ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔԻ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒՄԸ
Պատրիարքական Աթոռի երջանկայիշատակ գահակալ Տ. Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի յիշատակին կազմակերպուած մարզական խրախճանքը, որ վերջին օրերուն մեծ ոգեւորութեան առիթ դարձաւ, երէկ երեկոյեան եզրափակուեցաւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս կազմակերպուած հանդիսութիւնով մը։ Հաւաքոյթի ընթացքին Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, իսկ աւելի վերջ յուշանուէրներ յանձնեց՝ Կղզեաց թաղային խորհուրդի, Շիշլի եւ Թաքսիմ մարզակումբերու վարչութեանց, Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի եւ Ներսէսեան դպրաց դասու տնօրէն խորհուրդի ներկայացուցիչներուն, որոնք իրենց նպաստը բերած էին այս ծրագրի կազմակերպման։
Երեկոյթի ընթացքին, մրցանակաբաշխութեան պահուն խանդավառութիւնը հասաւ գագաթնակէտին։ Ֆութպոլի, վոլէյպոլի, պասքեթպոլի, փինկ-փոնկի եւ ճատրակի մէջ դափնեկիրները ստացան իրենց բաժակները եւ մետայլները։ Այս փուլին հնչեցին ջերմ ծափահարութիւններ, մինչ բոլորը ժամադրուեցան յաջորդ տարուան մրցակցութեան համար։
Երեկոյթի աւարտին տեղի ունեցաւ նկարահանում, ինչ որ քաղցր յիշատակները անմահացուց բոլորի յիշողութեան մէջ։