ՃԱԿԱՏԱԳՐՈՎ ՄԱԷՍԹՐՈՆ

«Շնորհակալ եմ Աստծուոյ, որ ինձ ունակութիւն տուած է երաժիշտ ըլլալու ու շփուելու հոգեւորի հետ», կ՚ըսէ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ, Հայաստանի Պետական քամերային երգչախումբի խմբավար եւ գեղարուեստական ղեկավար Ռոպերթ Մլքէեան:

Հայաստանի սրտին՝ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ ծնած է մաէսթրոն, որու 65-ամեակն է ահա: Ծնողներու բարեկիրթ դաստիարակութեան շնորհիւ՝ ան ընդունուած է երաժշտական դպրոց, ուր սորված է ջութակ նուագել: Սակայն, հօր բաղձալի ցանկութիւնն էր որդին տեսնել սեմֆոնիք նուագախումբի խմբավարական վահանակի մօտ:

Մաէսթրոն վստահ է, որ իր կեանքին մէջ ամէն բան ի վերուստ է որոշուած է: Նախախնամութիւն: Ճակատագիր: Հայրը այլեւս հովանաւորն էր երկնքէն: Ռոպերթ Մլքէեան ընդունուած է Սեն Փեթերսպուրկի երաժշտանոց, ուր ուսանած է օփերային, սեմֆոնիք խմբավարութիւն ու երգչախմբային խմբավարութիւն: Բարեբախտութիւն է… Ակադեմական փայլուն կրթութիւն ստանալէ յետոյ, ան վերադարձած է Հայաստան, ուր ուսումը շարունակած է Երեւանի «Կոմիտաս» պետական երաժշտանոցի ասպիրանտուրայի մէջ՝ Էմին Խաչատրեանի մօտ: Մլքէեան իրեն յատուկ բարի ու մեղմ ժպիտով կը յիշէ դասախօսն ու այդ երանելի տարիները, Էմին Խաչատրեանի ներկայութիւնը իր կեանքին մէջ՝ համարելով նուէր Բարձրեալէն:

Տաղանդաշատ մաէսթրոն 1992 թուականին կը հրաւիրուի Կիւմրի՝ ղեկավարելու տեղի սեմֆոնիք նուագախումբն ու քամերային երգչախումբը: Հայրաքաղաքը գրկաբաց կ՚ընդունի Ռոպերթ Մլքէեանը, որ իր հերթին, կը ներդրէ ողջ ներուժը: Կը նուիրուի: Փեթերսպուրկի ակադեմական կրթութեան դասականի ու հոգեւորի, բարձր արժանիքներու ուղենիշով, իր բարոյական կերպարով ան կը ստեղծէ նոր որակ եւ նորովի զարկ կու տայ Կիւմրիի երաժշտական մշակութային կեանքին: Իրեն յատուկ մեծ պատասխանատուութեան, ուժեղ կամքի, անմնացորդ աշխատասիրութեան շնորհիւ, 1993 թուականին, պետական կարգավիճակ կը ստանայ Կիւմրիի սեմֆոնիք նուագախումբը, որ կը գործէ առ այսօր: Մաէսթրոն նուագախումբը ղեկավարած է մինչեւ 2000 թուականը: Այժմ վսեմութեամբ ու աղօթքներով՝ Երեւանէն կը հետեւի, կ՚աջակցի, կ՚ուրախանայ նուագախումբի իւրաքանչիւր յաջողութեամբ: Այդ տարիներուն, իսկ աւելի ճշգրիտ՝ 1995 թուականին, Ռոպերթ Մլքէեան կը հիմնէ «Հայ ֆոլք» վոքալ անսամպլը, որ առանձնակի յաջողութիւն արձանագրած է: Հիւրախաղերով ու համերգային գործունէութեամբ կը հիացնէ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ արտերկրի հանդիսատեսը:

Մաէսթրօ Մլքէեանի ստեղծագործական կեանքի կարեւոր բարձրակէտերէն է 2000 թուականին Հայաստանի քամերային երգչախումբի ստեղծումն ու հիմնումը: Այս մէկը ո՛չ միայն իր, այլ նաեւ հայ ազգի ձեռքբերումն է: Ներկայանալի, մեծարժէք մշակութային գործող օրգանիզմ է՝ իր ողջ հմայքով ու գեղագիտական բարձրաճաշակ արուեստով: 2008 թուականին Հայաստանի Քամերային երգչախումբը կը ստանայ պետական կարգավիճակ:

Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորուհի, յայտնի բարեգործ քոյր Արուսեակի խնդրանքով ու հոգածութեամբ՝ Ռոպերթ Մլքէեան կը վերաստեղծէ «Տիրամայր Հայաստան» երգչախումբը: Մաէսթրոն սրտի յուզմունքով կը խօսի ու կը պատմէ այս երգչախումբի մասին: Ան իր երեխաները կը համարէ երգչախումբի աղջիկները: «Տիրամայր Հայաստան»ը ամենամեծ յաջողութիւնը արձանագրեց՝ 2015 թուականին, Հռոմի մէջ երգած պատարագով, որու ընթացքին պատարագիչն էր Հռոմի պապը: 2016 թուականին, երբ Հռոմի պապը եկած էր Կիւմրի, նախքան պատարագ մատուցելը խնդրած էր, որ ինչպէս Հռոմի, այնպէս ալ Կիւմրիի մէջ «Տիրամայր Հայաստան» երգչախումբը երգէ պատարագը: Անմոռանալի ու հրաշալի անցած են այս խումբի հիւրախաղերը եւրոպական երկիրներու մէջ:

Ռոպերթ Մլքէեան իր արուեստին մէջ վառ ու տարբերուող անհատականութիւն մըն է՝ օժտուած մարդկային ազնուագոյն յատկանիշներով: Անոր հոգիի ջերմութիւնն ու սրտի բարութիւնը ակնյայտ դրոշմուած են իր իսկ գործերուն մէջ: Եւ ուր որ յայտնուի բարձր մտաւորականը, այնտեղ կը ծաղկի, կ՚արթննայ երաժշտութեան կախարդանքը: Մեծ վարպետութեամբ, բարձրագոյն չափանիշով ու կատարեալի սահմաններու մէջ կ՚արարէ մաէսթրոն: Ունենալով հոգիի առատաբեր հարստութիւն, երաժշտա-խոհափիլիսոփայական իւրայատուկ մտածողութիւն, ան առասպելական կերպով կը ներկայացնէ ու իւրաքանչիւրի սրտին հասանելի կը դարձնէ երաժշտութեան բարձրարուեստ նմոյշները, բացայայտելով՝ անբացատրելի լաբիւրինթոսը:

Ռոպերթ Մլքէեանի կատարողական արուեստի բարձրագոյն մեկնաբանութեամբ, իմաստուն ղեկավարի աստուածատուր ձիրքի շնորհիւ՝ երաժշտութիւնը կը հնչէ իբրեւ աղօթք՝ հասնելով ու անցնելով վերերկրայինը: Անոր կատարողական ձիրքին շնորհիւ՝ ակամայ թէ՛ հայ եւ թէ օտար հանդիսականը, մեր օրերէն կը տեղափոխուի մինչեւ նախաքրիստոնէական դարաշրջան: Շրջագայելով ու ծանօթանալով հոգեւոր ու աշխարհիկ իրադարձութիւններուն, կը հատէ անցեալի ու ներկայի վերացական խաչմերուկը: Եւ աշխարհն է սկզբնաղբիւրը հոգեւորի: Մենք ունինք հսկայական մշակութային ժառանգութիւն՝ սաղմոսներ, շարականներ, տաղեր, գանձեր: Ունինք Մեսրոպ Մաշտոց, Ներսէս Շնորհալի, Նարեկացի, ունինք Կոմիտաս Վարդապետ:

Մաէսթրոն ո՛չ միայն փայլուն մասնագէտ ու ստեղծագործող մըն է, այլեւ Հայաստանի համար մտածող մտաւորական, մշակութային ժառանգութեան պահպանող, տարածող ու փոխանցող, հրաշալիի ջատագով, բարձրարժէք հայ։ Ան հմուտ վարպետութեամբ, կատարեալ ողջամտութեամբ իր կերտած արուեստը կը հասցնէ համամարդկային հնչեղութեան: Անուրանալի է անոր նուիրումն ու ներդրումը երաժշտական մշակութային կեանքէն ներս: Ռոպերթ Մլքէեան Հանովերի մէջ կայացած «EXPO 2000» համաշխարհային ցուցահանդէսի հայաստանեան օրերու երաժշտական մասի գեղարուեստական ղեկավարը եղած է: Յատկանշական է Հայաստանի Պետական քամերային երգչախումբի բուռն գործունէութիւնը՝ իր երեսուն մշակութային զինուորներով, մասնաւորապէս մասնաճիւղի տնօրէն, Հայաստանի Հանրապետութեան արուեստի վաստակաւոր գործիչ Արմէն Արաբեանի անձնուրաց, նուիրական յաղթարշաւով երթը արդէն իսկ դուրս եկած է միջազգային ասպարէզ: Երգչախումբի առաքելութիւնն է նոր շունչ հաղորդելով՝ հանրահռչակել խմբերգային արուեստի բարձրագոյն նմոյշները որպէս ազգային ինքնութիւն ու համամարդկային արժէք՝ կապելով մշակութային կամուրջ դէպի աշխարհ:

Համերգներով հանդէս եկած է աշխարհի տարբեր երկիրներու, հեղինակաւոր դահլիճներու մէջ. ինչպէս՝ Պերկամոյի Տոնիցեթթի օփերային թատրոնը, Սեն Փեթերսպուրկի «Սպիտակ» դահլիճը, Սթրազպուրկի Եւրոխորհուրդի համերգային դահլիճը, նաեւ պատմական նշանակութեամբ տաճարներ: Աշխարհահռչակ «ECM records» ձայնագրման սթիւտիոյի կողմէ Հայաստանի Պետական քամերային երգչախումբը ձայնագրած է Տիգրան Մանսուրեանի «Ars Poetica» երգչախմբային քոնչերթոն, որ թողարկուած է իբրեւ ձայներիզ եւ արժանացած է համաշխարհային երաժշտական հանրութեան բարձր գնահատանքին՝ ստանալով հինգ աստղ: Ընդգրկուած է նաեւ «The Gramaphone» հեղինակաւոր անգլիական դասաւորման մէջ: Կոմիտասի խմբերգներու հոգեւոր ու աշխարհիկ ստուար ընտրանին՝ նուիրուած վարդապետի ծննդեան 140-ամեակին, ձայնագրուած Սաղմոսավանքի մէջ՝ ճանաչուած է լաւագոյնը: Այս բոլորը արձանագրած է ո՛չ միայն գեղարուեստական, այլեւ բարձրարժէքային նշանակութեան միտումով. ուրոյն տեղ ամրագրելով հայկական երաժշտամշակոյթին համաշխարհային մշակութային տիրոյթին մէջ: 

Արուեստագէտի ճշգրիտ ստեղծագործական գործունէութեան շնորհիւ այսօր ունինք երաժշտական մտածողութեամբ ու կիրթ հանդիսատես:

Ան արուեստագէտ է ի վերուստ: Մաէսթրօ Ռոպերթ Մլքէեան աներկբայօրէն կը վայելէ ժողովուրդի սէրն ու համակրանքը: Այդ մէկուն կը վկայեն իւրաքանչիւր համերգի ընթացքին եւ աւարտին չդադարող ծափերը, մարդկանց ջերմագին ընդունելութիւնը եւ հադիսատեսի հոսքը դէպի ետնաբեմ՝ մէկ լուսանկարի, ողջագուրման, շնորհակալութեան համար:

Գրութեանս վերջ կու տամ տաղանդաշատ մաէսթրոյի խօսքերով.

«Կը խնդրեմ Արարիչէն, որ երբեւէ խոչընդոտներ չստեղծուին մարդկանց համար, որովհետեւ մարդկութիւնը առանց այդ ալ տանջուած է։

«… Երանի օր մըն ալ մենք որպէս ազգ կը վերականգնինք»։

ՄԱՐԻԱՆՆԱ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

(Արեւմտահայերէնի փոխադրուած)

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2026