ՆՈՐԸ ԳՆԵԼԸ ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ Է, ՔԱՆ ՀԻՆԸ ՆՈՐՈԳԵԼԸ
Ալտըս Հաքսլիի այս աշխատութեան մէջ ամենէն կարեւոր միտքերէն մէկը, որ կը յայտնէ հետեւեալն է. տակաւին 1932 թուականին անգլիացի մտաւորականը կը գրէր, որ աշխարհը կը ձգտի մարդուն մէկ բան համոզել. «Նորը գնելը աւելի լաւ է, քան հինը նորոգելը»։ Մեր մարդկային կեանքը կառավարող կարեւորագոյն երեւոյթներէն մէկը այս է. աշխարհը մարդը վարժեցուց սպառումի եւ յաջողեցաւ այդ սպառումը տնտեսական աճի արձանագրել, նոյնիսկ մարդկային պարզ «հաճոյքները», օրինակի համար, մարզանքը, թատրոնը, երգն ու երաժշտութիւնը եւ գրեթէ ամէ՛ն բան, որ կարելի է թուել, ոմանց համար նիւթականի աղբիւր են այսօր։ Ամէն բանի նորին լաւ ըլլալը, նորին որոշ մակարդակ ցոյց տալը իրականութենէ աւելի մարդոց միտքերուն մէջ սերմանուած սխալ մըն է, որուն զոհը հանրութիւնն է. օրինակի համար, բոլորս ալ գիտենք, որ տակաւին մէկ տարի առաջ դուրս եկած հեռաձայնին եւ այս տարի արտադրուած հեռաձայնին մէջ հիմնական մեծ փոփոխութիւն մը գոյութիւն չունի, սակայն, անոր անունը, թիւն ու նոր ըլլալը բաւարար է, որ մարդիկ մեծամեծ գումարներ ծախսելով ձեռք բերեն՝ պարզապէս որովհետեւ զոհն են այդ համոզումին: Եթէ անցեալին ընկերութիւններ իրենց յաճախորդներուն որակ կը փորձէին ներկայացնել, այսօր պարագան ամբողջութեամբ տարբեր է. ընկերութիւններու համար որակէ զրկուած արտադրանք մը յաւելեալ շատ կ՚ապահովէ, որովհետեւ մարդ ինքզինք ստիպուած կը զգայ հինը նորով փոխելու եւ այդ մշակոյթն է, որ ընկերութիւնները կենդանի կը պահէ։ Եթէ հաստատութիւն մը ծախէ ապրանք մը, որ քսան տարի փոխարինելու կարիք պիտի չըլլայ՝ ապա նոյն յաճախորդը չի կրնար իր մօտ պահել եւ ստիպուած կ՚ըլլայ անդադար նորերը փնտռելու։ Ներկայի մշակոյթը նորերը փնտռելու կողքին հինը հնարաւորինս մօտ պահելու ձգտումը ունի իր մէջ:
Նկատի ունեցէք նոր սերունդին դիմաց դրուած մերօրեայ խաղերը։ Պատանի-երիտասարդը առանց գումար վճարելու կը խաղայ այս կամ այն խաղը, սակայն, խաղը անդադար կը խթանէ, որպէսզի այս կամ այն յատկութիւնը գնէ՝ իր խաղը աւելի բարելաւելու համար։ Այստեղ շեշտը դրուած է խաղը բարելաւելուն, որովհետեւ եթէ անհատը հաւատայ, որ այս կամ այն գնումը կատարելով շատ աւելի լաւ արդիւնքներ կրնայ ձեռք բերել՝ ապա ընկերութիւնը յաջողելով՝ այդ խաղալու հաճոյքը տնտեսութեան վերածած կ՚ըլլայ: Այլ խօսքով՝ հաճոյքն ու ժամանցը եւս մարդիկ կը փորձեն տնտեսութեան վերածել. օրինակի համար, Աստուած մարդուն տուած է բնութիւն, որպէսզի վայելէ անոր բարիքները, զմայլի անոր գեղեցկութեամբ։ Այսօր եթէ փորձէք դուք ձեզ բնութեան գիրկը նետել, ապա պիտի զգաք, որ այդ Աստուածային պարգեւը եւս ոմանց համար տնտեսութիւն ստեղծելու աղբիւր են։ Աստուծոյ տուած ծովը, բնութիւնն ու բարիքները վայելելու համար եւս մարդ արարած պարտաւոր է գումար վճարել, որովհետեւ սպառումի մշակոյթը այս է, որ կը պահանջէ. մարդկային ուրախութիւնը եւս գերին է սպառողական մշակոյթին:
Գիրքին հեղինակը սպառումի մշակոյթը կը կոչէ նոր կրօն։ Անշուշտ, հեղինակը կը քննադատէ այս երեւոյթը, որովհետեւ կը հաւատայ, որ մարդ իր սպառողական ցանկութեամբ կրնայ ինքզինք ստրուկ դարձնել պետութեան եւ իշխանութիւններու ձեռքը։ Այսօր պետութիւնը միջամուխ կ՚ըլլայ մարդկային ամենէն պարզ կարիքներուն. օրինակի համար, մերօրեայ մարդուն անբաժան ընկերը եղող հեռաձայնները։ Պետութիւններ կը փորձեն տարբեր-տարբեր ձեւերով հսկողութիւններ իրականացնել։ Այս կապակցութեամբ Հայաստան տակաւին վերջերս նման որոշումի մը մասին յայտարարութիւն կատարեց։ Անշուշտ, հարցը պարզ ու յստակ է. պետութիւնը ի՞նչ գործ ունի մարդոց կեանքը դիւրացնող (շատ անգամ քանդող) հեռաձայններուն հետ։ Այս կէտին քաղաքական բան գոյութիւն ունի՞, ո՛չ, սակայն, մարդ արարած տկար ըլլալով՝ իր սիրածը ձեռք բերելու համար կը հպատակի, կը հնազանդի ու կամայ ակամայ կը հետեւի ամբոխին: Հեղինակը սպառումը կրօն կը կոչէ, որովհետեւ այդտեղ եւս կը տեսնէ պատուիրաններու եւ համոզումներու շարք մը. օրինակի համար, հին հագուստը անցեալին այնքան «ամօթ» չէր՝ ինչքան այսօր։ Անցեալին մարդ իր կարողութեան համեմատ կ՚ապրէր իր առօրեան. նոյնիսկ եթէ հագուստները հին էին՝ այդ մէկը իր կարողութեան սահմաններուն մէջ ըլլալով՝ որպէս ամօթ չէր քննադատուեր։ Մերօրեայ ընկերութեան մէջ, սակայն, մարդիկ նկատի չեն ունենար կարողութիւնները. աղքատ թէ հարուստ, մարդ պարտի նոր հագուստներ գնել։ Հին գրականութեան մէջ կը տեսնէինք, որ մարդիկ իրենց զաւակներուն նոր զգեստ տարին մէկ անգամ՝ Զատիկին կամ Նոր տարիին կը գնէին։ Այսօր այդ մէկը փոխակերպուած է ամիսը մէկի՝ շատերու համար նոյնիսկ շաբաթը մէկի, որովհետեւ եթէ մարդիկ միշտ չգնեն, տնտեսութիւնը կը մնայ տկար եւ աշխարհի համար ներկայիս ամենէն կարեւոր բանը տնտեսութիւն ստեղծելն է։ Մարդը պիտի սպառէ, որպէսզի արտադրողը հարստանայ եւ իր հարստութենէն բաժին հանէ պետութեան, որ նոյնպէս եւ աւելիով կը հարստանայ, շատ անգամ այդ բոլորը սեփական շահերու ծառայեցնելով:
Այս բոլորը նկատի ունենալով՝ շատ կարեւոր կը նկատենք հեղինակին փիլիսոփայական հետեւեալ մտածումը. «Հասարակութիւն մը, որ կը վերահսկէ այն բոլորը, ինչ որ մարդիկ կը ցանկան, ապա անոնց վրայ վերահսկելու կարիք չունի»։ Այնպէս ինչպէս մանուկ մը իր սիրած խաղալիքը ձեռք բերելու համար ծնողքին պիտի հնազանդի եւ անոր խօսքը գործադրէ՝ նոյնպէս հասարակութիւնը եթէ իր ձեռքին մէջ բռնէ այն բոլորը, ինչ որ մարդ կը ցանկայ, նոյն հնազանդութիւնը կը գտնէ, ինչ որ ձեռք կու տայ պետութեան եւ իշխանութիւններուն:
•շարունակելի…
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Հաւատացեալ մարդկանց համար կա՛յ Աստուած, կա՛յ եւ ծնողք. իսկ անհաւատ մարդկանց համար՝ ո՛չ: Ան որ կը հաւատայ, որ ծնողք ունի, հայր եւ մայր, եւ ինքը անոնց զաւակն է, անոր համար կայ Աստուած, իբրեւ Ստեղծիչը եւ Արարիչը տիեզերքի: Իսկ անոնք, որոնք չեն հաւատար ծնողքի, հօր եւ մօր, չեն կրնար հաւատալ նաեւ Աստուծոյ գոյութեան: Չ՚արժեր վիճաբանիլ անոնց հետ:
ՎԱԶԳԷՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան