ԱՆՎՏԱՆԳ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ. Ո՞Ր ԳՈՐԾԵՐԸ ԿԸ ԾԱՂԿԻՆ ԱՊԱԳԱՅԻՆ

Աշխատանքի առիթներու մտահոգութիւնը պիտի մնայ այնքան ատեն, որ արհեստական բանականութիւնը (ԱԲ) կը շարունակէ զարգանալ եւ տարածուիլ: Սակայն տակաւին կան գործեր, որոնք պիտի մնան մարդոց «ձեռքերուն» մէջ: «Կարտիըն»ի յօդուածը այս բնաբանով ուղղութիւն մը կու տայ:

*

Մասնագէտները կը նշեն, որ տակաւին կան կարելիութիւններ ամէն բանի մէջ՝ սկսած դասաւանդումէն մինչեւ պանդոկներու եւ իրաւագիտութեան մարզերուն մէջ: Ոմանք ԱԲ-ն կը նկատեն սպառնալիք, սակայն, մասնագէտները կը նշեն, որ կան աշխատանքներ, որոնք կրնան օգնել՝ ապահովելու աւելի ապահով ապագայ։ Աշխատանքային աշխարհ մտնելը յաճախ անորոշութիւն մը կը բերէ հետը, բայց հիմա կայ այլ հարցում մը. ինչպէ՞ս կրնամ ասպարէզս ԱԲ-էն պաշտպանել:

Տարբեր ոլորտներու մարդոց հարցուած է, թէ ինչպէ՞ս կը կարծեն, որ ԱԲ-ն կ՚ազդէ ասպարէզի մը վրայ, ո՞ր աշխատանքները կրնան աւելի նուազ ազդուիլ:

Թէեւ արհեստագիտական ոլորտի համար դեռ կանուխ շրջան է, սակայն, շատերը ունէին գաղափարներ այն մասին, թէ ինչպէ՛ս կարելի է լաւագոյնս պատրաստուիլ այս նոր աշխարհին մէջ յաջող ասպարէզի համար:

ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆ

«Դեղագործները, բժիշկները եւ հիւանդապահուհիները կ՚ունենան իրենց դերը», կ՚ըսէ «Oushk Pharmacy»ի համահիմնադիր Հիրա Մալիք:

«ԱԲ-ն ազդեցութիւն կ՚ունենայ վարչական առողջապահական դերերու վրայ, ուր անձնակազմը կ՚աշխատի սահմանուած փաստաթուղթերու, արձանագրութիւններու կամ հիւանդներու հարցումներու հետ, այլ ոչ թէ՝ բժշկական որոշումներ տալու»:

Առցանց դեղագործութեան մէջ այդ կրնայ ներառել՝ խորհրդատուական ձեւերու ստուգում, բացակայող տուեալներու որոնում, դեղագիրներու դիմումներու մշակում, հիւանդներու սովորական հարցումներու տեսակաւորում, կամ կարգ մը պարագաներու՝ դեղագործին ուղղորդում: Հակառակ անոր որ այս պաշտօնները հաւանաբար ամբողջովին չեն վերանար, սակայն անոնց կապուած բազմաթիւ առաջադրանքներ կրնան մեքեյանանալ: Բուժման որոշումներու մասնակցող դեղագործները աւելի քիչ հաւանականութիւն ունին տուժելու ԱԲ-էն:

Մալիք կ՚ըսէ, որ դեղագործները, բժիշկները, հիւանդապահուհիները եւ դեղօրայք նշանակելու իրաւասութիւն ունեցող այլ առողջապահական մասնագէտներ շատ աւելի քիչ ենթակայ են փոխարինուելու, քանի որ անոնք պատասխանատուութիւն կը կրեն հիւանդներու անվտանգութեան եւ բուժման վերաբերեալ որոշումներու համար: «ԱԲ-ն կրնայ օգնել տեղեկութիւնները կազմակերպելու եւ հաւանական վտանգները նշելու, սակայն, չի կրնար որոշել, թէ արդեօք բուժումը անվտա՞նգ է կամ նպատակայարմար: Կարգ մը մասնագիտութիւններ, ինչպէս՝ գեղագիտական վիրաբուժութիւնը, քիչ հաւանական է, որ փոխարինուին իրենց խիստ անհատական բնոյթի պատճառով, սակայն այնպիսի ոլորտներ, ինչպէս շողաքննութեան մասնագէտը (radiologist), աւելի վտանգի կ՚ենթարկուին», կ՚ըսէ ան:

Վիրաբոյժ Ռիազ Աղան կը նշէ. «Գեղագիտական վիրահատութիւնը չափազանց անհատականացուած է: Իւրաքանչիւր պարագայ տարբեր է»: Սակայն ան կ՚աւելցնէ, որ ԱԲ-ն կրնայ ի վերջոյ օգնել վիրաբոյժին վերլուծելու անցեալի դէպքերը՝ որոշումներ տալուն նպաստելու համար: Ըստ Աղայի, շողաքննութիւնը մասնագիտութիւն է, որ յատկապէս խոցելի է: 

ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ

Մասնագէտներու կարծիքով, կրթութեան ոլորտին մէջ ԱԲ-ն կրկին կ՚ազդէ վարչական եւ առօրեայ ուսուցչական աջակցութեան դերերու վրայ, այլ ոչ թէ ամբողջովին կը փոխարինէ ուսուցիչները:

«Մասնագիտութեան ընտրութեան առումով, դասաւանդումը հիանալի ընտրութիւն է: Աշակերտները միշտ կարիք կ՚ունենան վստահելի մեծահասակներու հետ յարաբերութիւններու՝ անոնցմէ սորվելու համար», կ՚ըսէ Շարաթ Ճիվան, որ Օքսֆորտ համալսարանի Սերունդներու յաջողութեան բուժարանի հիմնադիրն է:

Այլ ոլորտ մը, որ կը շարունակէ մարդիկը աշխատանքի տեղաւորել, երեխաներու խնամքն է:

Ըստ մասնագէտներու, երեխաներու խնամքը արհեստագէտներու կողմէ չի փոխարինուիր: Թէեւ ԱԲ-ն կրնայ աջակցիլ հաղորդակցութեան եւ կազմակերպման, սակայն, մարդիկ կ՚ուզեն, որ իրենց երեխաներուն հոգ տանողը մարդ ըլլայ:

Երեխաներու խնամքի պահանջը մեծ է, տեղերը արագ կը լեցուին եւ երեխաներու խնամքը կրնայ առաջարկել ճկուն, տնային աշխատանք՝ լաւ եկամուտի ներուժով: Այլ յարակից աշխատանքներէն են մանկապարտէզներու կառավարումը կամ բարձրակարգ դայեակութիւնը:

ԻՐԱՒԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Քանի որ ԱԲ-ն կը նուազեցնէ իրաւաբանական ծառայութիւններու մատուցման արժէքը, բազմաթիւ աշխատատեղեր կրնան մատչելի ըլլալ: Իրաւաբանի օգնականներու եւ կրտսեր փաստաբաններու պաշտօնները հաւանաբար ամենէն շատը պիտի տուժեն ԱԲ-էն, քանի որ անոնք յաճախ կը ներառեն առօրեայ աշխատանք, ինչպէս՝ փաստաթուղթերու վերանայումը, իրաւական փաստաթուղթերու առաջին տարբերակներու կազմումը, տեղեկատուութեան հաւաքագրումը եւ դիմումներու լրացումը: Ասոնք բոլորն ալ այն խնդիրներն են, որոնցմով ԱԲ-ն յատկապէս ուժեղ է: ԱԲ-ն չի վերացներ իրաւաբանական սկսնակներու աշխատատեղերը:

Դերերը կը մնան, բայց անոնք պարզապէս կը փոխուին: Իրենց ժամանակը կրկնուող իրաւաբանական եւ վարչական աշխատանքներու վրայ վատնելու փոխարէն՝ կրտսեր իրաւաբանները աւելի կանուխ կը կեդրոնանան իրաւական դատողութեան կիրարկման եւ յաճախորդներու հետ շփուելու իրենց հմտութիւններու զարգացման վրայ: Միւս ոլորտը ԱԲ-ի գործակալներու կատարած աշխատանքի վերահսկողութիւնն է: ԱԲ-ն տակաւին վերահսկողութեան կարիք ունի:

Առօրեայ աշխատանքներու ինքնագործարկումը կրնայ աւելի շատ ժամանակ եւ հնարաւորութիւններ ստեղծել երիտասարդ իրաւաբաններու համար՝ բարդ իրաւական հարցերու շուրջ աւելի խոր մտածելու համար: 

Իրաւական կարգ մը ոլորտներ, որոնք նուազ առօրեայ են, ինչպէս՝ ընտանեկան իրաւունքը կամ դատական հոլովոյթները, աւելի նուազ տուժած են ԱԲ-էն:

Բայց եւ այնպէս, ԱԲ-ի գործակալները տակաւին չափազանց ընդունակ են փաստաբանին դատական գործին նախապատրաստուելու հարցով օգնելու եւ իրաւաբանական ընկերութեան ներքին գրասենեակը աւելի արդիւնաւէտ կառավարելու հարցով:

Մասնագիտութեան ամենէն մեծ մարտահրաւէրներէն մէկը կրտսերէն մինչեւ աւագ իրաւաբաններու յառաջընթացի ուղիներու որոշումն է, երբ աւանդական վերապատրաստման բազմաթիւ առաջադրանքներ կ՛ինքնագործարկուին:

Շրջանաւարտները պէտք էհիմա զարգացնեն ԱԲ-ի հմտութիւններ: Անոնք կը դառնան նոյնքան կարեւոր, որքան՝ Word-ի կամ Excel-ի իմացութիւնը ժամանակ մը: Ընկերութիւնները աւելի ու աւելի կը գնահատեն թեկնածուները՝ հիմնուելով արհեստագիտութիւնը գործածելու անոնց կարողութիւններու վրայ, հարցնելով դիմողներուն. «Ինչպէ՞ս կը գործածէք ԱԲ-ն: Կը ստեղծէ՞ք զանազան յաւելուածներ ԱԲ-ի յուշումներով: Կ՚աշխատի՞ք ԱԲ-ի գործակալներու հետ»:

Օրէնքին մատչելիութեան կարիք ունին շատ աւելի բազմաթիւ մարդիկ, քան ընկերութիւնները կրնան աշխատիլ: Քանի որ ԱԲ-ն կը նուազեցնէ իրաւաբանական ծառայութիւններու մատուցման արժէքը, որուն շնորհիւ կրնան ստեղծուիլ աւելի շատ աշխատատեղեր:

ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

ԱԲ-ն կրնայ վերաձեւաւորել պանդոկներուն մէջ աշխատատեղերու բաշխումը՝ զբաղուածութիւնը տեղափոխելով գրասենեկային երկրորդական գործառոյթներէն դէպի յաճախորդներու հետ ուղղակի յարաբերելու դերեր:

Հիւրընկալութեան մարզին մէջ միշտ ալ մարդկային անձնակազմի դերը կարեւոր է եւ պիտի մնայ:

Պանդոկի մը անձնակազմը իսկապէս ջերմ, մարդկային եւ հիւրընկալ է: Անոնք սուրճ կը պատրաստեն եւ կը հրամցնեն՝ այցելուներուն հետ ջերմ զրուցելով: Անկարելի է, որ ԱԲ-ն նման աշխատանք կատարէ: Այդպիսի մարդկային կապը, որ միշտ ապահոված են լաւագոյն պանդոկները, պետք չէ փոխարինուի ԱԲ-ով:

ԱԲ-ն պէտք է բարելաւուի՝ կատարելով առօրեայ առաջադրանքներ, ինչպէս՝ ելեկտրոնային նամակներուն պատասխանելը, որպէսզի երբ նստիք բարեկամներու հետ, կարենաք անկեղծ խօսիլ, այլ ո՛չ թէ ստիպուած ըլլաք վերադառնալ ձեր ելեկտրոնային նամակներուն:

Հիւրընկալութեան մարզին մէջ ստեղծագործական դերերը, մասնաւորապէս՝ խոհարարները, աւելի քիչ խոցելի են ԱԲ-ի նկատմամբ, քան՝ սովորական աշխատաւորները: Համեմատութիւններ ընելով երաժշտութեան, արուեստի եւ զուարճանքի ոլորտներու մէջ բանավէճերու հետ՝ կարելի է ըսել, որ ԱԲ-ն այժմ կը դժուարանայ վերարտադրել իսկապէս ստեղծագործ մարդկային աշխատանքը, բայց կրնայ բացայայտել միջակ աշխատանքը: Աւելի առօրեայ խոհարարական աշխատանքը, ինչպէս՝ փիցցա պատրաստելը, ի վերջոյ ԱԲ-ն կրնայ իրականացնել, մինչ տակաւին տեղ չունի իսկապէս նորարարական եւ ստեղծագործական խոհանոց ստեղծելու հարցին մէջ:

ԳՈՐԾԱՐՔՆԵՐ

ԱԲ-ն կը սկսի վերաձեւաւորել շինարարական ոլորտի կարգ մը մասեր, սակայն, անոր ազդեցութիւնը անհաւասար կ՚ըլլայ:

Գործնական մասնագիտութիւնները, ինչպէս՝ աղիւսագործութիւնը, ատաղձագործութիւնը եւ ծեփելը, աւելի քիչ կ՚ենթարկուին ԱԲ-ին եւ կը շարունակեն առաջարկել երկարատեւ աշխատանքի հնարաւորութիւններ: Այս յատկապէս ճիշդ է, եթէ կ՚աշխատիք փոքր տեղական ընկերութիւններու մէջ: Ապագային մեծ ծաւալի նախագիծները կրնան տուժել:

ԱԲ-ի ազդեցութիւնը մասնագիտութիւններու վրայ անհաւասար կ՚ըլլայ եւ անոր ազդեցութիւնը առաւելապէս կը զգացուի գրասենեկային աշխատատեղերու մէջ։ Մտաւոր աշխատանքի վրայ հիմնուած գրասենեկային եւ վարչական աշխատատեղերը արդէն իսկ ազդեցութեան տակ են: Ան կ՚ըսէ, որ կ՚ակնկալէ, թէ աւելի շատ մարդիկ գնահատեն գործնական արհեստներու արժէքը, օրինակ՝ տեղացի շինարարները: Բայց ընկալումը կը մնայ մարտահրաւէր:

Ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, որ ծնողներու կէսէն ալ պակասը (47 առ հարիւր) կ՚առաջարկէր իրենց երեխային շինարարութեան ոլորտի մէջ ասպարէզի սկսիլ: Որակաւորուած մասնագիտութիւններու աճող պահանջի եւ ԱԲ-ի առջեւ այս դերերու դիմադրողականութեան պայմաններուն մէջ շինարարութիւնը կ՚առաջարկէ արժէքաւոր, ապագային պատրաստ ասպարէզի ուղի, որ աւելի շատ մարդիկ պէտք է դիտարկեն:

ԴՐԱՄԱՏՆԱՅԻՆ ԵՒ ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ

Դրամատնային ոլորտին մէջ ԱԲ-էն ամենէն շատ տուժող աշխատանքները պիտի ըլլան հեռաձայնային կեդրոնի, յաճախորդներու սպասարկման անձնակազմի, միջին գրասենեակի գործառնական խումբերու, մանրածախ մասնաճիւղերու աշխատակիցները, որոնք աւելի ու աւելի կրնան կատարել ԱԲ-ով աշխատող օգնականները: Այդ չի նշանակեր, որ այս աշխատանքը գիշերուան մը ընթացքին կ՚անհետանայ:

Մասնագէտներու կարծիքով, դրամատնային ոլորտին մէջ բարձր դատողութիւն պահանջող, մասնագիտացուած պաշտօնները համեմատաբար կայուն կը թուին: Տուեալներու գիտնականներու, ԱԲ-ի մասնագէտներու, ծրագրային ապահովման մշակողներու պահանջը պէտք է աճի: Դրամատուները կը սպասեն արհեստագիտութեան եւ տուեալներու կապուած դերերու աճին: Յաճախորդները կը պահանջեն արդիական տեղեկատուութիւն՝ ներդրումներու վերաբերեալ: Այդ կրնայ իրականացուիլ ԱԲ-ի միջոցով:

Դրամատնային քիչ աշխատատեղեր կը մնան անձեռնմխելի, սակայն, բարձր գնահատական պահանջող, մասնագիտացուած պաշտօնները համեմատաբար դիմացկուն կը թուին:

Վարկային ապահովագրութիւնը նոյնպէս աւելի ու աւելի շատ կ՚օգտագործէ ԱԲ-ն, սակայն դրամատուները կը շարունակեն շեշտը դնել մարդկային վերահսկողութեան վրայ:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2026