Չորեքշաբթի 22, Յուլիս 2026
ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. արք. Մանուկեան շաբաթավերջին մասնակցեցաւ Սուրբ Երկրի Ֆրանսայի հիւպատոսարանէն ներս կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան մը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ տեղւոյն բոլոր քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդները։ Այս հաւաքոյթը կազմակերպուած էր՝ հրաժեշտ տալու համար Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Նիքոլա Քասիանիտեսին, որ կ՚աւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ֆրանսացի դիւանագէտին յաջողութիւն մաղթեց ապագայ գործունէութեան համար։
Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան վրդ. Գոգճեան։
Երեքշաբթի, Յուլիս 21, 2026