ԶԳԱՅՈՒՆ ՊԱՀԸ…

Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւնները կը շարունակուին: Թէ ի՞նչ պէտք է սպասել Հռոմի հանդիպումներէն: Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւնները կը շարունակուին տարածա-շըրջանային չափազանց զգայուն պահու մը մէջ, երբ Լիբանանի նախագահ Ժոզէֆ Աուն կը պատրաստուի Ուաշինկթըն այցելել եւ Սպիտակ տան մէջ ընդունուիլ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ։ Ի դէպ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանյահուն ալ պիտի այցելէր Ուաշինկթըն, սակայն, միջազգային լրահոսի մէջ ուշադրութիւն գրաւեց, որ այցը յետաձգուած էր: 

Ժոզէֆ Աունի այցելութիւնը արարողակարգային պարզ հանդիպում մը չէ։ Սա կրնայ վճռորոշ փուլ մը դառնալ Լիբանանի հարաւի ճակատագրին, Իսրայէլի հեռացման հեռանկարին եւ Լիբանանի պետութեան գերիշխանութեան վերականգնումին համար։ Միեւնոյն ժամանակ, բանակցութիւնները կ՚ընթանան ԱՄՆ-Իրան առկայ պատերազմի եւ տարածաշրջանային ուժերու նոր վերադասաւորման խորապատկերին վրայ։ Այս հանգամանքը մէկէ աւելի ենթադրութեան դուռ կը բանայ: Ուաշինկթընի վարչակազմը այսօր կ՚ուզէ Լիբանանի հարցը կարելի եղածին չափով հեռացնել Իրան-ԱՄՆ հակամարտութենէն՝ զայն այլեւս չդիտարկելով միայն Թեհրան-«Հիզպուլլահ» առանցքին վրայ։ 

Ամերիկեան կողմին համար նը-պատակը, ըստ երեւոյթին, Լիբանանը տարածաշրջանային մեծ բախումին մէջ պատանդ մնալէ ազատելն է եւ զայն առանձին քաղաքական ու անվտանգութեան ուղիի մը վրայ դնելը։ Այդ ուղին, որքան ալ փխրուն ու վտանգներով լի ըլլայ, կրնայ բացուիլ միայն բանակցութիւններու, պետական հաստատութիւններու ամրապնդման եւ հարաւի մէջ Լիբանանի բանակի ամբողջական ներկայութեան միջոցով։ 

Ճիշդ է, որ Պէյրութի մէջ տակաւին կան եւ պիտի շարունակեն լսելի ըլլալ ձայներ, որոնք պիտի քննադատեն բանակցութիւնները, զանոնք պիտի ներկայացնեն՝ իբրեւ զիջում եւ իրենց թիրախը պիտի դարձնեն նախագահ Աունը, սակայն, այդ աղմուկը այլեւս որոշիչ նշանակութիւն չի կրնար ունենալ։ 

Նոյնիսկ Լիբանանի դիմադրութեան ճակատին մէջ այսօր կան հատուածներ, որոնք ո՛չ միայն հիասթափուած են «Հիզպուլլահ»էն, այլեւ յայտնուած են քաղաքական անկումի, լքուածութեան եւ անհեռանկար պայքարի թակարդին մէջ։ Այդ շրջանակներէն ներս հետզհետէ կը խորանայ այն համոզումը, թէ Լիբանան այս փուլին չունի իրատես այլընտրանք մը՝ բացի Իսրայէլի հետ առնուազն ժամանակաւոր համաձայնութենէ մը։ 

Ահա այս ծանր ու հակասական պայմաններուն մէջ Հռոմի հանդիպումները կը ստանան իրենց իսկական նշանակութիւնը։ Անոնք այլեւս միայն երկու հակամարտ կողմերու միջեւ դիւանագիտական շփումներ չեն, այլեւ փորձ մը՝ Լիբանանը դուրս բերելու տարածաշրջանային անվերջ պատերազմի փակ շրջանէն եւ բանալու պետական լուծումի մը, թէկուզ նեղ ու վտանգաւոր, բայց, տակաւին գոյութիւն ունեցող ճամբան։ 

«Բոլոր ճամբաները Հռոմ կը տանին» հին ասացուածքը այս անգամ քաղաքական նոր իմաստ մը ստացաւ։ Լիբանանի եւ Իսրայէլի պատուիրակութիւնները Հռոմ հասան ո՛չ թէ համաձայնագիր մը ստորագրելու, այլ Ուաշինկթընի մէջ գոյացած շրջանակային համաձայնութիւնը թուղթէն գործնական դաշտ տեղափոխելու համար։ Հետեւաբար, բանակցութիւններու վեցերորդ փուլի գլխաւոր ձեռքբերումը մեծ յայտարարութիւն մը կամ անմիջական ամբողջական համաձայնութիւն մը չէր։ Իրական ձեռքբերումը այն էր, որ կողմերը առաջին անգամ սկսան քննարկել գործադրութեան մանրամասնութիւնները. ուրկէ՞ պիտի սկսի Իսրայէլի հեռացումը (Լիբանանի հարաւէն), ո՞ւր պիտի տեղակայուի Լիբանանի բանակը, ո՞վ պիտի վերահսկէ գործընթացին եւ ինչպէ՞ս պիտի լուծուին տեղւոյն վրայ ծագելիք հարցերը։ 

Ամերիկեան կողմը Հռոմի բանակցութիւնները բնութագրեց՝ իբրեւ արդիւնաւէտ եւ դրական մթնոլորտի մէջ ընթացած հանդիպումներ։ Իսկ բանակցութիւններու աւարտին յայտարարուեցաւ, որ կողմերը համաձայնած են փորձնական շրջաններու գործադրութեան հիմնական ուղղութիւններուն շուրջ՝ մինչ թեքնիք մանրամասնութիւնները պիտի վերջնականացուին յառաջիկայ քննարկումներու ժամանակ։ 

Հռոմի ժողովասեղանին դրուած ամենակարեւոր հարցը երկու փորձնական բնակավայրերու գաղափարն էր։ Ըստ քննարկուած բանաձեւին՝ առաջին բնակավայրը պիտի ըլլայ այնպիսի տեղ մը, ուր Իսրայէլի բանակը ներկայ չէ, իսկ երկրորդը՝ Իսրայէլի բանակի ներկայութեան տակ գտնուող բնակավայր մը, ուրկէ զօրքերը պիտի հեռանան եւ պիտի փոխարինուին Լիբանանի բանակին կողմէ։ Եթէ այս երկու փորձերը յաջողին, ապա նոյն ձեւաչափը աստիճանաբար պիտի տարածուի հարաւային այլ բնակավայրերու վրայ։ 

Այս կէտը միայն պարզ վարչական կարգադրութիւն մը չէ։ Սա ամբողջ գործընթացի մանրակերտն է։ Իսրայէլ կ՚ուզէ նախ տեսնել, թէ Լիբանանի պետութիւնը ի վիճակի՞ է գետնի վրայ ստանձնել ամբողջական անվտանգութեան պատասխանատուութիւնը՝ կանխելու զինեալներու ներկայութիւնը եւ պաշտպանելու սահմանը։ Լիբանան, իր կարգին, կը պահանջէ, որ Իսրայէլի հեռացումը չմնայ անորոշ ժամանակով խոստում, այլ շօշափելի քայլով սկսի բռնագրաւուած տարածքէ մը։ Ահա այստեղ էր Հռոմի բանակցութիւններուն իսկական բարդութիւնը։ 

Իսրայէլ կ՚ըսէ՝ բանակը պիտի հեռանայ, երբ համոզուի, թէ «Հիզպուլլահ»ի զինեալ գործունէութիւնը պիտի չվերադառնայ այդ շրջանները։ Լիբանան կը պատասխանէ՝ պետութեան եւ բանակին հեղինակութիւնը կարելի չէ հաստատել՝ մինչ Իսրայէլի ուժերը կը շարունակեն ներկայ մնալ Լիբանանի հողին վրայ։ Այսինքն՝ Իսրայէլի տրամաբանութեամբ անվտանգութիւնը պէտք է նախորդէ հեռացումին, իսկ Լիբանանի տրամաբանութեամբ հեռացումը պէտք է բանայ պետական անվտանգութեան հաստատման ճամբան։ 

Ամերիկեան միջնորդութիւնը փորձած է այս երկու հակադիր պայմանները միացնել քայլ առ քայլ գործադրուող փորձնական ձեւաչափով։ Մէկ բնակավայրի մէջ պիտի ստուգուի Լիբանանի բանակին կարողութիւնը, իսկ միւսին մէջ՝ Իսրայէլի պատրաստակամութիւնը իրական հեռացման համար։ 

Հռոմի մէջ արձանագրուած երկրորդ կարեւոր կէտը մասնագիտական յանձնախումբերու ստեղծումն է։ Այս յանձնախումբերը պիտի զբաղին հեռացումի ժամանակացոյցով, անվտանգութեան միջոցառումներով, բանակի տեղակայումով, հսկողութեան համակարգերով եւ բնակիչներու վերադարձով։ Անոնք պիտի գործեն քաղաքական բանակցութիւնները վարող գլխաւոր յանձնախումբի հսկողութեան տակ։ 

Այս կառոյցներուն ստեղծումը կը նշանակէ, որ բանակցութիւնները կը փորձեն քաղաքական ընդհանուր սկզբունքներէն անցնիլ մասնագիտական աշխատանքի։ Այլեւս հարցը միայն այն չէ, թէ կողմերը համաձա՞յն են խաղաղութեան կամ կայունութեան անհրաժեշտութեան շուրջ։ Հարցը այն է, թէ ի՞նչ ճամբով Լիբանանի հարաւը պիտի մտնէ բանակը, ո՞վ պիտի ստուգէ Իսրայէլի ուժերու հեռացումը, ի՞նչ պիտի պատահի զէնքի կամ զինեալ խումբերու ծագման պարագային եւ ո՞վ պիտի որոշէ, որ տուեալ փորձը յաջողած է։ 

Երրորդ եւ թերեւս ամենադժուար հարցը Իսրայէլի ռազմական եւ անվտանգութեան գործողութիւններու դադրեցումն է։ Լիբանան կը պահանջէ օդային, ցամաքային եւ այլ խախտումներու ամբողջական դադրեցում՝ շեշտելով, որ բանակը չի՛ կրնար բնականոն ձեւով տարածուիլ եւ քաղաքային կեանքը չի՛ կրնար վերականգնուիլ շարունակական սպառնալիքի տակ։ Իսրայէլ, սակայն, կը շարունակէ պնդել, որ պիտի պահէ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը՝ այնքան ատեն, որ վտանգ մը գոյութիւն ունի։ 

Այս տարակարծութիւնը բառերու շուրջ չէ։ Ինքնապաշտպանութեան իրաւունք արտայայտութիւնը գործնականին մէջ կրնայ վերածուիլ ամէն պահու Լիբանանի տարբեր շրջանները (յատկապէս հարաւի մասին է խօսքը) հարուածելու ազատութեան։ Իսկ Լիբանանի համար նման իրաւունքի անորոշ ձեւակերպումը կրնայ ամբողջ համաձայնութիւնը դատարկել իր բովանդակութենէն։

Ուրեմն, այս բոլորէն վերջ փորձենք հասկնալ, թէ ի՞նչ տուաւ Հռոմը։ Հռոմը նախ տուաւ գործադրութեան առաջին քարտէսը։ Ան ցոյց տուաւ, որ համաձայնութիւնը այլեւս միայն դիւանագիտական լուսանկար մը չէ։ Կան ընտրուելիք բնակավայրեր, ստեղծուելիք յանձնախումբեր, սահմանուելիք պարտականութիւններ եւ գետնի վրայ քննուելիք քայլեր։ Երկրորդ՝ Հռոմը կողմերուն միջեւ ստեղծեց համեմատաբար նուազ լարուած եւ աւելի գործնական բանակցային միջավայր մը։ Հանդիպումներուն ընթացքին եղած են սուր վիճաբանութիւններ, սակայն, անոնք չեն կասեցուցած երկխօսութիւնը։ Աւելին, կողմերը ընդունած են շարունակել աշխատանքը, ինչ որ ինքնին կարեւոր է այնպիսի բանակցութեան մը համար, երբ ամէն բառ կրնայ քաղաքական կամ ռազմական պայթուցիկի վերածուիլ։ Երրորդ՝ Հռոմը բացայայտեց, որ խաղաղութեան ամբողջ ճանապարհը կախեալ պիտի ըլլայ առաջին երկու փորձնական բնակավայրերու ճակատագիրէն։ Եթէ Իսրայէլի ուժերը իսկապէս հեռանան, ապա Լիբանանի բանակը արագ եւ արդիւնաւէտ տեղակայուի, բնակիչները վերադառնան եւ ռազմական բախումներ չպատահին, ապա այս փորձը կրնայ նոր շրջաններու վրայ տարածուիլ։ Սակայն, եթէ կողմերէն մէկը ձգձգէ, նոր պայմաններ առաջադրէ կամ գետնի վրայ խախտէ համաձայնութիւնը, ամբողջ գործընթացը կրնայ կրկին վերադառնալ պատերազմի տրամաբանութեան։

Յառաջիկայ օրերուն պէտք է հետեւիլ երեք հիմնական իրադարձութեան։ Առաջինը՝ փորձնական բնակավայրերու վերջնական ընտրութիւնն է։ Անոնց աշխարհագրական դիրքը ցոյց պիտի տայ, թէ Իսրայէլ իսկապէս պատրա՞ստ է հեռացման փորձ կատարելէ կամ կը նախընտրէ սկսիլ իրեն համար նուազ վտանգաւոր եւ արդէն իսկ դատարկ շրջաններէ։ Երկրորդը՝ ժամանակացոյցն է։ Առանց յստակ թուականներու եւ փուլերու՝ շուտով կամ աստիճանաբար բառերը կրնան անվերջ ձգձգումի միջոց դառնալ։ Երրորդը՝ Լիբանանի ներքին ճակատն է։ Պետութիւնը պարտաւոր է ապացուցանել, որ բանակցութիւնները չեն կատարուիր միայն արտաքին ճնշումներու տակ, այլ կը ծառայեն Լիբանանի գերիշխանութեան վերականգնման։ Այս իմաստով բանակին ամրապնդումը, հարաւցիներու վերադարձը եւ վերաշինութեան գործընթացը պէտք է ընթանան զուգահեռ։ 

Հռոմի փուլը պատերազմը վերջնական աւարտին չբերաւ։ Ան նոյնիսկ ամբողջական հրադադար մը չերաշխաւորեց, սակայն, առաջին անգամ ստեղծեց փոքր, չափելի եւ ստուգելի քայլի մը կարելիութիւնը։ Մեծ համաձայնութիւնները շատ անգամ կը ձախողին, որովհետեւ կը սկսին մեծ խոստումներով եւ կը մոռնան գետնի փոքր իրականութիւնները։ Հռոմի բանաձեւը հակառակ բանաձեւը կ՚առաջարկէ՝ սկսիլ երկու բնակավայրէ, երկու փորձէ եւ երկու բանակներու միջեւ սահմանուած շարժումէ։ 

Լիբանանի շահը այսօր բանակցութիւններու յաջողութիւնն է, սակայն, ո՛չ որեւէ գինով։ Յաջողութիւն կը նշանակէ Իսրայէլի իրական հեռացում, բանակի ամբողջական տարածումը, բնակիչներու անվտանգ վերադարձն ու պետութեան գերիշխանութեան վերականգնումը։ Բանակցութիւնը, անշուշտ, դրական է, բայց, միայն այն ատեն, երբ բանակցողը գիտէ, թէ ի՛նչ կ՚ուզէ, ի՛նչ չի կրնար զիջիլ եւ ի՛նչ ժամանակացոյցով պիտի ստանայ խոստացուածը։

Հռոմը ճամբայ բացաւ, սակայն, դեռ պարզ չէ՝ այդ ճամբան իսկապէս պիտի տանի՞ դէպի Լիբանանի հարաւի ազատագրում ու կայունութիւն, թէ ոչ դարձեալ պիտի կորսուի պայմաններու, մեկնաբանութիւններու եւ անվերջ սպասումի մառախուղին մէջ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յուլիս 18, 2026