ՄԻՆՉԵՒ ՏԱՐԵՎԵՐՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ երկրի սահմանադրութեան փոփոխութեան ենթարկուիլը կառավարութեան տեսակէտէ քաղաքական պատասխանատուութիւն մը կը համարուի։

Երէկ, նախարարաց խորհուրդի հերթական ժողովէն վերջ, Նիկոլ Փաշինեան զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Ան մամլոյ սպասաւորներու նկատառման յանձնեց Հայաստանի նոր սահմանադրութեան մշակման գործընթացին վերաբերեալ իր մօտեցումները։ «Սահմանադրութեան փոփոխութեան օրակարգը ներառուած է մեր նախընտրական ծրագրին մէջ», ըսաւ վարչապետը։

Միեւնոյն ժամանակ, Նիկոլ Փաշինեան տեղեկացուց, որ երկրի նոր հիմնական օրէնքի նախագիծը պիտի հրապարակուի մինչեւ տարեվերջ։

Հայաստանի վերջին ընտրութեան արդիւնքով ձեւաւորուած խորհրդարանէն ներս վարչապետ Փաշինեանի գլխաւորած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ունի բացարձակ մեծամասնութիւն, սակայն, այդ մէկը բաւարար չէ միահեծան ձեւով սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու։

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2026