ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԵՒ ՀԻՆԳ ՍՐԲԱԶԱՆԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔԸ ԴԱՏԱԽԱԶՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ՈՒՂԱՐԿՈՒԵՑԱՒ ԴԱՏԱՐԱՆ

Հայաստանի մէջ, իշխանութիւններուն կողմէ ձեռնարկուած հակաեկեղեցական տխուր արշաւի դրսեւորումները կը շարունակուին։ Երէկ, երկրի դատական իշխանութիւնները մեղադրանք առաջադրեցին Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ հինգ եպիսկոպոսներու դէմ։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետի եւ վեց եպիսկոպոսներու վերաբերեալ քրէական գործով մեղադրական եզրակացութիւնը դատախազութեան կողմէ հաստատուեցաւ եւ ուղարկուեցաւ դատարան։ Այս մասին «Դատալեքս» տեղեկատուական համակարգին վրայ հրապարակում կատարուած է։

Երէկուան դրութեամբ, այս գործը մուտքագրուեցաւ Արմավիրի մարզի Ընդհանուր իրաւասութեան ատեան եւ մակագրուեցաւ դատաւոր Յակոբ Մանուկեանին։ Դատարան ուղարկուած գործով մեղադրեալի կարգավիճակի մէջ են՝ Նորին Սրբութիւնը, ինչպէս նաեւ Նաթան, Հայկազուն, Մակար, Յովնան եւ Մուշեղ սրբազանները։ 

Հարկ է յիշեցնելնել, որ Վեհափառ Հայրապետին դէմ քրէական հետապնդում յարուցուած էր՝ Արման Սարոյեանի գործով իբր թէ դատավճիռը չկատարելու վերաբերեալ քրէական վարոյթի շրջանակներէ ներս։ Մասնաւորապէս, Մասիացոտնի թեմի նախկին առաջնորդ Տ. Գէորգ եպսկ. Սարոյեան, որ վաղուց եղած է կարգալոյծ եւ իր աւազանի անունն է Արման Սարոյեան, հայցադիմում ներկայացուցած է՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ՝ պահանջելով անվաւէր ճանչնալ Մասիացոտնի թեմի առաջնորդի պաշտօնէն զինքը ազատելու վերաբերեալ Նորին Սրբութեան Հայրապետական տնօրինութեան դէմ եւ որպէս հետեւանք պահանջած է վերականգնել Մասիացոտնի թեմի առաջնորդի իր պաշտօնը։ 

Այս հայցադիմումը ընդունուած է Արմավիրի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան ատեանի վարոյթէն, դատաւոր Էտկար Յովհաննիսեանի կողմէ։ Այս վերջինը նաեւ բաւարարած է հայցի ապահովումը կիրառելու մասին միջնորդութիւնը՝ ժամանակաւորապէս վերականգնելով կարգալոյծ եպիսկոպոսը՝ Մասիացոտնի թեմի առաջնորդի պաշտօնին մէջ՝ մինչեւ այս գործով վերջնական դատական վճռի արձակումը: 

Այս որոշումը յետոյ իրաւապահները քրէական վարոյթի նախաձեռնած են՝ իբր թէ դատավճիռը չկատարած ըլլալու համար եւ այս բանին հետեւանքով Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներու դէմ քրէական հետապնդումներ յարուցուած են, արգիլուած է անոնց ելքը Հայաստանի Հանրապետութենէն։ 

Անցեալ փետրուարի 14-ին յայտնի դարձած էր, որ քրէական հետապնդում յարուցուած է նաեւ Վեհափառ Հայրապետին դէմ, որու նկատմամբ եւս խափանման միջոց կիրառուած է բացակայելու արգելքը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2026