ՔԱՍՔԱՏԻ ԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ԵՐԿՈՒ ՊԱՏԱՆԵԱԿ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐ

Երեւանի Քասքատի աստիճաններով յաճախ կ՚ելլեմ կամ կ՚իջնեմ: Օր մը, պայծառ պահերէն մէկն էր ինծի համար, երբ նկատեցի, որ երկու պատանեակ կ՚ելլէին դէպի վեր՝ նոյն իմ ելածս ժամանակ, ակամայ անձկութեամբ մը ուշադրութիւնս գրաւեցին անոնք, ինքնին մարդկային իւրայատկութեան պատգամները ինչքան ալ բարոյագիտական կամ ոչ, անոնք անխուսափելի են, իսկ մշտապէս երբ կը կլանուիս կերպարանագործմամբ մը (ո՛չ անպայման իբրեւ կերտող, այլ պարզ ընկալող), տեսակ մը մարդայնացման ու մարդկագործման բերկրանքն ու պայծառաշուքութիւնը կ՚ուզես ապրիլ ու, բնականաբար, տարածել այդ ապրումն ու ապրուածութիւնը: Այդ վիճակին մէջ կ՚ուզենք ըլլալ մշտապէս։  Համամարդկային ներշնչուածութեան աղբիւրն ու առաքելութիւնը իր թիրախով մարդուս համար գոյակազմող է, անկախ, թէ ի՛նչ մակարդակի է մէկու մը բարոյահոգեբանական, մշակութային ու տնտեսական վիճակը:

Երկու պատանեակները, որոնք ինձմէ քիչ մը առջեւ էին, կը խօսէին իրարու հետ եւ ես նախ արագացուցի քայլերս, ապա փորձեցի հեռու չըլլալ իրենցմէ՝ յայտնաբերելու այն աշխարհն ու տիեզերքը, որոնք կը կերտէին այս երկուքը, նոյն մանկական յաւերժագին տենդով (որ բոլորին մէջ է) եւ միեւնոյն ատեն մեծցած ու վերագիտակից իմ ըմբոշխմամբ, ներսի-դուրսի կատարելացած մանկական ու արտաքնեայ աշխարհներու անխուսափելի ու առինքնող տեւական համադրողականութեան ջանքերով: 

Երկու պատանեակներու խօսակցութենէն հասկցայ, որ անոնք եղբայրներ էին ու եկած  Երեւան ուրիշ շրջանէ եւ պտոյտի մըն ալ մէջ էին այդ պահուն: Մէկ տղան միւսէն քիչ մը մեծ էր, որ կ՚առաջնորդէր փոքրը՝ տեղ-տեղ կենալով եւ առաջարկելով, որ նկարէ զինք արձանի մը դիմաց: Մեծին ձեռքը տոպրակ մըն ալ կար եւ ան իր եղբայրական տարերքին մէջ էր կարծես: Զգացի, որ հոգիս իրենց հոգիներու մեծատեղութեան ու ընդլայման ի տես, այդ պահուն կ՚ուզէր նոյնիսկ նուաճուիլ ու առաքինանալ իրենցմով։ Կամաց-կամաց կ՚ելլէինք վեր եւ ես մի քանի քայլ վար իրենցմէ կը հետեւէի անոնց շարժուձեւին, ապրումներուն, պահակերտման ու դիրքացման: Ո՛չ մէկ շփացածութիւն, ո՛չ մէկ կեղծ կիսում, ո՛չ մէկ սխալ, ամէն ինչ ինծի համար հրաշագործ էր ու վեհ։ Պատանեակները գիւղացիներ էին կարծեմ ու անոնց այսպէս ըսած՝ քաղաքայայտնագործումը մարդկային բոլոր ժամանակներու կրկնուող ու անվերջ սխրանք մըն էր, ուղղուած դասակարգի, ընկերաբանութեան, հաւատալինքներու, տնտեսական համակարգերու ու ինքնին մարդկայնութեան ոգիին: 

Կ՚ուզէի սրտիս մէջ դնել երկուքը, ըսել իրենց որ․

«Ես մանուկ եմ, գիտէ՞ք, ես եղբայր չունիմ,

ընկերութեան սէրս մեծ էր մանկութենէս,

մանկական ու յետ մանկական վեհ ու անաչառ խաղը ինձ համար կրօն էր ու է,

որ ես ալ տառապած կրնամ համարել ինքզինքս,

ու մի՛ զլանաք տալու այդ մակդիրը ինծի,

որ մեծ  ու փոքր քաղաքներու մարդոց ցոփութիւնը չափ չի պարգեւեր՝ հոգեկերտման, փայփայանքին, ազնիւ կեանքի թաւալման ու տենդին,

որ ես ես եմ ու մենք մենք ենք ձեզի հետ»։

Բացի մեծ եղբօրը հոգատարութենէն՝ կար սխրագին վեհանձնութիւն մը, մեծ պատկառելիութիւն մը, գեղեցկագոյն հպարտանք մը, իսկ փոքրը կարծես իր տեղավայրը չճանչնալը կը թաքցնէր կա՛մ մեծ եղբօրը (որ ի դէպ շատ ալ հասակով չէր իրմէ) քաղաքագիտութեան կը վստահէր:

Խռովք մը կը կերտէին երկուքը՝ իմ ու իմ մէջ եղած ժամանակն ալ հատուցող, իրենց քայլքն անգամ հրաշալի էր  ու վեհաշուք: Ուզեցի խօսիլ իրենց հետ, բայց յարմար չէր եւ ո՛չ ալ ճիշդ էր այդ մէկը, ինչքան ալ ուզէի կերպարանափոխուիլ մանկան մը կամ բոլոր փոխառութիւններով․ սկսած քամիէն, քիմիայէն, նոյնիսկ կ՚ուզէի գոյութենական շնչականութիւնը սահմանել։

Այդպէս է կեանքը եւ իր խաղը…

Մենք միշտ պիտի փորձենք ըլլալ այն, ինչ որ չենք, ո՛չ թէ այն պատճառով, որ գոհ չենք ծնունդէն, այլ քանի մեր մէջ ունինք համապարփակութիւն մը, որ նոյնիսկ գերմարդկային է եւ տրուած կա՛մ հասած է մեզի գոյութիւնը ապրելու ու ընդլայնելու զայն մեզմով, այլ ո՛չ թէ միայն սպառուելու անով: Երեւանը ետեւնիս կը մնար ու կարծես մեր բարձրացումը անիրական ու արդար կը համարէր։ Հասանք բլուրին վերը եւ նոյն ճամբով ալ կը շարունակէինք կարծես հաստատել ուղիի, ոճի, քաղցրութեան ներգործումը։ 

Երբ կը քալես ու կը քալեցնես հետդ քաղաքը, արագ կամ դանդաղ, կ՚ուզես բաժնեկցիլ ամէն ինչը բոլորին հետ, կ՚ուզես պարփակումն ու զատորոշումը միաձուլել, նաեւ այն համոզումը, որ յաջողած ես ընելու ու այդ մէկը մեծ երջանկութիւն կու տայ քեզի: Ես ու երկու փոքրիկ եղբայները այդ քայլքերէն մին կը կերտէինք, եւ անշեղօրէն կարծես կը տարածուէր իմ մանկակերտուած վսեմ ու ամեհի ընկալումը ամենայնութեան, իսկ երկու եղբայրներուն քաղաքի յայտնաբերումը ճախրանք կու տար: Արդէն իմ ապրածս շէնքին կը մօտենայի, իրենք փողոցի միւս մայթէն կը քալէին եւ նկատեցի, որ փոքրիկ եղբայրը ցատկ մը ըրաւ, ցոյց տալով իր կարողութիւնը մեծ եղբօր, իսկ ես անմիջապէս բարձր ձայնով ըսի. «Նայէ ես ալ կրնամ նոյնը ընել» եւ ցատկեցի: Զարմացած էին քիչ մը, բայց զգացի, որ ուրախութիւն մը պատճառեցի իրենց եւ ըսին. «Լաւ էր»: 

Ապագային ի՞նչ կ՚ըլլան եւ ու՞ր կը հասնին երկու եղբայրները, Հայաստանին ու մարդկութեան ի՞նչ կու տան, մենք դարձեալ կրնանք հանդիպի՞լ, իրենց երեւանեան պտոյտը ինչպէ՞ս անցաւ յետոյ, այս հարցումներով մտայ տուն:

Մենք միշտ հոն ենք, ուր քաղցրութիւնն ու պայծառութիւնը մօտէն կամ հեռուէն կը հիւսէ մեզ:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

 

Շաբաթ, Յուլիս 18, 2026