոս Անճելըսի հայկական հարուստ աւանդութիւններուն եւ հանդիսութիւններու իւրայատուկ մշակոյթին։ Յօդուածի հեղինակն է՝ ամերիկաբնակ ծանօթ լրագրող Անի Տուզտապանեան, իսկ յօդուածին կցուած տպաւորիչ լուսանկարներու հեղինակը՝ Արմէն Քէլէշեան։
Հրապարակման մէջ կը նշուի, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէ ներս մինչեւ 500 հիւր հաւաքող հայկական հարսանիքներու եւ մեծ հանդիսութիւններու կազմակերպումը ուրոյն մշակութային երեւոյթ մըն է։ Յօդուածագիրը կը հաստատէ, որ 1980-ական թուականներուն Հոլիվուտի մէջ ծնունդ առած այս սրահները, որոնք սկիզբը նորեկ գաղթականներու համար ծառայած են որպէս կենսական տեղեկատուական կեդրոններ եւ աշխատանքի առաջին վայրեր, տարիներու ընթացքին վերածուած են իսկական մշակութային հանգրուաններու։ Այսօր հայկական խնջոյքի աւանդական սեղանը հետաքրքրականօրէն վերաձեւաւորուած է․ աւանդական խորովածի ու «չի քէօֆթէ»ի կողքին, իրենց տեղը գտած են սուշիի նաւակներն ու նորաձեւ խորտիկները, որոնք կը գրաւեն նաեւ ոչ-հայ յաճախորդներու ուշադրութիւնը։
Ի վերջոյ, ինչպէս յօդուածին մէջ կը շեշտուի, հայկական հանդիսութիւններու սրահները ո՛չ միայն շքեղութեան եւ հիւրասիրութեան խորհրդանիշ են, այլեւ հայրենիքէն հեռու ապրող համայնքի դիմադրողականութեան, հաւաքական կեանքի եւ ինքնութեան պահպանման ամենավառ արտայայտութիւնը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Անի Տուզտապանեանի անգլերէն յօդուածը՝ արեւմտահայերէնի թարգմանուած։
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽՆՋՈՅՔՆԵՐՈՒ ՍՐԱՀՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ,
ՈՒՐ ՁԿՆԿԻԹԸ ԿԸ ՀՈՍԻ ԵՒ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ ԵՐԲԵՔ ՉԻ ԴԱԴՐԻՐ
Լոս Անճելըսի հայկական խնջոյքներու սրահները կը հիւրընկալեն շքեղ հաւաքոյթներ՝ ձկնկիթով, սննդամթերքի բեռնակառքերով եւ շուրջ 60 սանթիմեթր երկարութեամբ խորովածի շամփուրներով, որոնք կենդանի կը պահեն տօնակատարութեան աւանդութիւնները։
1980-ական թուականներուն, Հոլիվուտի մէջ, ծնունդ առած այս սրահները, որոնք սկիզբը նոր գաղթականներու համար հաւաքավայրեր էին, վերածուեցան մշակութային կեդրոններու։
Աւանդական հայկական խնջոյքի սեղանը վերաձեւաւորուած է․ սուշիի նաւակները, պաոն (bao) եւ կարիտոսով սեւիչէի (shrimp ceviche) դգալները՝ աւանդութիւնները կը վերածեն նորաձեւ ճաշացուցակներու, որոնք կը գրաւեն Լոս Անճելըսի բնակիչները՝ գաղութի սահմաններէն դուրս ալ։
Շաբաթ օր մը, երեկոյեան ժամը 6-ն է, եւ շքեղ ինքնաշարժներու շարասիւնը՝ ընկերակցութեամբ ոստիկանական չորս մոթոսիքլեթներու, կը շարուի Միշըն Հիլզի «Landmark Venue»ի առջեւ։ Ասիկա պաշտօնական դիւանագիտական պատուիրակութիւն մը չէ, այլ հայկական հարսանիք մը, որ խնջոյքին կը ժամանէ Պըրպենքի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած պսակադրութեան արարողութենէն ետք։ Նորապսակները՝ Նելլի Նազարեան եւ Սահակ Տէր-Սահակեան, դանդաղօրէն դուրս կու գան ճերմակ «Ռոլս-Ռոյս» ինքնաշարժէ մը եւ կարմիր գորգի վրայէն կը մտնեն սրահ՝ ջութակի կենդանի կատարումի ընկերակցութեամբ։
Ներսը սեղանները զարդարուած են հազարաւոր մոմերով եւ բարձր ծաղկամաններու մէջ տեղաւորուած ճերմակ վարդերու ծով փունջերով, որոնք կը հասնին մինչեւ 25 ոտնաչափ բարձրութեամբ առաստաղը՝ պարուրուած մարգարիտներով եւ ճենողկուզուկ ծաղիկներով։
«Չի քէօֆթէ»ի պնակները՝ լեցուած ձաւարով, բուրաւէտ խոտերով ու համեմունքներով շաղուած իւղազերծ հում միսով, կողք-կողքի դրուած են այնքան ձկնկիթի հետ, որ կը բաւէ 450 հիւրերու համար կոլֆի գնդակի չափով բաժիններ ապահովելու։ Իսկ ետեւի մասը, երկու խոհարարներ կը պատրաստեն երկու ոտնաչափ երկարութեամբ խորոված․ խոզի, տաւարի, հաւու եւ գառան միսի հարիւրաւոր շամփուրները երբեմն կ՚երեւան կրակարաններու ծուխին մէջէն։
«Ես միշտ ուզած եմ մեծ հարսանիք մը ունենալ։ Որպէս հայեր, կարեւոր է աւանդութիւնները կենդանի պահելը։ Մենք նաեւ ուզեցինք որոշ նորութիւններ ընել, որպէսզի բոլոր սերունդներու մեր հիւրերը կարենան վայելել զայն», կ՚ըսէ Նազարեան։
Ասոնց նման խնջոյքները Լոս Անճելըսի ամերիկահայ մշակոյթի մէկ մասն են եւ անոնց հիմքը հայկական խնջոյքի սրահն է՝ ստեղծուած այնպիսի համայնքի մը համար, որ կը գնահատէ չափազանց մեծ տօնակատարութիւնները` հարիւրաւոր հիւրերով, շքեղ ձեւաւորումով, հսկայական պարահրապարակներով, ծանօթ երգիչներով ու երաժշտավարներով, ինչպէս նաեւ՝ առատօրէն հոսող գինիով եւ ուտելիքներով ծանրաբեռնուած սեղաններով։
Անցեալ քառասուն տարիներուն ընթացքին խնջոյքներու սրահները զարգացած են՝ որդեգրելով բազմերանգ Լոս Անճելըսի աւելի լայն շրջանակը, ներառեալ դեռահասներու տասնհինգամեակի տօնակատարութիւնները, հրէական տղայի կամ աղջկան կրօնական չափահասութեան տարիքին հասնելու տօնը, առանց ոգելից ըմպելիներու «սուրճի հաւաքոյթները»՝ ընդլայնելով հիւրասիրութեան հաւաքական գաղափարը, խոհարարական մտայղացումները եւ հաւաքոյթներու կարեւորութիւնը։
«Խնջոյքներու սրահներու ամենակարեւոր փոփոխութիւնը ամենադիւրին պատկերացուողն է», կ՚ըսէ «Անուշ» սնունդի կազմակերպման ընկերութեան եւ «Լոս Անճելըս Պենքուէթս»ի (L.A. Banquets) գլխաւոր տնօրէն Վրէժ Սարգիսեան եւ կը շարունակէ. «Դուք կրնաք զայն տեսնել սեղանին վրայ»։
Ուտելիքը հետզհետէ աւելի շքեղ ու բազմազան կը դառնայ, նաեւ որոշ նոր աւանդութիւններ փոխարինած են հիները։ Նորապսակներուն ընդունելութեան ժամանակ սուշիի նաւակներն ու կարիտոսի սեւիչէի դգալները կը փոխարինեն թապուլէն՝ մանր ձաւարով եւ ազատգեղ-սոխով աղցանը։ Կէսգիշերին, աւանդական լոլիկով ձուածեղի փոխարէն՝ նախատեսուած այն հիւրերուն համար, որոնք կ՚ուզեն սթափիլ չափազանց շատ օղի խմելէ ետք, սննդամթերքի բեռնակառքերը կը շարուին խնջոյքի սրահին առջեւ՝ մատուցելով փիցցա, համպուրկեր եւ պաղպաղակ։
Առաջին հայկական խնջոյքի սրահները բացուեցան Հոլիվուտի մէջ 1980-ական թուականներու վերջաւորութեան, իսկ աւելի ուշ տարածուեցան Կլենտէյլ, Պըրպենք, Նորթ Հոլիվուտ, Փասատինա եւ Լոս Անճելըսի այլ շրջաններ, ինչպէս որ տարածուեցաւ ամերիկահայ համայնքը։
Արմատաւորուած ըլլալով համայնքի եւ դիմադրողականութեան մէջ, Լոս Անճելըսէ ներս առաջին անգամ հիմնուած խնջոյքներու սրահները դարձան տեղեկատուական կեդրոններ այն գաղթականներուն համար, որոնք կը դիմագրաւէին իրենց նոր տան մարտահրաւէրները։ Խնջոյքներու սրահները այն վայրերն էին, ուր կարելի էր կապոց մը, ծանրոց մը ձգել՝ օդակայան հասցնելու համար, կամ ուր նորեկ հայերը կրնային տեղեկութիւններ ստանալ պետական օժանդակութեան աղբիւրներու մասին։ Թէեւ այս վայրերուն մեծ մասը անկախ ձեռնարկութիւններ են, որոշ սրահներ կապուած են եկեղեցիներու հետ. ինչպէս՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ «Ռայմընտ եւ Անի Գույումճեան» սրահը, կամ Սրբոց Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ «Գալայճեան» խնջոյքներու սրահն ու մշակութային կեդրոնը։
Խնջոյքներու սրահները յաճախ շատ մը գաղթականներու ընձեռած են իրենց առաջին աշխատանքը։ Ոմանք իրենց հայրենի երկիրներուն մէջ գիտութեան եւ կրթութեան ոլորտի վկայականներ ունէին եւ զգայուն էին նոր իրականութեան հանդէպ։ Սարգիսեան, որուն ընտանիքը հիմնած է Լոս Անճելըսի առաջին խնջոյքի սրահներէն մէկը, կը յիշէ, որ իր հայրը կը գործէր որպէս բարեկամ եւ խորհրդատու բազմաթիւ գաղթականներու համար, որոնք կը տառապէին «ծայրայեղ մշակութային հարուածէ»։ «Այդ վերսկսումը շատ դժուար անցաւ եւ հայրս բազմաթիւներ առաջնորդեց, օգնելով անոնց հիմնել ձեռնարկութիւններ, կազմել կամ կապուիլ ընտանիքներու հետ, շարունակել կրթութիւնը եւ հայթայթել բազմաթիւ այլ միջոցներ», կ՚ըսէ Սարգիսեան։
Սարգիսեան կը տնօրինէ «Անուշ»ը, որ սկիզբը ծանօթ էր որպէս «Անուշ խնջոյքի սրահ»։ Հիմնադրուած իր հօր՝ Սեպուհ Սարգիսեանի կողմէ 1986-ին, այն նախապէս կը գտնուէր Հոլիվուտի Սանսէթ եւ Հարուըրտ փողոցներու անկիւնը։ Սկիզբէն ի վեր, Սեպուհը, իր կինն ու երեք որդիները ներգրաւուած էին գործի բոլոր մանրամասնութիւններուն մէջ՝ կահոյք տեղափոխելէն մինչեւ աման լուալ եւ ձեռնարկներու ընթացքին որպէս ձայնասկաւառակավար (DJ) վերջին նուագները հնչեցնելը։
Յաջորդ երեք տասնամեակներուն ընթացքին «Անուշ»ը ընդլայնեցաւ՝ հասնելով եւս եօթ վայրերու Կլենտէյլի, Նորթ Հոլիվուտի եւ Միշըն Հիլզի մէջ՝ որպէս խնջոյքներու սրահ եւ սնունդի կազմակերպման ընկերութիւն։ Հիմա, «Anoush Catering & L.A. Banquets»ը ունի երկու վայր՝ «Gleonaks Anoush»ը եւ «Landmark»ը։ «Ուտելիքը կը լրացնէ մեր տօնելու նախասիրած ձեւը։ Երաժշտութիւնը կը հնչէ, մարդիկ կը պարեն եւ ուտելիքը միշտ սեղանին վրայ է։ Դուն 30 վայրկեան ետք կենաց կը խմես քեռիիդ կամ հօրեղբօրդ հետ, քիչ ետք կը պարես ուրիշի մը հետ, իսկ համով ուտելիքը դեռ հոն է», կ՚ըսէ Սարգիսեան։
Ուտելիքը միշտ եղած է հայկական տօնակատարութիւններու կեդրոնը․ որպէս փոքրամասնութեան համայնք, որ կ՚ապրի հայրենիքէն հեռու, ատիկա վիշտի պահերուն հոգատարութիւն ցուցաբերելու ձեւ մըն է եւ բաժնուելու ու խրախճանքի գերագոյն արտայայտութիւնը։
Ուտելիքով լեցուն սեղանները, ուրախ բաժակաճառերը եւ խրախճանքի հանդէպ անկեղծ սէրը ժողովրդական դարձան նաեւ ոչ-հայ յաճախորդներուն մօտ։ Գրաւչութիւնը ո՛չ միայն ուտելիքի տեսականիի բազմազանութիւնն էր, այլեւ եզակի մթնոլորտը․ հիւրերը ամբողջ գիշերը կը պարեն կենդանի կատարումներու ներքոյ՝ երբեմն դադար առնելով թարմ մատուցուող խորովածի համար․ երեխաները կը քնանան աթոռներուն վրայ՝ բնաւ չմտահոգուելով երաժշտութենէն եւ միասնական երգեցողութենէն․ մեծ մայրերն ու տարեց քեռիները կամ հօրեղբայրները կը քննարկեն իրենց ընտանիքներու վերջին նորութիւնները՝ սեւ սուրճի գաւաթներու շուրջ։
Կլենտէյլի «Վերթիկօ Իվենթ Վենիու»ին մէջ 250 հիւրերով հարսանիքի մը համար, խոհանոցի խումբի առնուազն չորս անդամներ կ՚աշխատին 70-էն 80 ժամ՝ ձեռնարկը պատրաստելու եւ իրականացնելու համար։
Ուտելիքը սովորաբար կը մատուցուի ընտանեկան ոճով՝ մինչեւ քսան պաղ եւ տաք տեսակի խորտիկներ՝ թացաններ, աղցաններ, շերտաւոր խմորով պէօրէկներ, պանիրներ եւ ապխտած միսեր։ Անոնց կը յաջորդեն երկուքէն երեք գլխաւոր ճաշատեսակներ. ինչպէս՝ ձուկի խորոված՝ հողկիթով, հաւու միս՝ եղինձով եւ, անշուշտ, խորոված՝ աւանդական հայկական կրակով եփած միսը։
1970-ական թուականներու վերջաւորութեան, Հայաստանի յայտնի ճաշարաններու խոհարարները մեկնեցան միջազգային խոհարարական ցուցահանդէսներու՝ Ֆրանսա, Յունաստան եւ արաբական որոշ երկիրներ ու որդեգրեցին նորարարութիւններ։ Ասկէ առաջ ալ անոնց ճաշացուցակները արդէն հարստացած էին այն համեմունքներով ու համերով, որոնք շատեր բերած էին Եւրոպայէն, Միջին Արեւելքէն եւ ԱՄՆ-էն՝ 1940-ականներուն Խորհրդային Միութեան կազմակերպած հայրենադարձութեան ժամանակ։
«Ասիկա ստեղծեց այս սիրուած ուտեստներու իւրայատուկ խառնուրդ-շքասեղան (պուֆէ) մը, ինչ որ մենք բոլորը մէկտեղեցինք», կ՚ըսէ «Վերթիկօ»ի համասեփականատէր Մայքըլ Քէշիշեան ու կը շարունակէ. «Եւ երբ մենք եկանք Միացեալ Նահանգներ, այդ պուֆէն մեզի հետ բերինք։ Ինչ-որ ձեւով, յունական, ռուսական, հայկական, կիսալիբանանեան այս ուտեստներու խառնուրդները յայտնուեցան մեր սեղանին վրայ, ներառեալ յունական պանիրները, ձիթապտուղները, սմբուկի ու ճակնդեղի ռուսական աղցանները եւ որոշ պարսկական կերակուրներ։ Մենք ընտրեցինք մեր ամենասիրած քսան խորտիկներու լաւագոյն մասերը եւ պահեցինք մեր խորովածը։ Ատիկա դարձաւ հայկական խնջոյքի փորձառութիւնը»։
Աճող հայ բնակչութեան պահանջքը ուտելիքի եւ ձեւաւորման ժամանակակից միտումներու հանդէպ, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի այլ համայնքներու հետաքրքրութիւնը՝ առիթներ ստեղծեցին ոչ-աւանդական գաղափարներու համար, ինչպիսիք են անուշօղիի (քոքթէյլներու) ընդունելութիւնները, աւելի մտերմիկ հաւաքոյթները, պարտէզի տօնակատարութիւնները՝ զանազան տեսակի կենդանի ժամանցով, նորաձեւութեան ցուցադրութիւնները, համերգներն ու համաժողովները։
«Տարիներու ընթացքին այս գաղափարը փաստեց, որ կը գործէ մեր համայնքին համար։ Այս ձեռնարկները բոլորը մէկտեղ կը բերեն։ Մենք ատիկա շատ լաւ կ՚ընենք, ինչպէս նաեւ ուղղութիւն կը սահմանենք միւս համայնքներուն համար», կ՚ըսէ Սարգիսեան։
Ասիկա հիմք հանդիսացաւ Քէշիշեանի համար, որպէսզի 2014 թուականին չորս այլ ներդրողներու հետ հիմնէ «Վերթիկօ»ն։ Որպէս խոհարար եւ ձեռնարկներու արտադրիչ, Քէշիշեան կ՚ըսէ, որ ինք կ՚ուզէր յեղափոխել ամբողջ ճաշացուցակը. բան մը, որ դեռ չէր եղած։ Թէեւ խնջոյքներու սրահներու խոհարարները որոշ նոր կերակուրներ աւելցուցած էին հիմնական ընտանեկան ոճի ճաշացուցակին. ինչպէս՝ հաւու չինական աղցանը կամ սունկի քիշը, անոնք հաւատարիմ մնացած էին կրակի վրայ եփած միսի, հաւու խորովածներու, ստեպղինի եւ օլիվիէ աղցաններու (եփած բանջարեղէններ՝ մայոնէզով եւ թթուասերով) ու բրինձով եղինձի կամ ձաւարի աւանդական համադրութեան։
«Ես կը կարծէի, որ անիկա մնացած էր ժամանակաշրջանի մը մէջ, որմէ պէտք էր դուրս գալ։ Ես վերցուցի բոլոր դասականները, գրեթէ բոլոր գոյութիւն ունեցող խնջոյքի սրահներու ամբողջ ճաշացուցակը եւ ստեղծեցի հայկական խնջոյքի համադրուած ճաշացուցակի իմ տարբերակս», կ՚ըսէ Քէշիշեան։
«Վերթիկօ»ի խոհանոցին մէջ անոր յայտնի ճակնդեղի աղցանը՝ պատրաստուած ճերմակաթացանով (մայոնէզով), ընկոյզով, նուռով եւ սխտորով, վերածուեցաւ խորանարդաձեւ խորոված ճակնդեղի աղցանի՝ այծի պանիրով ու ելակով, զարդարուած դաղձով, պալզամիքով, թուզով եւ քաղցրացուած ընկոյզով՝ հոտաւէտ խնկունիով ու կասիայով։
Երբ Ռոպերթ Շահնազարեան, իր կինը՝ Մակին եւ աներձագը՝ Սարգիս Խաչիկեան, 2010 թուականին հիմնեցին «Նուռ Իվենթս»ը՝ Փասատինայի աշխուժ «Փասէօ շոփինկ մոլ»ին մէջ, անոնք վստահ եղան ներառելու խառնադրական ուտեստներ։ ինչպէս՝ պաօ պանզ եւ չար սիու՝ տեղաբնակ ասիացի բնակչութեան պահանջները գոհացնելու համար։ Ան նաեւ աւելցուց իր հօր սիրած պարսկական կերակուրներէն քանի մը հատը, ներառեալ ղորմէ սապզին եւ խորեշ ղէյմէն։
Շահնազարեան աշխատած է «Սոնի միւզիք»ի մէջ, որպէս արտադրիչ՝ Թէյլըր Սուիֆթի, Քելի Քլարքսընի, Ճոն Լեճընտի եւ ուրիշներու հետ։
Երբ ինքն ու Մակին ամուսնացան երեսուն տարի առաջ, անոնք չկրցան գտնել վայր մը, որ կը գոհացնէր իրենց բոլոր ակնկալութիւնները եւ ի վերջոյ իրենց տօնակատարութիւնը ըրին Մալիպուի ագարակի մը մէջ։ Ամէն ինչ՝ կահոյքը, շարժական խոհանոցը, ինքնաշարժներու կայանման սպասարկումը եւ ուտելիքը հայթայթուած էին սնունդի կազմակերպման ընկերութեան միջոցով։
«Նուռ Իվենթս»ը դարձաւ Ռոպերթի գործադիր գործարարական ծրագիրը Փեփըրտայն համալսարանին մէջ, ուր ան կը ջանար գործարարական կառավարման մագիստրոսի վկայականի ստացման վրայ։ «Մենք որոշեցինք կառուցել վայր մը՝ նկատի ունենալով այն ամէնը, ինչ որ կը պակսէր այլ տեղեր», կ՚ըսէ Շահնազարեան ու կը շարունակէ. «Խնջոյքներու սրահները հիանալի են, երբ գիտեն մեր մշակոյթն ու ուտելիքը։ Բայց երբեմն վայրերը լաւ չեն ըլլար, տեսարան չունին, ձեւաւորումը քիչ մը ոսկեգոյն է՝ առիւծներու պատկերներով եւ այլն։ Որոշ նիւթական կարողութիւն ունեցող մարդիկ ի վերջոյ կ՚երթան քաղաքէ դուրս վայրեր եւ պանդոկներ։ Սակայն, ուտելիքն ալ հոն չ՚ըլլար։
«Յատկապէս հարսանիքները մշակութային ձեռնարկներ են։ Եւ հայերը, ինչ ձեռնարկ ալ որ տօնեն, հայկական ուտելիք կ՚ունենան»։
ԱՆԻ ՏՈՒԶՏԱՊԱՆԵԱՆ
«Լոս Անճելըսի հայկական խնջոյքներու սրահներուն մէջ, ուր ձկնկիթը կը հոսի եւ խրախճանքը երբեք չի դադրիր» յօդուածի հեղինակը՝ Անի Տուզտապանեան ունի լրագրողական հարուստ կենսագրութիւն։ Ան իր ասպարէզի սկզբնական շրջանին զբաղած է հետաքննական լրագրութեամբ՝ գրելով յօդուածներ Հայաստանի որբանոցներու եւ յատուկ դպրոցներու մէջ երեխաներու իրաւունքներու խախտումներու բացայայտման մասին, ինչպէս նաեւ՝ 1930-ական եւ 1940-ական թուականներու Մեծ հայրենադարձութեան օրերուն Խորհրդային Միութիւն ներգաղթած, յետագային Միացեալ Նահանգներ գաղթած հայերու մասին։ Ան իր աշխատակցութիւնը կը բերէ ամերիկեան հեղինակաւոր պարբերականներու՝ ուտեստներու եւ գինիի ընդմէջէն լուսարձակի տակ առնելով Լոս Անճելըսի զանազան համայնքներու կեանքը։ 2016 թուականին, Անի Տուզտապանեան արժանացած է Ամերիկահայ Առեւտրական պալատի «Կինը լրագրութեան մէջ» մրցանակին։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան