ՖՈՒԹՊՈԼԸ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ ՀԱՆԴՈՒՐԺԵԼ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ

Աշխարհի ամենէն սիրուած մարզաձեւը ունի շատ անհրաժեշտ դաստիարակիչ յատկութիւն մը, եթէ անշուշտ ճիշդ գործածուի: Այս մասին Մեթրօ կայքէջի յօդուածագիր Քրիստի Քեթլի գրած է իր տեսակէտը:

*

Իմ ինն տարեկան տղաս՝ Լէոն, կ՚ատէ պարտուիլը: Տարիներու ընթացքին ան արցունքներ թափած է, երբ չէ յաղթած տան մէջ տախտակի վրայ խաղերուն մէջ:

Ան սպառնացած է լքել քրիքեթը՝ իր սիրելի մարզաձեւը, քանի որ այդ օրը ինք լաւագոյնը չէր: Ան չի խուսափիր խաբէութեան մեղադրանքներ ուղղելէ մրցակից կազմին, որ արդար յաղթած է:

Այդ պահերուն ես զիս ստիպած եմ երթալ իւրաքանչիւր ծնողի բնազդին հակառակ՝ մեղմացնել այդ վիճակը, անոր ըսելով, որ ան միշտ յաղթած է, կամ համաձայնիլ անոր հետ՝ որպէս զայն հիասթափութենէ փրկելու միջոց: Փոխարէնը՝ ես միշտ անոր ճշմարտութիւնը ըսած եմ, քանի որ այդ կարեւոր դաս է երեխաներու համար:

Միշտ չէ, որ յաղթող կ՚ըլլաս: Երբեմն դո՛ւն ես պարտուողը:

Ֆութպոլի աշխարհի ախոյենութեան մրցաշարքի տենդի ալիքին տակ կրկին կ՚արծարծուի անցեալ ամիս տեղի ունեցած բանավէճը:

Այդ ժամանակ էր, որ տարածուեցան մեկնաբան Միշէլ Տիւպերիի ցնցիչ մեկնաբանութիւնները այն մասին, որ ան չէր ուզեր, որ իր հնգամեայ որդին ֆութպոլի մարզումի ժամանակ երկրորդ դիրքը գրաւէ:

Զարմանալիօրէն ես չափով մը դժկամութեամբ համաձայնեցայ անոր հետ:

ԵՐԵԽԱՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ՍՈՐՎԻՆ ՊԱՐՏՈՒԻԼ

Տիւպերի X-ի մէջ գրած է.

«Իմ հինգ տարեկան տղաս ֆութպոլի մէջ կը մարզուի: Մարզումէն ետք անոնք կ՚ընտրեն մրցումի լաւագոյն խաղացողի նման բան մը: Տղաս միշտ անհամբեր կը սպասէ յաղթանակին: Ան յաճախ չի յաղթեր»:

Տիւպերի շարունակած է.

«Միւս մայրերէն մէկը լսեց զիս եւ սարսափեցաւ: Ան ըսաւ, որ երկրորդ տեղը գրաւածի պիտակներ պիտի բաժնէ բոլոր այն երեխաներուն համար, որոնք չեն յաջողիր առաջին դիրքը գրաւել»:

Ես ըսի. «Ո՛չ, շնորհակալութի՛ւն, ո՛չ տղուս համար: Երեխաները պէտք է սորվին, որ կրնան լաւագոյնը ըլլալ, բայց անոնք պէտք է ջանք թափեն եւ ընդունին, երբ այդ իրենց ուզածով չ՚ընթանար»:

Տիւպերի սխալ չէ:

Երեխաները պէտք է սորվին պարտուիլ:

Անոնք պէտք է սորվին, որ ամէն բան միշտ չէ, որ իրենց ուզածով կ՚ընթանայ, հասկնալու համար, որ մէկը կրնայ աւելի արագ, աւելի ուժեղ, աւելի խելացի կամ պարզապէս բանի մը մէջ աւելի լաւ ըլլալ, քան՝ իրենք:

Ես խորապէս համոզուած եմ, որ իւրաքանչիւր մանուկ պէտք է խրախուսուի մարզանքով զբաղելու:

Տիւպերի նաեւ Անգլիոյ մէջ լուրերու հաղորդավար է եւ «Brexit»ի ջատագով, կողմ է մահապատիժին, այնպէս որ, ինչպէս կրնաք պատկերացնել, ան առաջին մարդը չէ, որուն հետ ես կը համաձայնէի:

Խորապէս համոզուած եմ, որ իւրաքանչիւր մանուկ պէտք է քաջալերուի մասնակցելու մարզական մրցումներու եւ խմբային միջոցառումներու՝ անկախ անոր կարողութիւններէն:

Անոնց կը սորվեցնեն շատ աւելին, քան՝ պարզապէս գնդակ հարուածել կամ արագ վազել: Անոնք կը սորվեցնեն խմբային աշխատանք, կարգապահութիւն եւ դիմացկունութիւն:

Երբեմն կ՚ընտրեն մրցումի լաւագոյն մարզիկը:

Միւս երեխաները պէտք է սորվին աջակցիլ այդ մանուկին, շնորհաւորել զայն եւ ուրախանալ անոր համար: Այդ խումբի մը մաս կազմելու կարեւոր բաղադրիչն է: Կը կարծեմ, որ պիտակ մը տալը կամ «երկրորդ դիրք»ի մրցանակ յանձնելը կը նսեմացնէ այն մանուկին ձեռքբերումը, որ լաւագոյնը նկատուած է:

Հինգ տարեկանը նոյնպէս շատ փոքր չէ այդ դասը սորվելու համար: Որովհետեւ եթէ երեխաները մեծնան հաւատալով, որ միշտ պէտք է յաղթեն կամ միշտ պարգեւատրուին, անկախ ջանքերէն, իրական աշխարհը, ի վերջոյ, կը դառնայ շատ շփոթեցնող, խաբող վայր:

Միշտ չէ, որ ձեզ կ՚ընտրեն: Միշտ չէ, որ դուք կը յաջողիք: Միշտ չէ, որ դուք բացառիկ կ՚ըլլաք ձեր փորձած ամէն բանին մէջ: Այդ բնական է:

Իրականութեան մէջ ես կը պնդէի, որ այդ առողջարար է:

Երեխաները պէտք է սորվին.

 Ջանքերը աւելի կարեւոր են, քան ես-ը:

Ձեր լաւագոյն փորձը հպարտութեան առարկայ է, նոյնիսկ եթէ դուք առաջին չէք:

Եթէ ձեր լաւագոյնը մէկ դէպքով բաւարար չէ, այդ ձեզ որպէս անհատ ձախող չի դարձներ:

ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԿԱՐԵՒՈՐԸ ՅԱՋՈՐԴՆ Է

Մենք բոլորս չենք կրնար ամէն բանի մէջ հանճարեղ ըլլալ:

Բայց, ես սկսայ տարակարծիք ըլլալ Տիւպերիին այն ժամանակ, երբ զրոյցը երեխաներուն դիմադրողականութեան եւ հիասթափութեան հետ գլուխ հանելու մասին սորվեցնելէ հեռացաւ եւ սկսաւ աւելի դաժան բանի յանգիլ:

Անոր ուղերձը աւելի շատ կը վերաբերէր զգայունութիւնը ծաղրելուն եւ մանուկին զգացումները անտեսելուն, նաեւ ան առաջարկեց, որ մարդիկ երբեմն պարտութիւնը օգտագործեն որպէս պատրուակ՝ զոհի դեր խաղալու համար:

Տիւպերին իր արձանագրութիւնը աւարտեց՝ նշելով, որ երկիրը «աւելի լաւ վիճակի մէջ» կ՚ըլլար, եթէ աւելի շատ մարդիկ համաձայնէին իր աշխարհահայեացքին:

Ձեր կարծիքով, ո՞ր մօտեցումը լաւագոյնն է երեխաներուն պարտութեան մասին սորվեցնելու:

Սորվեցուցէ՛ք անոնց ընդունիլ կորուստները եւ սորվիլ անոնցմէ՝ զանոնք օգտագործելով որպէս աճի կարելիութիւններ:

Մի՛շտ մղեցէք մասնակցութեան՝ ջանքերը խրախուսելու համար, անկախ արդիւնքէն:

Սորվեցուցէ՛ք հաւասարակշռութիւն պահել զգացումները ճանչնալու եւ դիմադրողականութիւնը խթանելու միջեւ:

Կը կարծեմ, որ ճիշդ այդ շրջադարձէն ետք ան անցաւ շատ կարեւոր սահման:

Կայ տարբերութիւն դիմադրողականութիւն սորվեցնելու եւ երեխաներուն կարեկցանքի լիակատար բացակայութիւն ցոյց տալու միջեւ. «Դուն պարտուած ես, յաջորդ անգամ աւելի շատ փորձէ՛», ըսելու եւ երեխաներուն իրենք զիրենք էապէս անպէտք կամ տկար զգալու միջեւ, դժուարութիւններու պատճառով:

Թէեւ երեխաներուն անհրաժեշտ են սահմաններ եւ ազնուութիւն, անոնք կարիքն ունին նաեւ կարեկցանքի:

Առաւել առողջ չափահասները սովորաբար անոնք չեն, որոնց սորվեցուցած են ճնշել իւրաքանչիւր զգացում կամ կոշտանալ ամէն գնով: Այլ անոնք են, որոնք սորված են յաղթահարել հիասթափութիւնը՝ առանց ամչնալու զգացումներ ունենալու համար:

Մինչ երեխաները անկասկած կարիքն ունին սահմաններու եւ անկեղծութեան, անոնք նաեւ կարիքն ունին կարեկցանքի:

Կարելի է մտածել երեխաներու զգացողութիւններու մասին, երբ անոնք կը պարտուին:

Կարելի է ըսել. «Կը տեսնեմ, որ յուսախաբ ես», «Գիտեմ, որ այդ ցաւալի է» եւ «Կը հասկնամ, որ դուն կ՚ուզէիր յաղթել»:

Այդ տկարութիւն չի ստեղծեր եւ, անշուշտ, զոհի դեր չի խաղար: Այդ կը սորվեցնէ յուզական անվտանգութիւն:

Երեխաները կարիքն ունին խրախուսանքի:

Անոնք կարիքն ունին աջակցութեան:

Անոնք պէտք է զգան, որ կը գնահատուին, անկախ անկէ՝ առաջի՞ն եղած են, թէ վերջին:

Բայց անոնք նաեւ կարիքն ունին անկեղծութեան:

Պարտութեան մէջ կարեւորը յաջորդն է: Օգնել երեխաներուն՝ առողջ յաղթահարել այդ յուսախաբութիւնը, այլ ո՛չ թէ ձեւացնել, թէ այդ գոյութիւն չունի կամ ամչցնել զանոնք այդ զգալու համար:

Երեխաներուն մրցակցութիւնը կարեկցանքէն վեր դասելը վտանգ կը ստեղծէ այնպիսի չափահասներու մէջ, որոնք բարութիւնը կը դիտարկեն որպէս տկարութիւն, իսկ դժուարութիւններ ունեցող մարդիկը՝ որպէս անյաջողներ: Այդ կրնայ շատ աւելի վնաս պատճառել մանուկին վստահութեան ու ինքնագնահատականին, քան՝ խաղին մէջ պարտուիլը:

Ոչ-բոլորը կը յաղթեն: Բոլորը չեն կրնար յաղթել:

Այդպիսին է կեանքը:

Իսկական դիմադրողականութիւնը կու գայ անկէ, որ մենք մեծցնենք այնպիսի երեխաներ, որոնք կրնան պարտուիլ՝ առանց դառնալու անյաջողներ: Որոնք կրնան անկեղծ շնորհաւորել յաղթողը: Որոնք կրնան փոշին մաքրել իրենց վրայէն, աւելի շատ աշխատիլ եւ յաջորդ անգամ կրկին փորձել:

Եւ ամենէն կարեւորը՝ երեխաները, որոնք կը հասկնան, որ երկրորդը կամ նոյնիսկ վերջինը ըլլալը զիրենք ո՛չ մէկ ձեւով կը դարձնէ նուազ արժէքաւոր:

Երբեմն լաւագոյն դասերը, որոնցմէ կը սորվիս, սխալներն ու անյաջողութիւններն են: Ո՛չ թէ այն, որ մէկը քեզի կու տայ այն ամէնը, որուն իրաւունքը դուն կը կարծես, որ ունիս:

Պարտութիւնը մանկապատանեկան խաղերուն մէջ զարգացման ամենէն կարեւոր փուլերէն մէկն է: Ֆութպոլը երեխաներուն համար կ՚ապահովէ անվտանգ, կառուցային միջավայր՝ ձախողելու համար, անոնց սորվեցնելով կենսական կարեւոր հմտութիւններ. ինչպիսիք են՝ զգացումներու կարգաւորումը, դիմացկունութիւնը, կարեկցանքը եւ անընդհատ ինքնակատարելագործման արժէքը:

ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՄԷՋ ՊԱՐՏՈՒԵԼՈՒ ԱՌԱՒԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Դիմացկունութեան կառուցում,

Զարգացնել կարեկցանքը եւ խոնարհութիւնը,

Մեծ զգացումներու կառավարում,

Ուշադրութեան կեդրոնացումը հոլովոյթի վրայ տեղափոխելը:

Պարտութենէն սորվիլը մանուկին ուշադրութիւնը վերջնական գնահատականէն (արդիւնքէն) կը տեղափոխէ անոր իրական կատարողականի (ջանքերու) վրայ: Այդ կը սորվեցնէ անոր՝ անդրադառնալ իր սխալներուն, պատասխանատուութիւն կրել եւ կեդրոնանալ կայուն կատարելագործման վրայ:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2026