ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ՓՈՒԹԻՆ ԶՐՈՅՑ
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգի՝ մասնաւորապէս տնտեսական յարաբերութիւններու մէջ յառաջացած խնդիրներու վերաբերեալ։
Վարչապետ Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստանի մէջ արտադրուած ապրանքներու՝ դէպի Ռուսաստանի շուկայ արտածման սահմանափակումները կը հակասեն երկու երկիրներու իրաւապայմանագրային շրջանակին եւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) կարգաւորումներուն։ Ուստի, Փաշինեան խնդրեց, որպէսզի Փութին միջոցներու ձեռնարկէ՝ սոյն խնդիրները կարգաւորելու ուղղութեամբ:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի՝ Եւրոմիութեան անդամակցելու հարցով երկրէն ներս հանրաքուէի մը կազմակերպման, ապա Փաշինեան հեռախօսազրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ այս նիւթին։ Արդարեւ, Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան անդամ չորս երկիրներու ղեկավարները անցեալ մայիսի 29-ին ընդունած էին համատեղ յայտարարութիւն մը այս նիւթին շուրջ։ Նիկոլ Փաշինեան այս կապակցութեամբ ընդգծեց, որ այդպիսի հանրաքուէի մը կազմակերպումը գործնականին մէջ հնարաւոր է միայն Եւրոմիութեան անդամակցելու համար Հայաստանի կողմէ պաշտօնական դիմումի մը կատարման եւ նիւթի առարկայական դարձուելէն վերջ։
Միեւնոյն ժամանակ, Փաշինեան ընդգծեց բաց, գործընկերային եւ բարեկամական երկխօսութեան միջոցով նշուած հարցերը լուծելու Հայաստանի կառավարութեան պատրաստակամութիւնը:
Հայկական լրահոսի մէջ տեղ կը գտնեն նաեւ այս հեռախօսազրոյցի վերաբերեալ ռուսական կողմի հաղորդումները: Այսպէս, Քրեմլինի կողմէ տեղեկացուեցաւ, որ Փաշինեան-Փութին հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցած է հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ։ Այսպէս, Փութին վերահաստատած է անցեալ մայիսի 29-ին, Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան գագաթաժողովին ժամանակ ընդունուած յայտարարութեան դրոյթները:
Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութենէն վերջ, յաջորդ շաբթուայ սկիզբին նորընտիր խորհրդարանը պիտի գումարէ իր անդրանիկ նիստը։ Ընտրութիւններուն յաջորդած մթնոլորտին մէջ օրակարգի վրայ է Նիկոլ Փաշինեանի եւ Վլատիմիր Փութինի միջեւ հաւանական դէմ առ դէմ հանդիպում մը: