ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ

Երէկ, Գնալըի բարձունքին ոգեկոչուեցան Գարակէօզեան տան կազդուրման կայանի լուսահոգի հիմնադիրները, սատարողները, տնօրէնները, սպասաւորները եւ անդարձ բաժնուած սաները։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմէն Տ. Եղիշէ վրդ. Աւետիսեան, որ այս օրերուն հիւրաբար կը գտնուի քաղաքիս մէջ։ Քարոզի ժամանակ հանդիսադիր հայր սուրբը ներկայացուց իր հոգեւոր եղբայրը, իսկ պատարագիչ վարդապետը տուաւ օրուան պատգամը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սիպիլ Արսէնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճօղլուի:

Արարողութիւններուն հետեւեցան Գարակէօզեան տան խնամակալութեան ատենապետ Արթին Քիլեճի եւ գործակից ընկերները, Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան եւ գործակից ընկերները, Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի ատենապետ Սարօ Պենկլեան եւ գործակից ընկերները, ինչպէս նաեւ կղզիի յունաց ճամբարի տնօրէն Տիամանտի Քումվոփուլոս, որ կազդուրման կայանի առկայ փակ վիճակին մէջ կը զօրակցի մեր համայնքի մանուկներու եւ պատանիներու ամրան արձակուրդի կարիքի դիմագրաւման ուղղութեամբ։ 

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։ Տեղի ունեցան յուշանուէրներու փոխանակումներ՝ մինչ բոլորը բիւր յարգանքով արտայայտուեցան ոգեկոչեալներու մասին եւ շնորհակալ զգացումներով շրջապատեցին Տիամանտի Քումվոփուլոսը, որու համագործակցութեան ոգին այնքան թանկ դրսեւորում կ՚ունենայ թրքահայութեան տեսակէտէ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 27, 2026