ԱՐԹՈՒՆ ԷՕԶՊԻՒԼՊԻՒԼ ԱՒԱՐՏԵՑ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԸ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն Արթուն Էօզպիւլպիւլ այս տարի աւարտած է համալսարանը։ Ան վկայուած է «Պիլկի» համալսարանի Միջազգային վաճառականութեան եւ տնտեսավարութեան ֆաքիւլթէէն, ուր իր ուսումնառութիւնը կատարած է անգլերէնով։ Արթուն Էօզպիւլպիւլ համալսարանի տարեվերջի արարողութեան ընթացքին, հանդիսաւոր պայմաններու մէջ ստացած է իր վկայականը։
Հարկ է նշել, որ Արթուն Էօզպիւլպիւլ համալսարանէն առաջ յաճախած է Կեդրոնական վարժարան։ Իրերայաջորդ երեք սերունդ Կեդրոնական յաճախած ընտանիքի մը զաւակն է։ Այսպէս, ան որդին է՝ Շանթ եւ իրաւաբան Ալին Էօզպիւլպիւլ ամոլին եւ թոռը՝ իրաւաբան Սեդրակ Տավութհանին։
Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Արթուն Էօզպիւլպիւլը, որուն կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ։ Նոյն ուրախ առթիւ կը խնդակցինք համայն իր ընտանիքին։