ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԵՐԱԺԻՇՏՆԵՐՈՒ ԿԱՏԱՐՈՒՄՆԵՐՈՎ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԵՐԵԿՈՅԹ

Գնալը կղզիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, նախընթաց օր տեղի ունեցաւ երիտասարդաց երաժշտական ներկայացումներու խանդավառ երեկոյթ մը: Յայտագրի տեւողութեան Նայեադ Թեքիրօղլու, Լոռի Թեքիրօղլու, Անի Էրտողան, Էլիզա Սարաչօղլու եւ Մաթթիաս Շիրինկիլ ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող կատարումներով: Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, որ երեկոյթի աւարտին հանդէս եկաւ գնահատանքի խօսքով մը:

Կղզիի բարձունքին այս երեկոյթը համախմբեց բազմաթիւ երաժիշտասէրներ: Վերջին տարիներուն նոր սերունդի ներկայացուցիչ երաժիշտներուն համար եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ կը կազմակերպուին եւ կեանքի կը կոչուին զանազան ծրագրեր, որոնք կը պսակուին յաջողութեամբ:

Ուրբաթ, Յուլիս 17, 2026