ԳՈՐԾԱՐՔԻ ՍՏՈՐԱԳՐՄԱՆ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆԸ
Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութիւնը, թէ Իրանի հետ կնքուած հրադադարի համաձայնագիրը չեղարկուած է, անպայման չ՚ենթադրեր, որ կողմերը կը վերադառնան վերաբռնկուող լայնածաւալ պատերազմի մը: Թէեւ Թրամփ յայտարարած է, որ հաւանական է, թէ գիշերը հզօր հարուածներ տրուին Իրանի դէմ, այդուհանդերձ, նախկին յայտարարութիւններն ու որոշումի առկախումները կամ չեղարկումները կրնան յուշել, թէ գետնի վրայ իրադարձութիւնները անպայման ուղղակի առնչութիւն չունին յայտարարութիւններուն հետ: Հարուած-պատասխան գործողութիւնները չեն բացառուիր՝ առանց վերադառնալու լայնածաւալ բնոյթի:
ՆԱԹՕ-ի Անգարայի գագաթաժողովի հռչակագիրը համաշխարհային անվտանգութեան տարբեր ուղղութիւններուն անդրադարձած է: Միացեալ Նահանգներու նախագահին դժգոհութիւնը ՆԱԹՕ-էն վերստին արծարծուած է՝ յատկապէս Իրանի պատերազմին դաշինքի որոշ անդամ պետութիւններուն վերապահ մնալուն, բայց, ըստ էութեան, ամերիկեան պիւտճէն ՆԱԹՕ-ի ծախսերէն բեռնաթափելու առումով:
Հռչակագրին մէջ ՆԱԹՕ-ի անդամներու պիւտճէական մասնակցութեան բարձրացման նշումներ կան եւ առաջին կէտը դարձեալ Իրանին կ՚առընչուի անուղղակիօրէն:
«Մէկուն վրայ յարձակումը կը նշանակէ յարձակում բոլորին վրայ: Մեր միասնութիւնը, համերաշխութիւնը եւ հաւաքական ուժը կը մնան խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ բարգաւաճման հիմքը մեր ազատ եւ ժողովրդավարական երկիրներէն կազմուած դաշինքի մէկ միլիառ քաղաքացիներուն համար»: Կը թուի, որ ամերիկեան յենակէտերու վրայ Իրանի յարձակումին կ՚ակնարկուի այստեղ, երբ ՆԱԹՕ-ի անդամներ մերժեցին մասնակցիլ պատերազմին եւ չտրամադրեցին իրենց տարածքները, որպէսզի ամերիկեան յենակէտեր տրամադրուին պատերազմին:
Իրանի առումով կայ այլ յատկանշական բաժին մը: Ըստ հռչակագրին՝ դաշնակիցները վերահաստատած են, որ Իրան «երբեք պէտք չէ հիւլէական զէնք ունենայ» եւ կոչ ուղղած են Իրանին՝ լիովին յարգելու Հիւրմիւզի ջրանցքին մէջ նաւարկութեան ազատութիւնը:
Հիւլէական եւ Հիւրմիւզ: Եթէ առաջինի պարագային Իրան հերթաբար կը յայտարարէ, որ հիւլէական իր ծրագիրը չի նպատակադրեր զէնքի, այլ բացառապէս խաղաղ նպատակներու, ապա հանգոյցը դարձեալ կը հիւսուի Հիւրմիւզի շուրջ: Փաստօրէն նաւերու մաքսատուրքերու, ազատ նաւարկութեան, Իրանի ջրային տարածքներու, Օմանի բաժինին, միջազգային օրէնքին, նեղուցներու օգտագործման համար անվճար դրութեան, թէ տուրքի գանձման խնդիրները չեն յստակացուած: Խնդիրը գերշահոյթներու բաշխման կը վերաբերի եւ յատկապէս՝ դէպի Չինաստան ուղղուող Իրանի ուժանիւթին վրայ վերահսկողութիւն հաստատելու հետ կ՚առընչուի:
Այնքան ատեն որ այս խնդիրը չի լուծուիր, գործարքը չի կայանար: Հիւրմիւզի անցքերը վտանգաւոր պիտի ըլլան ո՛չ միայն նաւերու արգելքի, հարուածներու եւ հակազդեցութիւններու, այլեւ պատերազմական գործողութիւնները շարունակելու՝ հետեւապէս նաեւ Թրամփի նման յայտարարութիւններ հնչեցնելու դէպքերով:
ՆԱԹՕ-ի հռչակագիրը կը խօսի Հիւրմիւզով ազատ նաւարկութեան դրութեան մասին: Ազատը այս պարագային կ՚ընկալուի ո՛չ միայն իբրեւ վերահսկողութենէ կամ Իրանի կողմէ ճշդուած տուրքերէ զերծ, այլեւ իբրեւ համատեղ վերահսկողութիւն եւ շահոյթի համատեղ ապահովում:
Երբ այս գործարքը իրականանայ, ապա միայն այդ պարագային հիւլէականը, պատժամիջոցները, հատուցումները, վերաշինութիւններն ու մեծ առեւտուրները կը սկսին: Մինչ այդ, նման յայտարարութիւններ, սպառնալիքներ, գործողութիւններ եւ հակագործողութիւններ պիտի շարունակուին:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի