ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ գործնական խաղաղութիւն գոյութիւն ունի։
Երէկ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հիւրընկալեց իր պաշտօնակիցը, որու հետ Մոսկուայի մէջ վարեց բանակցութիւններ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ օրակարգի նիւթերու շարքին էր՝ Հարաւային Կովկասի իրադրութիւնը։
Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները տարածաշրջանէ ներս կայուն խաղաղութեան հաստատման եզակի հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն։
Պայրամով անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման գործընթացի վերջին իրադարձութիւններուն՝ ներառեալ խաղաղութեան համաձայնագրի նախաստորագրումը։ Այդ իրադարձութիւնները հնարաւորութիւն կը ստեղծեն տարածաշրջանէն ներս ապահովելու կայուն խաղաղութիւն, անվտանգութիւն եւ բարեկեցութիւն։ Ան աւելցուց նաեւ, որ Լաւրովի հետ քննարկումներու ժամանակ տեղեկացուցած է Երեւան-Պաքու կարգաւորման գործընթացի ընթացիկ վիճակը։
Լաւրով եւ Պայրամով Մոսկուայի մէջ քննարկեցին Ռուսաստան-Ատրպէյճան համագործակցութեան ներկայ վիճակն ու հեռանկարները։ Անոնք կանգ առին տնտեսական ոլորտի բոլոր հարցերուն վրայ՝ ներառեալ անցեալ ապրիլին տեղի ունեցած միջկառավարական յանձնաժողովի 24-րդ նիստի արդիւնքները։ Ըստ Լաւրովի՝ լաւ միտումներ եւ հեռանկարներ կան մշակութային եւ մարդասիրական ոլորտներու պարագային եւս։
Սերկէյ Լաւրով աւելցուց, որ «3+3» տարածաշրջանային խորհրդատուական հարթակի նկատմամբ հետաքրքրութիւնն ալ կ՚աճի։ Ան աւելցուց, որ բարձր մակարդակի վրայ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու եւ կառավարութիւններու, արտաքին գործոց նախարարներու աշխատանքի շնորհիւ կարգաւորուած են բոլոր հարցերը՝ կապուած Ատրպէյճանի օդային ընկերութեան օդանաւի անցուցած արկածը։ Լաւրով ընդգծեց, որ արտաքին գործոց նախարարութիւններու մակարդակով երկխօսութիւնը կը շարունակուի եւ սա կ՚ամրապնդէ երկու երկիրներու նախագահներու եւ կառավարութիւններու, նախարարութիւններու եւ այլ պետական մարմիններու միջեւ կանոնաւոր շփումները։
«Այս բոլորը ցոյց կու տայ, որ հակառակ յառաջացած այս կամ այն դժուարութիւններուն, որոնք անխուսափելի են՝ մենք կը շարունակենք դէպի 2022 թուականի փետրուարի 22-ին ստորագրուած դաշնակցային համագործակցութեան մասին Մոսկուայի հռչակագրի ներուժի լիարժէք իրագործում», ըսաւ Լաւրով։
Պայրամովի այցելութեան ընդառաջ, Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով տարակարծութիւն յայտնած էր Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի վերաբերեալ Ատրպէյճանի տեսակէտներուն դէմ։
Նոյնպէս Պայրամովի այցի սեմին, ռուսական դիւանագիտական շրջանակները հերթական անգամ պատրաստակամութիւն յայտնած էին՝ նպաստելու եւ հարթակ տրամադրելու համար Երեւան-Պաքու վերջնական համաձայնութեան ապահովման։ Ի շարունակութիւն այդ բոլորին, երէկ ալ Լաւրով նշեց, որ Ռուսաստան պատրաստ է օգնել Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ փոխադրութեան կապերու հաստատման հարցերուն մէջ։