ՆԵՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՄԻՇՏ ԿԱ՛Ն

Նեղութիւններու մասին յաճախ խօսիլ, թերեւս ոմանք նեղութեան պատճառ համարեն եւ յոռետեսութիւն նկատեն, բայց անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, թէ նեղութիւնները կեանքի անբաժան երեւոյթներն են։ Եւ քանի որ նեղութիւնները կեանքէն անբաժանելի են, ապա ուրեմն ինչե՞ր են նեղութիւններու սպեղանիները եւ դարմանները։ Յիսուս յստակ կերպով կ՚ըսէ. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք…». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։ Ուրեմն, նեղութիւնը յաղթահարելու առաջին եւ ազդեցիկ գործօնը քաջութիւնն է։

Բայց նեղութիւնները յաղթահարելու երկրորդ կարեւոր մէկ միջոցը համբերութիւնն է։ Մարդ համբերատար ըլլալով, տոկալով կրնայ չէզոքացնել նեղութիւնը։ Արդարեւ, հոգեւոր եւ սուրբ համբերութեան տէր անձերու օրինակներ շատ են Աստուածաշունչի մէջ։ Ցանկին գլուխը կու գայ բնականաբար Աստուածորդին՝ Յիսո՛ւս, որուն կեանքը ամբողջութեամբ՝ կատարեալ եւ իտէալ համբերութեան գերագոյն տիպա՛րն է։

«Մտաբերեցէ՛ք Յիսուսը, որ համբերատար եղաւ մեղաւորներուն ա՛յսպիսի հակաճառութեան, որ չըլլա՛յ թէ յոգնիք եւ վհատիք դուք». (ԵԲՐ. ԺԲ 3)։ Ուստի, Պօղոս առաքեալ կը շարունակէ. «… նմանող եղէ՛ք անո՛նց, որոնք հաւատքով եւ համբերութեամբ ժառանգեցին խոստումները… Աբրահամ համբերութեամբ սպասելով՝ խոստումին հասաւ». (ԵԲՐ. Զ 12, 15)։

Մինչ այդ, Յակոբոս առաքեալ ա՛յսպէս կը յորդորէ. «Եղբայրնե՛րս, չարչարանքներու եւ համբերատարութեան օրինակ առէք մարգարէները…». (ՅԱԿ. Ե 10)։ Կարելի չէ անտեսել կամ մոռնալ, անշուշտ, Պօղոս առաքեալը՝ որ ինքզինք օրինակ կը ներկայացնէ Տիմոթէոսի, ըսելով. «Դուն տեղեակ եղար… համբերատարութեանս, սիրոյս, համբերութեանս». (Բ ՏԻՄ. Գ 10)։ Ուրեմն, կը տեսնուի, որ համբերատարութիւնը յանձնարարուած ճամբայ մըն է այս մասին։

Երբ կը խօսինք համբերութեան մասին, կ՚արժէ հոս հարցնել սա հարցումը.- ի վերջոյ ի՞նչ է համբերութեան կոչումը, կամ որոնք են համբերութեան իմաստները։ Ուստի, որո՞նք են անոր հոմանիշները, մերձիմաստները կամ հաւասարազօր նշանակութիւնները։ Այս ուղղութեամբ «համբերութիւն» բառը իրարու հոմանիշ գոնէ հինգ տարբեր իմաստ կրնայ թելադրել՝ կեանքի զանազան վիճակներու եւ պարագաներու համեմատ։

«Համբերութիւն» բառին ֆրանսերէնը՝ կու գայ լատիներէն «patientia» բառէն, որուն արմատն է՝ «pati», որ կը նշանակէ «տառապիլ»։ Համբերութիւնը, ուրեմն տառապանքի գաղափարն ալ կը թելադրէ, նուրբ տառապանք մըն է. ներքին մխացող կրակ մը՝ որուն բոցը չի տեսնուիր սակայն։

Համբերութիւն կը նշանակէ նախ՝ համբերել իր տառացի իմաստով- այսինքն՝ համբերութեամբ տանիլ, տոկալ կամ համբերատար ըլլալ. ինքնազսպել, չխռովիլ, «ակռայ սեղմել» առանց դառնութեան։

Երկրորդ՝ ան կը նշանակէ անհաճոյ կամ ցաւառիթ վիճակներու դիմաց տոկալ, դիմանալ, դիմադրել, չարքաշ ըլլալ, ամուր մնալ, խաղաղութիւնը պահել պաղարիւնութեամբ։ Համբերութիւնը յարատեւութեան գաղափարն ալ կրնայ ընդգրկել։

Երրորդ իմաստն է՝ նեղացուցիչ անձի մը հանդէպ երկայնամիտ ըլլալ, հանդուրժել, ներողամիտ գտնուիլ սիրոյ հոգիով։ Համբերութիւնը սէ՛ր կը պահանջէ։

Չորրորդ՝ ցաւ մը կամ նեղութիւն մը կրելու պարագային՝ չգանգատիլ, չտրտնջալ, չդժգոհիլ. ընդունիլ առանց ձայն հանելու, կամ ակռայ կրճտելու, նո՛յնիսկ համակերպիլ։ Հաշտ ըլլալ պարագաներուն։

Հինգերորդ նշանակութիւնն է՝ սպասել, բայց յոյսո՛վ սպասել, այն յոյսով՝ որ կրնայ բարեփոխուիլ՝ կացութիւն, պարագայ, վիճակ, անձ… Յոյսը ողնայա՛րն է համբերութեան, կանգուն եւ հաստատուն կը պահէ զայն, ա՛յնքան դիւրաբեկ եւ փխրուն է համբերութիւնը առանձինն։ Յոյսը օգնութեան կը հասնի համբերութեան, ա՛յնպէս ինչպէս փարոսը՝ ալեկոծեալ նաւուն՝ որ աղջամուղջին մէջ ուղեկորոյս կը խարխափի։

«Յոյսով ուրա՛խ եղէք, նեղութեան մէջ համբերեցէ՛ք». (ՀՌՈՎ. ԺԲ 12)։

Կ՚անցնին նեղութիւններ, բա՛ւ է, որ քաջ եւ համբերատար ըլլանք… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 25, 2026, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յուլիս 27, 2026