ՃՆՇՄԱՆ ՆՈՐ ՕՃԱԽՆԵՐ

Հիւրմիւզի նեղուցէն վերջ, հիմա ալ Պապ-ալ-Մանտէպ… Մերձաւոր Արեւելքի տագնապները կը շարունակուին։ Տարածաշրջանի տեւական հակամարտութեան լոյսին տակ, բազմաթիւ վերլուծաբաններ կը կարծէին, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ վերջնական համաձայնութիւնը մօտ էր եւ շուտով հարցը պիտի մտնէր կարգաւորման փուլ։ Գետնի վրայ իրադարձութիւնները ցոյց կու տան, որ համապարփակ կարգաւորումի մը հասնիլը տակաւին հեռու նպատակ մըն է։

Ճիշդ է, որ Իսլամապատի մէջ ձեռք բերուած նախնական համաձայնութիւնը հրապարակուած է, ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփն ու Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանը առցանց կերպով վաւերացուցած են զայն, սակայն, այդ քաղաքական համաձայնութենէն անդին՝ գործադրութեան փուլը կը շարունակէ բախիլ լուրջ դժուարութիւններու եւ համաձայնութեան շատ մը դրոյթներ տակաւին կը մնան թանաք՝ սպիտակ թուղթի վրայ։

ԱՄՆ միշտ հարուածներ կը հասցնէ Իրանի ռազմական ենթակառոյցներուն, սակայն, ըստ բազմաթիւ ռազմական փորձագէտներու՝ Ուաշինկթըն առայժմ խուսափած է լայնածաւալ պատերազմի մը երթալէ։ Իրանի կողմէ ալ պատասխան գործողութիւնները կը շարունակուին՝ իր ունեցած ռազմական, ծովային եւ հրթիռային կարելիութիւններու ամբողջ գործածութեամբ՝ փորձելով հաստատել, թէ ամերիկեան ճնշումները անպատասխան պիտի չմնան։

Այս ամբողջին զուգահեռ՝ Թեհրան կը փորձէ բանալ ճնշման նոր օճախներ։ Անոր ռազմավարութիւնը կը հիմնուի Արաբական ծոցի առանցքային երկիրներուն վրայ անուղղակի ճնշում բանեցնելու համար եւ, միաժամանակ, գործի դնելով իր տարածաշրջանային դաշնակիցները։ Այդ ծիրին մէջ թէ՛ Լիբանանի «Հիզպուլլահ»ը եւ թէ Եմէնի «Անսար Ալլահ» (հուսիներ) շարժումը կը դիտուին՝ իբրեւ Իրանի տարածաշրջանային ռազմավարութեան հիմնական լծակները։

Միեւնոյն ժամանակ, Տանըլտ Թրամփ կը շարունակէ իր թէժ խորհրդակցութիւնները Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանյահուի հետ՝ մինչ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ կը պահպանուի անորոշութեան մթնոլորտ մը՝ պատերազմի ընդլայնման եւ քաղաքական համաձայնութեան հասնելու կարելիութիւններուն շուրջ։

Ա. ԵՄԷՆ - ԿԱՐՄԻՐ ԾՈՎՈՒ ՄԷՋ
«ՇՐՋԱՓԱԿՈՒՄ՝ ՇՐՋԱՓԱԿՄԱՆ ԴԻՄԱՑ»

Յամենայնդէպս, Եմէնի իշխանութիւններուն կողմէ Սէուտական Արաբիոյ դէմ ծովային շրջափակում պարտադրելու որոշումը ուժի մէջ մտնելէ ետք, Կարմիր ծովէն ներս լարուածութիւնը նոր մակարդակի մը հասած է։ Սանայի զինուորական իշխանութիւնները զգուշացուցած են միջազգային նաւագնացական ընկերութիւնները՝ խուսափելու Ճիտտէի եւ Եանպուի նաւահանգիստներէն՝ մինչ կան տեղեկութիւններ, թէ դէպի Սէուտական Արաբիոյ նաւահանգիստներ ուղղուած նաւերու շարժը արդէն նուազած է։

Միւս կողմէ, ըստ Եմէնի աղբիւրներուն՝ Սանայի ռազմածովային ուժերը փակած են Պապ-ալ-Մանտէպի ջրանցքը՝ Սէուտական Արաբիոյ առեւտրական նաւերուն եւ նաւթատարներուն համար։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն՝ «շրջափակում՝ շրջափակման դիմաց» քաղաքականութիւնը կրնայ ընդարձակուիլ նաեւ օդային շրջափակմամբ, եթէ Ռիատ չընդունի Սանայի պահանջները կամ վերադառնայ զինուորական սրման։

Ըստ Եմէնի պաշտպանութեան նախարարութեան՝ միայն ներկայ շաբթուայ սկիզբին սէուտական վեց նաւու դէմ արգելք դրուած է մուտք գործել Կարմիր ծովու նաւահանգիստները, իսկ երկու նաւթատարներ պարտաւորուած են վերադառնալու Պապ-ալ-Մանտէպի նեղուցէն։

Սանայի ղեկավարութիւնը այս քայլերը կը ներկայացնէ՝ իբրեւ շրջափակման առաջին փուլ՝ յայտարարելով, որ յաջորդ միջոցառումները պիտի ուղղուին Սէուտական Արաբիոյ Կարմիր ծովու նաւահանգիստներու գործունէութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ կաթուածահար ընելու։

Բրիտանական «Ambrey» ընկերութիւնը զգուշացուցած է, որ սէուտական շահերուն առընչուող նաւերու դէմ յարձակումներու վտանգը զգալիօրէն բարձրացած է՝ մինչ ապահովագրական վճարներն ալ էական աճ արձանագրած են։

Ռիատ, իր կարգին, մերժած է Սանայի մեղադրանքները եւ յայտարարած, որ պիտի պաշտպանէ իր նաւերն ու անվտանգութիւնը՝ միջազգային իրաւունքի սահմաններուն մէջ։ Սակայն, Սանա կը պնդէ, թէ Սէուտական Արաբիան տարիներէ ի վեր շարունակած է Եմէնի դէմ ծովային եւ օդային շրջափակման քաղաքականութիւնը։

Բ. ՀԻՒՐՄԻՒԶ - ԻՐԱՆ ԿԸ ՊԱՀՊԱՆԷ
ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ

Հիւրմիւզի ջրանցքին մէջ ալ Իրանի եւ ԱՄՆ-ի դիմակայութիւնը կը շարունակուի։ Թէեւ Ուաշինկթըն կը փորձէ սահմանափակել Իրանի վերահսկողութիւնը, սակայն, դաշտային տուեալները կը վկայեն, թէ Թեհրան տակաւին նախաձեռնութիւնը կը պահէ իր ձեռքերուն մէջ։

Ըստ ծովու երթեւեկութեան տուեալներու՝ նաւերու մեծ մասը կը շարունակէ օգտագործել Իրանի երթուղին, իսկ ամերիկեան սահմանափակումները չեն յաջողած փոխել ընդհանուր պատկերը։

Վերջին սրացումը սկսաւ այն պահուն, երբ Իրան բողոքեց ԱՄՆ-ի եւ Օմանի նախաձեռնութեան դէմ՝ Հիւրմիւզի հարաւային հատուածին մէջ այլընտրանքային ծովային ուղի մը ստեղծելու փորձերուն։ Թեհրանի համոզմամբ՝ այդ քայլը կը հակասէ կողմերու հասած փոխըմբռնումներուն եւ կը շրջանցէ Իրանի իրաւասութիւնները։

Հակառակ ամերիկեան օդային հարուածներուն՝ Իրան կը շարունակէ ամրապնդել իր ռազմական ներկայութիւնը։ Յեղափոխական պահակազօրի հրամանատարութիւնը հերթական անգամ յայտարարած է, որ Իրանի զօրքերը պատրաստ են վճռական պատասխան տալու՝ ամերիկեան որեւէ նոր գործողութեան դէմ։ Երկրի լրատուամիջոցներն ալ կը հաղորդեն, որ Քուէյթի նաւթատար մը հարուածի ենթարկուած է, նորաստեղծ ծովային երթուղիէն անցնիլ փորձելու ատեն։ Միեւնոյն ժամանակ, Իրանի պետական հեռատեսիլը պնդեց, թէ երկրի հրթիռներն ու անօդաչու սարքերը հարուածած են Պահրէյնի, Քուէյթի եւ Յորդանանի ամերիկեան ռազմակայանները։

Դիւանագիտական ճակատին վրայ, Քաթարի եւ Փաքիստանի միջնորդական ջանքերը առայժմ շօշափելի արդիւնք չեն տուած։ Օրակարգի տարբերակներէն մէկը տասնօրեայ հրադադարի մը հաստատումն է, սակայն, կողմերու միջեւ անվստահութիւնը կը շարունակէ մնալ գլխաւոր խոչընդոտը։

Այս բոլորէն վերջ, նախագահ Տանըլտ Թրամփ պնդեց, թէ Հիւրմիւզի ջրանցքին մէջ ամերիկեան ճնշումը կը շարունակուի եւ Իրան պիտի չկարենայ վերականգնել իր միջուկային ծրագիրը՝ զգուշացնելով նոր հարուածներու մասին։

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՓՈՒԼ 

Մերձաւոր Արեւելքի ներկայ փուլը հիմնական հանգամանքով մը կը տարբերի նախորդ տարիներէն. հակամարտութիւնը այլեւս սահմանափակուած չէ միայն Իրան-Իսրայէլ կամ Իրան-ԱՄՆ առանցքով։ Այսօր կը ձեւաւորուի աւելի լայն աշխարհաքաղաքական դիմակայութիւն մը, ուր Կարմիր ծովը, Հիւրմիւզի նեղուցը, Արաբական ծոցը, Եմէնը, Լիբանանը եւ նոյնիսկ Սուրիան կը կազմեն փոխկապակցուած ռազմավարական շղթայ մը։ Ուստի, այս ճգնաժամը հասկնալու համար պէտք է դիտարկել ո՛չ միայն ռազմական գործողութիւնները, այլեւ տարածաշրջանի մեծ դերակատարներու քաղաքական հաշուարկները։

Իրանի ռազմավարութիւնը հիմնուած է այն համոզումին վրայ, թէ եթէ ինք չի կրնար ուղղակի մրցիլ ԱՄՆ-ի ռազմական գերազանցութեան դէմ, ապա կրնայ ճնշում բանեցնել աշխարհի ամենակարեւոր ծովային ուղիներուն վրայ։ Հիւրմիւզի ջրանցքը համաշխարհային նաւթի փոխադրութեան ամենազգայուն անցքերէն մէկն է, իսկ Պապ-ալ-Մանտէպը Կարմիր ծովը կը կապէ Հնդկական ովկիանոսին։ Այս երկու կէտերուն վրայ ճնշում բանեցնելը Թեհրանին կու տայ քաղաքական եւ տնտեսական ազդեցութեան կարեւոր լծակներ։

Այստեղ է, որ Եմէնի հուսիներու դերակատարութիւնը կը դառնայ առանցքային։ Սանան այլեւս միայն Եմէնի ներքին հակամարտութեան կողմերէն մէկը չէ, այլեւ Իրանի տարածաշրջանային ռազմավարութեան գործուն բաղադրիչը։ Սէուտական Արաբիոյ դէմ ծովային շրջափակման սպառնալիքը առաջին հերթին տնտեսական եւ հոգեբանական ճնշումի միջոց մըն է։ Թեհրան կը փորձէ Ռիատին հասկցնել, որ տարածաշրջանի անվտանգութիւնը այլեւս կարելի չէ ապահովել՝ առանց Իրանի շահերը նկատի առնելու։ Սակայն, Սէուտական Արաբիան այսօր բոլորովին այլ դիրքի մը մէջ կը գտնուի՝ տարի մը առաջուան բաղդատմամբ։ Ռիատ վերջին տարիներուն որդեգրած է տնտեսական վերափոխման լայն ծրագիր մը՝ «Vision 2030»ը, որուն յաջողութիւնը ուղղակիօրէն կախեալ է տարածաշրջանային կայունութենէ։ Թագաւորութիւնը մեծ գումարներ կը ներդնէ զբօսաշրջութեան, արդիւնաբերութեան, նոր քաղաքներու եւ միջազգային ներդրումներու մէջ։ Հետեւաբար, Սէուտական Արաբիան ներկայ փուլին չի շահիր լայնածաւալ պատերազմէ մը։ Ան կրնայ պատասխանել անվտանգային միջոցներով, սակայն, կը փորձէ խուսափիլ այսպիսի առճակատումէ մը, որ պիտի վնասէ իր տնտեսութեան եւ միջազգային ներդրումային հեղինակութեան։

Ահա թէ ինչո՛ւ Ռիատի քաղաքականութիւնը այսօր հիմնուած է երկու զուգահեռ ուղղութիւններու վրայ։ Առաջինը՝ պաշտպանել իր նաւահանգիստներն ու ուժանիւթի արտածման ուղիները, իսկ երկրորդը՝ պահպանել ԱՄՆ-ի հետ ռազմավարական համագործակցութիւնը՝ առանց ամբողջովին փակելու դուռը Իրանի հետ երկխօսութեան դէմ։ Այս երկակի քաղաքականութիւնը կը վկայէ, թէ Սէուտական Արաբիա կը փորձէ իր շահերը պաշտպանել՝ առանց տարածաշրջանը նոր համատարած պատերազմի մը մղելու։

Թուրքիոյ դիրքաւորումը նոյնպէս ուշագրաւ է։ Անգարա վերջին տարիներուն կը փորձէ ներկայանալ՝ իբրեւ ինքնուրոյն տարածաշրջանային ուժ, որ կը պահպանէ կապերը թէ՛ Ուաշինկթընի եւ թէ Թեհրանի հետ։ Ան չի փափաքիր Իրանի ամբողջական թուլացումը, որովհետեւ այդ պարագային տարածաշրջանին մէջ Իսրայէլի եւ ԱՄՆ-ի ազդեցութիւնը աւելիով պիտի մեծնայ։ Միեւնոյն ժամանակ, Անգարա չի շահիր նաեւ Թեհրանի չափազանց հզօրացումէն, որովհետեւ այդ պարագային կրնայ սահմանափակուիլ իր ազդեցութիւնը Սուրիոյ, Իրաքի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ։

Այս պատճառով Թուրքիա կը շարունակէ խաղալ միջին ուղիի քաղաքականութիւն։ Ան կը քննադատէ ամերիկեան եւ իսրայէլեան ռազմական գործողութիւնները, սակայն, միեւնոյն ժամանակ չի միանար իրանամէտ ճակատին։ Թուրքիոյ առաջնահերթութիւնն է տարածաշրջանի տնտեսական ուղիներու եւ առեւտրական փոխադրամիջոցներու անվտանգութիւնը, որովհետեւ երկարատեւ պատերազմ մը կրնայ ուղղակի հարուած հասցնել թրքական տնտեսութեան դէմ։

Արաբական ծոցի միւս երկիրները՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Քաթարը, Քուէյթը, Պահրէյնը եւ Օմանը եւս կը հետեւին զգուշաւոր քաղաքականութեան։ Անոնք կը գիտակցին, որ Հիւրմիւզի ջրանցքի կամ Կարմիր ծովու երկարատեւ ապակայունացումը առաջին հերթին պիտի հարուածէ իրենց տնտեսութիւններուն, որոնք հիմնուած են նաւթի, կազի եւ միջազգային առեւտուրի վրայ։ Այդ պատճառով ալ այս երկիրները կը նախընտրեն դիւանագիտական միջնորդութեան ուղին, նոյնիսկ երբ անոնցմէ ոմանք անվտանգային սերտ համագործակցութիւն ունին ԱՄՆ-ի հետ։ Յատկապէս՝ Քաթարն ու Օմանը կը շարունակեն խաղալ հաղորդակցութեան կամուրջի դեր մը՝ փորձելով պահպանել երկխօսութեան խողովակները Իրանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ։ Հակառակ Իրանի դէմ վերապահութիւններուն՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները չի փափաքիր առեւտրական եւ ծովային հաղորդակցութեան ամբողջական խափանումը։

ԱՄՆ-ի համար եւս իրավիճակը բարդ է։ ԱՄՆ կը փորձէ պահպանել իր ռազմավարական ներկայութիւնը տարածաշրջանին մէջ եւ պաշտպանել համաշխարհային ուժանիւթի ազատ հոսքը, սակայն, կը խուսափի այնպիսի պատերազմէ մը, որ կրնայ վերածուիլ երկարատեւ եւ ծախսալից հակամարտութեան։ Այս պատճառով ալ ամերիկեան հարուածները ցարդ կը մնան սահմանափակ եւ հիմնականին մէջ կը ծառայեն՝ որպէս զսպման միջոց։

Այս բոլոր իրադարձութիւնները կը վկայեն, թէ Մերձաւոր Արեւելքը կը մտնէ ուժերու նոր հաւասարակշռութեան շրջան մը։ Որեւէ կողմ չունի վճռական յաղթանակ պարտադրելու կարողութիւն, սակայն, բոլոր դերակատարները այնքան ուժ ունին, որ կրնան վնաս հասցնել իրենց հակառակորդներուն։ Հետեւանքը այն է, որ տարածաշրջանը կը շարունակէ ապրիլ «կառավարելի լարուածութեան» պայմաններուն մէջ, ուր ռազմական գործողութիւններն ու քաղաքական բանակցութիւնները կ՚ընթանան միաժամանակ։

Եթէ մօտաւոր ապագային քաղաքական համաձայնութիւն մը չձեւաւորուի, ապա Հիւրմիւզն ու Կարմիր ծովը պիտի շարունակեն մնալ համաշխարհային տնտեսութեան ամենազգայուն կէտերը, իսկ Սէուտական Արաբիան, Թուրքիան եւ Արաբական ծոցի պետութիւնները ստիպուած պիտի ըլլան աւելի զգուշաւոր ու բազմավեքթէօր քաղաքականութիւն մը վարելու՝ իրենց անվտանգութիւնը, տնտեսութիւնը եւ տարածաշրջանային շահերը միաժամանակ պաշտպանելու համար։ 

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2026