ՍԿԻՒՏԱՐԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԹԱՂԱՄԱՍԷՆ ՆԵՐՍ ՇԻՐԻՄՆԵՐ ՎՆԱՍՈՒԵՑԱՆ. ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՐՑԱՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿԵՑ

Երէկ, Պատրիարքական Աթոռի աղբիւրները հաղորդեցին, որ ցաւալի դէպք մը պատահած է Սկիւտարի գերեզմանատան Սուրբ Կարապետ թաղամասէն ներս։ 

Ըստ Գումգաբուէն հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան՝ Սկիւտարի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը Պատրիարքարան տեղեկացուցած է, որ 7-8-ը յուլիսի գիշերուան ժամերուն պատահած է դէպք մը: Այսպէս, անձ մը գերեզմանատան որմերէն ներս մուտք գործած է՝ վնաս հասցնելով 6 դամբարանի եւ աղբիւրի մը։ Այս դէպքը լայն արձագանգ գտած է համայնքային շրջանակներէն ներս՝ մանաւանդ, որ բոլորը զգացած է վիրաւորուած։ Անշուշտ, դամբարաններու տէրերուն տեսակէտէ առանձնապէս զգայնութեան առարկայ դարձած է այս իրադարձութիւնը։ 

Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը անմիջապէս դիմած է պատկան իշխանութիւններուն: Անվտանգութեան մարմինները փութով ձեռնարկած են օրինական բծախնդիր հետապնդման՝ յանցաւորի ինքնութիւնը պարզելու եւ արդարութեան յանձնելու համար։

Պատրիարքական Աթոռը կը դատապարտէ մեր համայնքի սրբազան արժէքներուն եւ յաւիտենական հանգստավայրերուն դէմ գործուած այս յարձակումը։ Միեւնոյն ժամանակ, Պատրիարքարանի հաղորդագրութեան մէջ շնորհակալութիւն յայտնուած է անվտանգութեան պաշտօնեաներուն, որոնք դէպքը լուսաբանելու նպատակով իրենց գործունէութիւնը կը շարունակեն նախանձախնդրութեամբ եւ մեծ զգայնութեամբ։ Գումգաբուի աղբիւրները յոյս յայտնած են, թէ յանցագործը կը յանձնուի արդարութեան: Պատրիարքական Աթոռը մօտէն կը հետեւի իրադարձութիւններուն:

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2026