ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՆ ԿԸ ՏՐՏՄԻ ԵՐԲ…

Երբ հաւատացեալին սրտին մէջ յառաջ բերած մղումները կը կաշկանդուին կամ կը խափանուին՝ Սուրբ Հոգին կը տրտմի. «Ո՛վ խստապարանոցներ եւ սրտով եւ ականջով չթլփատուածներ, դուք ամէն ատեն Սուրբ Հոգիին հակառակ կը կենաք, ինչպէս ձեր հայրերը՝ ա՛յնպէս ալ դուք», կ՚ըսէ Ստեփանոս. (ԳՈՐԾ. Է 51)։ Արդարեւ, Սուրբ Հոգին տրտմեցնող աւելի քան վաթսուն կէտեր կարելի է նկատել Սուրբ Գիրքին մէջ։ Արդարեւ, Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Եւ Աստուծոյ Սուրբ Հոգին մի՛ տրտմեցնէք, որով դուք կնքուեցաք փրկութեան օրուան համար». (ԵՓԵՍ. Դ 30)։

Այս ուղղութեամբ Սուրբ Գիրքէն օրինակներ կարելի է ներկայացնել՝ որոնք կը տրտմեցնեն Սուրբ Հոգին։

Մեր առօրեայ յարաբերութիւններու մէջ անպարկեշտութիւնը կրնայ տրտմեցնել Սուրբ Հոգին. «Բայց հիմա ձեզի գրեցի չխառնուիլ, այսինքն եթէ եղբայր մը՝ կա՛մ պոռնիկ ըլլայ, կա՛մ ագահ, կա՛մ կռապաշտ, կա՛մ նախատող, անոր հետ ալ հաց մի՛ ուտէք։ Որովհետեւ ի՞նչպէս դուրսինները դատեմ։ Չէ՞ որ դուք ներսինները կը դատէք, իսկ դուրսինները Աստուած պիտի դատէ. ուստի չարը ձեր մէջէն վերցուցէք». (Ա ԿՈՐՆԹ. Ե 11-12)։ «Հին մարդ»ուն պատկանող որեւէ բան՝ Սուրբ Հոգին կը տրտմեցնէ։

Բամբասանք եւ ամէն չարախօսութիւն կը տրտմեցնեն Սուրբ Հոգին։ «Մէկզմէկ մի՛ բամբասէք. ան որ իր եղբայրը կը բամբասէ կամ եղբայրը կը դատէ, օրէնքը կը բամբասէ եւ օրէնքը կը դատէ։ Եթէ օրէնքը դատես, ա՛լ դուն օրէնքը կատարող չես, հապա դատաւոր». (ՅԱԿՈԲ. Դ 11)։ Ուստի, եթէ մարդիկ գէշ կողմեր ունին, լաւ կողմեր ալ ունին։ Եթէ անպատճառ պէտք է խօսիլ իրենց մասին՝ ապա ուրեմն լաւ կողմերը նիւթ ընել աւելի նախընտրելի պէ՛տք է ըլլայ։

Երբ դիտումնաւոր կերպով երկիմաստ եւ մերձիմաստ բառեր կը գործածուի՝ խօսակիցին մտքին մէջ պէտք չէ՛ կասկած մնայ գործածուած բառին նշանակութեան մասին։ «Իրարու սուտ մի՛ խօսիք, հին մարդը իր գործերովը ձեր վրայէն հանեցէ՛ք». (ԿՈՂ. Գ 9)։

Կեղծաւորութիւնն ալ կը տրտմեցնէ Սուրբ Հոգին։ Երբ մարդուն խորհածները եւ խօսքերը չեն համաձայնիր. երբ խօսքերը եւ ըրածները չեն համաձայնիր, անկեղծ չէ՛ ան։ Ուստի, մարդ երբ մէկը իր երեսին, բայց իր ըսածին ինք ալ չի հաւատար՝ ասիկա «կեղծաւորութի՛ւն» է։ Աստուած մտիկ կ՚ընէ մեր խօսքերը։ «Բայց Ան՝ որ հոգեւոր է՝ ամէն բան կը քննէ եւ Ինք մէկէն չի՛ քննուիր». (Ա ԿՈՐՆԹ. Բ 15), եւ «Քանզի մենք շատերուն պէս չենք, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը խարդախեն, հապա կը խօսինք անկեղծութեամբ, որպէս թէ Աստուծմէ ղրկուած ենք եւ Աստուծոյ առջեւ կը խօսինք Քրիստոսով». (Բ ԿՈՐՆԹ. Բ 17)։ Ուստի եւ հաւատացեալը պէտք է «թափանցիկ» ըլլայ՝ ներսը դուրսը մէ՛կ։

Ինքնահաւանութիւն, հպարտութիւն, ամբարտաւանութիւն, մեծամտութիւն, փառասիրութիւն՝ Սուրբ Հոգին կը տրտմեցնէ. «Եթէ մէկը աշխարհը կը սիրէ, անոր ներսիդին Հօրը սէրը չկայ, քանի որ ամէն բան որ աշխարհի մէջ է՝ մարմնի ցանկութիւնը եւ աչքերուն ցանկութիւնը եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը՝ Հօրմէն չէ, հապա այս աշխարհէն է». (Ա ՅՈՎՀ. Բ 16)։ «Սակայն աւելի շնորհք կու տայ, անոր համար կ՚ըսէ.- Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ». (ՅԱԿՈԲ. Դ 6)։ «Կոտորածէն առաջ մարդուն սիրտը կը հպարտանայ. բայց փառքին առջեւէն խոնարհութիւն կ՚երթայ». (ԱՌԱԿ. ԺԸ 12)։ «Մէկդի՛ կեցիր, ինծի մի՛ դպչիր, քանզի ես քեզմէ սուրբ եմ». (ԵՍ. ԿԵ 5)։

Տակաւին կան շատ օրինակներ… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 27, 2026, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յուլիս 28, 2026