ՃԱՆՉՆԱԼ ՈՒ ԲԱՑԱՅԱՅՏԵԼ

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց՝ Գերմանիայէն մեկնած գիտակրթական ոլորտի ներկայացուցիչներու խումբ մը՝ գլխաւորութեամբ Գերմանիոյ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց ժողովի բանբեր՝ տքթ. Մաթթիաս Քոփփի։ Այս վերջինը, միեւնոյն ժամանակ, եպիսկոպոսաց ժողովի մամլոյ եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան ղեկավարն է։ Տքթ. Մաթթիաս Քոփփ շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին կողմէ ցուցաբերուած ընդունելութեան համար։ Ան Նորին Սրբութեան ներկայացուց հիւրերը՝ տեղեկացնելով, որ ճանաչողական այցելութեան նպատակն է առաւել խոր պատկերացում կազմել Հայ Եկեղեցւոյ, հայ ժողովուրդի պատմութեան, հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական աւանդութիւններուն շուրջ։ 

Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց հիւրերու այցելութիւնը Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ ընդգծելով, որ նման այցելութիւնները կը նպաստեն ժողովուրդներու եւ եկեղեցիներու միջեւ յարաբերութիւններու եւ եղբայրական կապերու առաւել ամրապնդման։ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կարեւոր առաքելութեան հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս՝ մասնաւորապէս ընդգծելով եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը քրիստոնէական հաւատքի զօրացման, ազգային ինքնութեան պահպանութեան, հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան կերտման գործին մէջ։ 

Բաց աստի, ան անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն՝ իր գնահատանքը յայտնելով բարեկամ երկիրներու՝ ներառեալ Գերմանիոյ, քոյր եկեղեցիներու եւ միջազգային կառոյցներու՝ դժուարին ժամանակներուն հայ ժողովուրդին եւ Հայ Եկեղեցւոյ ի նպաստ ցուցաբերուած զօրակցութեան համար։ 

Հանդիպման տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց հիւրերու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ գործունէութեան, միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն, Հայաստանի հոգեւոր ու հասարակական կեանքին։

Ուրբաթ, Յուլիս 17, 2026