ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԻ ՍՏՈՐԱԳՐՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՄԻՇՏ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽՈՒԻԼԸ
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ կը շարունակուին սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքները։ Բաց աստի, Ատրպէյճան աւարտած է խաղաղութեան համաձայնագրի վերջնական համաձայնեցման իր բաժինը։ Ըստ Պայրամովի՝ խաղաղութեան համաձայնագիրը կրնայ ստորագրուիլ միայն այն պարագային, երբ Հայաստանի Սահմանադրութենէն հանուին Ատրպէյճանի դէմ տարածքային պահանջները։
«Խաղաղութեան համաձայնագրի բնագիրը արդէն նախաստորագրուած է եւ բաց է հանրութեան համար։ Ատրպէյճանի մօտեցումը այս հարցին մէջ սկզբունքային է։ Պետութեան պաշտօնական դիրքորոշումը արդէն ներկայացուցած է նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ Մեր ակնկալութիւնն է, որ Հայաստանի Սահմանադրութենէն հանուին Ատրպէյճանի դէմ տարածքային պահանջները։ Այդ բանէն յետոյ խաղաղութեան համաձայնագիրը կրնայ ստորագրուիլ», յայտարարեց Պայրամով։
Միեւնոյն ժամանակ, ան շեշտեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանագծման աշխատանքները կը շարունակուին։ Իր խօսքով՝ արդէն սահմանազատուած է պետական սահմանի շուրջ 13 քիլոմեթրէ բաղկացած հատուածը։ Ան պնդեց, որ կողմերուն միջեւ կան որոշ պայմանաւորուածութիւններ եւ գործընթացը պիտի շարունակուի հիւսիսէն դէպի հարաւ։ Այսպէսով լուծում պիտի ստանան նաեւ «անկլաւային գիւղերու» վերաբերեալ հարցերը:
Ճէյհուն Պայրամով խօսեցաւ նաեւ TRIPP նախագծի մասին: Անդրադառնալով Հայաստանի տարածքով անցնելիք ճանապարհային եւ երկաթուղային ենթակառուցուածքներու՝ ան կրկին օգտագործեց «Զանգեզուրի միջանցք» որակումը:
«Այդ նախագծին կ՚աջակցի նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները։ Այս ուղղութեամբ բանակցութիւններ կ՚ընթանան ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի միջեւ։ Միեւնոյն ժամանակ, TRIPP-ի մուտքային եւ ելքային հատուածները կը գտնուին Ատրպէյճանի տարածքէն ներս։ Այդ պատճառով ամերիկացի գործընկերները մեզ կը տեղեկացնեն գործընթացի մասին։ Մեզի տրուած խոստումներուն համաձայն գործընթացը յառաջ կը շարժուի եւ այժմ փաստաթուղթերու նախապատրաստման փուլին մէջ է», դիտել տուավ Պայրամով:
Բաց աստի, ան նշեց, որ անցեալ ամառ Ուաշինկթընի մէջ, Սպիտակ տունն էր, կազմակերպուած գագաթաժողովի կարեւոր արդիւնքներէն մին եղած է Հայաստանի տարածքով անցնող ճանապարհային հատուածի շուրջ պայմանաւորուածութիւնը. բան մը, որուն կ՚աջակցի նաեւ ԱՄՆ-ը: